Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Դեկտեմբեր 14, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակին Մէջ Եղիշէ Չարենցի Ծննդեան 125-Ամեակին Առիթով Հանդիպում-Զրոյց` Դաւիթ Գասպարեանի Հետ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, դեկտեմբեր 9-ին Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին մէջ կայացաւ հանդիպում-զրոյց բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Դաւիթ Գասպարեանի հետ:

Հանդիպումը կազմակերպուեցաւ Դաւիթ Գասպարեանի կողմէ վերջերս հրատարակուած «Եղիշէ Չարենցի կեանքը եւ ժամանակը» գիրքին առիթով: Գիրքին շուրջ ծաւալեցաւ անմիջական զրոյց, խօսուեցաւ Չարենցի կեանքին եւ գործունէութեան առնչուող այնպիսի իրողութիւններու մասին, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը ներառուին գիրքին մէջ:

Դաւիթ Գասպարեան անդրադարձաւ նաեւ Չարենց-Դաշնակցութիւն փոխյարաբերութիւններուն եւ այդ նիւթին առնչուող դէմքերուն ու իրադարձութիւններուն:

Զրոյցի ընթացքին ներկաները կարելիութիւն ունեցան կիսուելու իրենց կարծիքն ու մտորումները:

Դաւիթ Գասպարեան տեղեկացուց, որ նշեալ գիրքին յաջորդող եւս երկու հատորներ արդէն իսկ պատրաստ են ներկայացուելու ընթերցողներու դատին: Այս մասին հաղորդեցին Համազգայինի Երեւանի գրասենեակէն իրենց Դիմատետրի էջով:

Մեկնարկեց Արամ Խաչատրեանի Անուան 10-րդ Միջազգային Փառատօնը

Երեւանի մէջ մեկնարկեց Արամ Խաչատրեանի անուան 10-րդ միջազգային փառատօնը: Բացման համերգի ընթացքին Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին հետ ելոյթ ունեցաւ թաւջութակահար Սեւակ Աւանեսեանը, իսկ երեկոն ղեկավարեց խմբավար Ճորճ Փեհլիւանեանը:

Սենեկային նուագախումբէն յայտնեցին, որ մայեսթրօ Փեհլիւանեան Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ հանդէս եկաւ շուրջ 30 տարի ընդմիջումէ ետք, եւ ինչպէս կը խոստովանի մայեսթրոն, որ կը վերապրի իր այն յուշերը, որոնք զգացած ու ապրած է 30 տարի առաջ, նոյն բեմին վրայ: «Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին հետ ելոյթ կ՛ունենամ ընկերոջս` յարգելի երաժիշտ Սերգէյ Սմբատեանի առաջարկով, որ կ՛իրագործեմ մեծ հաճոյքով: Իսկապէս շատ տպաւորուած եմ նուագախումբի երաժիշտներուն հետ համագործակցելով, անոնք լուրջ պատրաստուածութիւն ունին: Հպարտ եմ Սերգէյ Սմբատեանով, կը մաղթեմ անոր յաջողութիւն, որպէսզի կարենայ միշտ բարձր պահել հայ ազգին պատիւը աշխարհի մէջ», ըսաւ Ճորճ Փեհլիւանեան: Ան նաեւ ընդգծեց, որ ուրախ է ելոյթ ունենալով Ա. Խաչատրեանի անուան փառատօնի ծիրին մէջ: Խաչատրեանը, ըստ խմբավարին, դասական երաժշտութեան մէջ իր պատմական տեղը ունի Շոսթաքովիչի, Փրոկոֆեւի կողքին: Փեհլիւանեանը նոյնպէս մնայուն կը ներկայացնէ Ա. Խաչատրեանի արուեստը աշխարհի տարբեր բեմերու վրայ ու տարբեր նուագախումբերու հետ: Մասնաւորապէս քանի մը տարի առաջ Իսրայէլի մէջ կայացաւ Խաչատրեանին նուիրուած փառատօն, Սպանիոյ մէջ ներկայացուեցան հայ մեծահամբաւ երաժշտահանին գործերը, Պելճիքայի մէջ Ա. Խաչատրեանի 3-րդ սիմֆոնիան առաջին անգամ հնչեց Փեհլիւանեանի ղեկավարութեամբ եւ այլն:

Ա. Խաչատրեանի անուան փառատօնի բացման նուագահանդէսը նուիրուած էր թաւջութակահարուհի Մեդէա Աբրահամեանի 90-ամեակին: Սեւակ Աւանեսեան անոր աշակերտներէն է: «Մեդէա Աբրահամեան առասպել է: Փոքր տարիքէս ունէի անոր բոլոր ձայնագրութիւնները: Երբ 10 տարեկան էի, հայրս ըսաւ` պիտի երթանք, որպէսզի Մեդէա Աբրահամեանին համար նուագես, քիչ մը վախցայ, պատասխանատուութիւն էր այդպիսի մեծութեան առջեւ նուագելը: Զարմանալիօրէն յաջող նուագեցի: Ինծի համար ծնող ուսուցիչ էր: Մեծ ուսուցիչին հետ աշխատիլը հսկայական հետք ձգեց ապագայիս վրայ: Եւ այսօր ինչ որ կ՛իրականացնեմ մասնագիտական ոլորտի մէջ, մեծ մասամբ Մեդէա Աբրահամեանին շնորհիւ է», նշեց Սեւակ Աւանեսեան:

Թաւջութակահարը խաչատրեանական փառատօնի ընթացքին կատարեց Սերգէյ Փրոկոֆեւի սիմֆոնիա-կոնցերտը: Ինչպէս նշեց Սեւակ Աւանեսեան, այս քոնչերթոն Փրոկոֆեւի վերջին ստեղծագործութիւնն է, որ քիչ կը ներկայացուի իր ծաւալին եւ թեքնիք դժուարութիւններուն պատճառով: Հայաստանի մէջ այս ստեղծագործութիւնը վերջին անգամ հնչած է մօտաւորապէս 20 տարի առաջ: Թաւջութակահարը կ՛ընդգծէ, որ ուրախ է Փրոկոֆեւի ամբողջ ստեղծագործական կեանքը խտացնող քոնչերթոն հայ ունկնդիրին մատուցելու համար:

Խաչատրեանի անուան յոբելենական փառատօնը, որ նախաձեռնուեցաւ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբի կողմէ, պիտի շարունակուի մինչեւ 20 դեկտեմբեր: Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբի տնօրէն Սարգիս Բալբաբեան ընդգծեց, որ փառատօնի շրջանակին մէջ կը ներկայացուին Արամ Խաչատրեանի եւ բազմաթիւ այլ հեղինակներու գործերը: Կը հնչեն նաեւ անդրանիկ կատարումներ, մասնաւորապէս Ֆրիտրիխ Կուլտայի թաւջութակի եւ փողային նուագախումբի համար գրուած քոնչերթոն, որ ճազային եւ դասական ոճերու հետաքրքրական միաձուլում է: «Հայաստանի մէջ առաջին անգամ հանդէս պիտի գայ դաշնակահար Մասսիմօ Սփատան, որ պիտի կատարէ Խաչատրեանի դաշնակային քոնչերթոն: Փառատօնի գլխաւոր նպատակը Խաչատրեանի երաժշտութեան, անոր յօրինողական ժառանգութեան հանրահռչակումն է մեր երկրին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս: Շատ ուրախ ենք, որ Մասսիմօ Սփատան մեր առաջարկով առաջին անգամ ըլլալով պիտի կատարէ Արամ Խաչատրեանի դաշնակի ներկայացումը», ըսաւ Սարգիս Բալբաբեան:

Հաղորդենք, որ Ա. Խաչատրեանի անուան 10-րդ միջազգային փառատօնի իրականացման կ՛աջակցի Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը: Փառատօնին գլխաւոր հովանաւորն է Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանը, գլխաւոր գործընկերը` Երեւանի քաղաքապետարանը, իսկ հովանաւորը` Երեւանի քոնեաքի գործարանը:

«Ֆիկարօ»-ի Դեկտեմբերի Թիւը Նուիրուած Է Հայ Ժողովուրդին

Ֆրանսական «Ֆիկարօ» շաբաթաթերթը իր «Ֆիկարօ- Պատմութիւն» ամսաթերթի դեկտեմբերի թիւը նուիրած է հայ ժողովուրդի պատմութեան: Ամսաթերթին կողքը ֆրանսահայ յայտնի լուսանկարիչ Անթուան Աքուճեանի հեղինակած լուսանկարն է: Ամսագիրի ամբողջ թիւը ունի հետեւեալ խորագիրը` «Հայաստան. պատմութեան փորձութեան ենթարկուած ազգ. ողբերգութիւն եւ յոյս»:

Ամսաթերթին մէջ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի պատմութեան տարբեր էջերուն եւ դրուագներուն` հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, հակամարտութիւններու պատմութեան, Արցախի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի հետեւանքներուն:

Ամսաթերթին մէջ տեղ գտած են զանազան լուսանկարիչներու տարբեր ժամանակներու գործեր, իսկ բովանդակութեան հեղինակները թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար հեղինակաւոր պատմաբաններ են:

44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին կատարուած անդրադարձին մէջ օգտագործուած են Անթուան Աքուճեանի լուսանկարները:

Բացի «Ֆիկարօ-Պատմութիւն» ամսաթերթէն, «Ֆիկարօ»-ն նոյեմբերին իր ելեկտրոնային էջին վրայ անդրադարձած է նաեւ հայկական «Ողջ մնալու արուեստ» ռազմական հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութեան` դարձեալ Անթուան Աքուճեանի լուսանկարներով: Էլիզապէթ Փիերսընի հեղինակութեամբ ներկայացուած են հայկական այս կազմակերպութեան գործունէութենէն դրուագներ եւ կազմակերպութեան նախագահ Վովա Վարդանովի հետ հարցազրոյց մը: Նկարահանումները կատարուած են աշխատանքներու ընթացքին, որոնց մէջ ներգրաւուած են զանազան ոլորտներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Հայաստանի Ժողովրդական Նկարիչ Անատոլի Աւետեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան  նախարար Վահրամ Դումանեան դեկտեմբեր 10-ին ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Անատոլի Աւետեանի` «Իմ ժամանակի մեծերը» խորագրով դիմանկարներու ցուցադրութեան բացումին:

Այս առիթով նախարարը շնորհաւորելէ ետք Անատոլի Աւետեանը անոր հետ շրջեցաւ եւ հանգամանալից ծանօթացաւ վարպետին աշխատանքներուն եւ գործունէութեան:

Ցուցահանդէսին ներկայացուեցաւ մօտաւորապէս 30 աշխատանք, որոնք հեղինակին 2022 թուականի ստեղծագործութիւններն են: Ցուցադրուեցան` Մարտիրոս Սարեանի, Մինաս Աւետիսեանի, Շարլ Ազնաւուրի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Յարութիւն Կալենցի, Առնօ Բաբաջանեանի, Վիքթոր Համբարձումեանի, Սերգէյ Փարաճանովի, Տիգրան Պետրոսեանի, Պարոյր Սեւակի, Վազգէն Առաջինի, Սերգէյ Տովլաթովի, Հրանդ Մաթեւոսեանի, Յովհաննէս Բաղրամեանի, Լուսինէ Զաքարեանի եւ այլոց դիմանկարները:

Նշենք, որ ցուցահանդէսին ներկայ գտնուեցան` արուեստագէտներ, մտաւորականներ եւ արուեստասէր հանրութիւն:

Տեղի Ունեցաւ Ա. Սպենդիարեանի Տուն–Թանգարանի 55-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Ա. Սպենդիարեանի տուն-թանգարանի դահլիճին մէջ դեկտեմբեր 9-ին տեղի ունեցաւ տուն-թանգարանի 55-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն: Ձեռնարկին հրաւիրուած էին` գործընկեր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, Ա. Սպենդիարեանի տուն-թանգարանի բարեկամ մշակոյթի գործիչներ եւ գիտական խորհուրդի անդամներ ու նախկին աշխատակիցներ:

Բացման խօսքին մէջ տուն-թանգարանի տնօրէն Մարինէ Օթարեան շնորհաւորեց հիւրերը Երեւանի մէջ առաջին երաժշտական յուշային թանգարանի բացման տարեդարձին առիթով եւ կարեւոր նկատեց աշխատակիցներուն դերը մշակութային այս կարեւոր կեդրոնի կայացման գործին մէջ: Ներկայացուեցաւ «55-ամեայ թանգարանի պատմութիւնը «Լուսանկարներու խճապատկերի մէջ» խորագրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսը: Ա. Սպենդիարեանի ժառանգութեան հանրահռչակման գործին մէջ տուն-թանգարանին դերը արժեւորող խօսքով եւ բարեմաղթութիւններով հանդէս եկան` Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի փրոֆեսէօրներ Արմէն Բուդաղեանը եւ  Դաւիթ Ղազարեանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արուեստի հիմնարկի տնօրէն Աննա Ասատրեանը, Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Վալմարը, Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Ռուզան Սարեանը, երգահան Ռոպերթ Ամիրխանեանը, որ յանպատրաստից եւ սրտաբուխ կատարեց «Անանձնութիւն» երգը: Ցուցադրուեցաւ թանգարանի գիտաշխատող Ինեսսա Խաչատրեանի հեղինակած «55 քատր` 55-ամեայ թանգարանէն» տեսաժապաւէնը, որ կը ներկայացնէր տուն-թանգարանի կէս դարէն աւելի շարունակուող տարեգրութիւնը:

Սպենդիարեանական երկերու` փողային նուագարաններու համար փոխադրումներով հանդէս եկան` Թամար Յարութիւնեանը (ֆլեյտա), Վարդգէս Յովհաննիսեանը (ֆագոտ), Էրիկ Գրիգորեանը (հոպոյ) եւ Կատարինէ Յովսէփեանը (դաշնակ):

Թանգարանին կողմէ շնորհակալագրեր յանձնուեցան թանգարանի նախկին աշխատակիցներու, գիտաշխատողներու` Կարինէ Մարգարեանի, Սարգիս Յովհաննիսեանի, ինչպէս նաեւ թանգարանի նորեկ գիտաշխատող Կատարինէ Յովսէփեանի:

Տօնական օրն ու տրամադրութիւնը ամփոփուեցան եւ ամբողջացան խմբային լուսանկարներով:

«Արարատ» Թանգարանը Կը Հրաւիրէ Ճամբորդութեան` Դէպի Հայկական Քոնեաքներու Աշխարհ

«Արարատ» թանգարանը կը հրաւիրէ բոլորը` կատարելու բացայայտումներով լի ճամբորդութիւն մը դէպի «Արարատ» հայկական քոնեաքներու աշխարհ: Դեկտեմբեր 17 եւ 18-ը յայտարարուած են բաց դռներու օրեր:

Այս ծիրէն ներս «Արարատ» թանգարանը կը ներկայացնէ հայկական քոնեաքագործութեան 135-ամեայ պատմութիւնը, քոնեաքի պատրաստման առեղծուածային գործընթացը եւ տարիներու իբրեւ արդիւնք մեզի հասած ժառանգութիւնն ու փորձը:

Մուտքը ազատ է եւ Հանրապետութեան հրապարակէն դէպի «Արարատ» թանգարան պիտի գործեն անվճար հանրակառքեր: «Շտապեցէ՛ք այցելել «Արարատ» թանգարան` համալրելու անցնող տարին վառ եւ անմոռանալի յիշողութիւններով: Բաց դռներու ծիրէն ներս «Արարատ» թանգարանի խանութին մէջ ձեզի կը սպասեն անակնկալներ», նշուած է թանգարանի հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի` Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց

Յաջորդը

Սխալ Ըմբռնումի Հիմամբ Կատարուած Զգայացունց Քայլ Մը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 22, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 15, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 8, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In