Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի` Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց

Դեկտեմբեր 14, 2022
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գնդապետ Կոտլեարեւսկիի Ռազմական Արշաւանքները

Օրհասական Վիճակ Արցախի Մէջ Եւ
Ջաֆար Ղուլի Խանին Սանձարձակութիւնները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Դանիէլ Ա. Սուրմառեցի կաթողիկոսի վախճանումէն ետք (1808-ին), Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի, ռուս-պարսկական ընթացող պատերազմական վիճակը նկատի ունենալով, առանց կաթողիկոսական ընտրութիւն նշանակելու եւ նոյնիսկ ձեւականօրէն առանց Պոլսոյ հայութեան համաձայնութիւնը առնելու պատուիրակութիւն ուղարկեց Ռուսաստան, որքան կարելի է շուտ ռուսահայոց առաջնորդ Եփրեմ արքեպիսկոպոս Ձորագեղցին Էջմիածին բերելու համար:

Դանիէլ Ա. Սուրմառեցի կաթողիկոս իր կենդանութեան, 4 յուլիս 1808-ին, աղերսագիր ներկայացուցած էր ռուսաց Ալեքսանդր Ա. կայսրին, իր վախճանումէն ետք կաթողիկոս հաստատելու Եփրեմ արքեպիսկոպոսը:

Պարսից գահաժառանգ Աբաս Միրզա, հայերը սիրաշահելու եւ ռուսական խարդաւանքներուն առաջքը առնելու համար իր հովանաւորութեան տակ առաւ Էջմիածինը: Ան յարմար նկատեց համաձայնիլ Եփրեմ արքեպիսկոպոսի կաթողիկոսանալուն եւ հայերու դժգոհութեան առիթ չտալ:

Պարսկաստանի մէջ ֆրանսական զինուորական առաքելութեան ղեկավար դեսպան Քլոտ Մաթիէօ տը Կարտան, Թեհրանէն Ֆրանսա վերադարձի ճամբուն վրայ, 1809 ապրիլին Էջմիածին այցելեց եւ հայ հոգեւորականութեան թելադրեց դիմել Նափոլէոն կայսրին: Նափոլէոն 1804-ին նամակ գրած էր Էջմիածին, որ սակայն տեղ չէր հասած:

Նափոլէոն կայսեր ուղղուած նամակը խմբագրեց Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի, յայտնելով որ հայոց քահանայապետութեան կոչուած Եփրեմ արքեպիսկոպոս տակաւին Էջմիածին չէ հասած. այնուամենայնիւ հայոց հոգեւորականները ջերմեռանդութեամբ կ՛աղօթեն «վասն ամենաողորմած Աթոռոյ սուրբ կայսրութեան ձերոյ»:

Ռուսական կառավարութիւնը նկատի ունէր, որ Եփրեմ արքեպիսկոպոս դրական դեր կրնայ ունենալ Պարսկաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ: Ալեքսանդր Ա. կայսր հաստատեց Եփրեմի կաթողիկոսութիւնը եւ ցանկութիւն յայտնեց անձամբ տեսնուիլ անոր հետ:

Եփրեմ արքեպիսկոպոս Յովակիմ աղա Լազարեանի հրաւէրով Աստրախանէն մեկնեցաւ Մոսկուա, եւ ճոխ ընդունելութենէ ետք ուղեւորուեցաւ Պետերբուրգ:

Եփրեմ արքեպիսկոպոս եւ Յովակիմ աղա Լազարեան 20 օգոստոս 1809-ին ներկայացան Ալեքսանդր Ա. կայսրին: Կայսրը հայոց ընտրեալ կաթողիկոսը Սուրբ Աննայի առաջին աստիճանի շքանշանով պատուեց եւ անկէ խնդրեց պատարագ մատուցանել Պետերբուրգի հայոց եկեղեցւոյ մէջ:

Ընտրեալ կաթողիկոսը սուրբ պատարագը մատուցեց Խաչվերացի օրը, սեպտեմբեր 12-ին: Ներկայ էր կայսրը իր ընտանիքի անդամներուն եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներու հետ:

Ընտրեալ կաթողիկոսին արքունական գանձարանէն հինգ հազար ռուբլի ճանապարհածախս տրուեցաւ եւ ան իր հետեւորդներով ճամբայ ելաւ: Թիֆլիս հասնելէն ետք սպասեց, որ մինչ այդ ռուսեր կը գրաւեն Վաղարշապատը եւ ինք անարգել մուտք կը գործէ Էջմիածին: Կասկած կար, որ պարսիկներ կրնան արգելք հանդիսանալ ընտրեալ կաթողիկոսի Էջմիածին մուտքին:

Բայց Աբաս Միրզա, որ այդ ժամանակ իր բանակով Արտաշատի մօտ կը գտնուէր, հրամայեց որ կաթողիկոսը մեծ պատիւներով ընդունին:

Եփրեմ Ձորագեղցի Մայր աթոռ ժամանեց 9 հոկտեմբեր 1810-ին եւ պատարագ մատուցեց: Երկու օր ետք մեկնեցաւ Արտաշատ եւ Աբաս Միրզայի կողմէ շքեղ ընդունելութեան արժանացաւ:

Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի կաթողիկոս

Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի 6 նոյեմբեր 1810-ին Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ ամենայն հայոց կաթողիկոս օծուեցաւ: Օծման արարողութենէն ետք Մայր աթոռ ժամանեց Աբաս Միրզա եւ նորօծ կաթողիկոսին օրհնել տուաւ իր թուրը:

* * *

Պատերազմական գործողութիւններու եւ տեղացի թուրք իշխանաւորներու կեղեքումներու պայմաններուն տակ արցախահայութիւնը տեղէ տեղ կը փախչէր եւ յօժարակամ կամ բռնի կը տեղափոխուէր: Արցախցիք յուսահատութեան մատնուած էին, երբ 1810-ի գարնան լուր տարածուեցաւ որ Պարսկաստան համաձայնութիւն տուած է հաշտութեան դաշինք կնքելու Ռուսաստանի հետ: Արցախցիք սկսան յուսալ, որ հաշտութիւնը վերջ կու տայ աղիտալի արշաւանքներուն, տեւական թալանին եւ աւազակութիւններուն:

Ռուս-պարսկական հաշտութեան բանակցութիւններուն համար ընտրուած էր Ասկերանի բերդը, ուր ժամանեցին ռուս կառավարչապետ զօրավար Ալեքսանդր Տորմասով եւ Աբաս Միրզայի վեզիր Միրզա Պուզուրկ: Երկու լիազօրներուն միջեւ բանակցութիւնները տեւեցին քանի մը օր, բայց առանց եզրակացութեան գալու խզուեցան:

Զօրավար Տորմասով Ասկերանի մէջ ականատես եղաւ հայերու թշուառ վիճակին եւ լսեց ժողովուրդին գանգատները Մեհտի Ղուլի խանի կեղեքումներուն եւ կամայականութիւններուն վերաբերեալ:

Զօրավար Տորմասով առանձին յանձնախումբ կազմեց, տուրքերու գանձումը աւելի արդար ձեւով կատարելու եւ խանին կամայականութիւնները սանձելու համար:

Մեհտի Ղուլի խան դժգոհութիւն յայտնեց, որ զօրավար Տորմասով միջամուխ կը դառնայ իր իշխանութեան ներքին հարցերուն, իսկ Տորմասով քաղաքավարական գրութիւններով կը փորձէր համոզել Ղարաբաղի խանը որ հաւատարիմ մնայ Ռուսական կայսրութեան:

* * *

Գնդապետ Փիոթր Կոտլեարեւսկի տասնչորս տարեկանէն` 1795-էն մասնակցած էր ռուսական բանակի կովկասեան արշաւանքներուն եւ 1799-ին ստացած էր սպայի կոչում: Լեզգիներու դէմ յաղթանակէ ետք Սուրբ Յովհաննէս Երուսաղէմցիի շքանշանին արժանացած էր: Այնուհետեւ ստանձնած էր Կովկասի մէջ ռուսական մասնայատուկ ուժերու հրամանատարութիւնը եւ սխրանքներ գործած, արժանանալով Սուրբ Վլատիմիրի չորրորդ աստիճանի շքանշանին: 1808¬ին ստացած էր գնդապետի կոչում:

Գնդապետ Կոտլեարեւսկիի կեդրոնատեղին Շուշին էր: Ան ռուսական հրամանատարութեան մէջ միակ անձն էր, որ լաւ հասկցաւ, թէ թուրք իշխանաւորները սիրաշահելու քաղաքականութիւնը ապարդիւն է եւ անոնց հետ պէտք է խօսիլ զէնքի լեզուով: Ան կը գտնէր, որ ընդհակառակը, թուրք խաներուն ու բէկերուն հետ քաղաքավար վերաբերմունքը աւելի կը ծանրացնէ դրութիւնը եւ կը մեկնաբանուի իբրեւ թուլութեան եւ ապիկարութեան ապացոյց:

Զօրավար Տորմասով, պարսիկներուն ներխուժումը կանխելու համար 1810-ի ամրան գնդապետ Կոտլեարեւսկիի հրամայեց գրաւել սահմանամերձ Մեղրին:

Մեղրիի բերդը, նեղ հովիտի մէջ, Մեղրի գետի ափին փռուած քաղաքի բարձունքին, ժայռերու վրայ, ռազմագիտական շատ կարեւոր նշանակութիւն ունէր: Մեղրի կը գտնուէր Ղարաբաղի խանութեան հարաւ¬արեւմտեան ծայրամասին, լաւագոյն յենարան էր երկիրը պարսկական արշաւանքներէ պաշտպանելու համար, անկէ արեւմուտք Օրդուբադ վաճառաշահ քաղաքն էր, իսկ դէպի հարաւ Աբաս Միրզայի կեդրոն Թաւրիզ քաղաքն էր:

Գնդապետ Կոտլեարեւսկի չորս հարիւր զինուորներով Շուշիէն ճամբայ ելաւ դէպի Մեղրի:

Նոյն ժամանակ Աբաս Միրզայի հրամանով պարսկական սպառազէն զօրագունդ մը հասաւ Մեղրի եւ տեղակայուեցաւ բերդին մէջ:

Տակաւին Մեղրի չհասած գնդապետ Կոտլեարեւսկի լուր առաւ որ պարսկական զօրքը Մեղրին իր հակակշիռին տակ առած է:

Մեղրի հասնելէն եւ շրջանի տեղագրութիւնը ուսումնասիրելէն ետք գնդապետ Կոտլեարեւսկի վճռեց գրոհով գրաւել քաղաքը: Գիշերը ան իր զօրքը երեք մասի բաժնեց եւ քանի մը ուղղութիւններով յարձակեցաւ բերդին վրայ: Արիւնահեղ սուինամարտէ ետք պարսկական զօրքը քաշուեցաւ դէպի Օրդուբադ եւ ռուսական զօրքը գրաւեց Մեղրին:

Աբաս Միրզա, որ այդ ժամանակ Նախիջեւան կը գտնուէր, նոր զօրքեր ուղարկեց Մեղրիի վրայ եւ հրամայեց մեռնիլ ու ետ խլել բերդը:

Մինչ այդ Շուշիէն ռուսական օգնական ուժեր հասան Մեղրի, որոնք իրենց հետ պաշարեղէն բերած էին:

Գնդապետ Փիոթր Կոտլեարեւսկի, կռուի նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը առնելով, յարձակման անցաւ Արաքսի ափին կեդրոնացած պարսկական բանակին վրայ եւ ետ շպրտեց դէպի գետը: Պարսկական զօրքերը ցիր ու ցան եղան եւ կոտորուեցան, իսկ ողջ մնացողները փախուստի դիմեցին:

* * *

Զօրավար Տորմասով յուսահատութեան մատնուած էր: Կոտլեարեւսկիի յաղթանակին լուրը տակաւին անոր չէր հասած: Տեղեկութիւններ հասած էին որ պարսկական հսկայ բանակ մը ճամբայ ելած է դէպի Նախիջեւան, եւ ռուսական հրամանատարութիւնը երկիւղի մէջ որ Մեղրիի վրայ ղրկուած Կոտլեարեւսկիի զօրքը կրնայ ամբողջութեամբ ոչնչանալ: Հետեւաբար Տորմասով փութով լուր ուղարկեց Կոտլեարեւսկիի ետ դառնալու Շուշի: Նոյնիսկ կը կարծուէր որ նահանջի հրամանը չհասած Կոտլեարեւսկիի զօրքը կրնայ արդէն բնաջնջուած ըլլալ:

Հազիւ նահանջի հրամանը ուղարկած, Տորմասովի հասաւ Կոտլեարեւսկիի փայլուն յաղթանակի լուրը:

Սակայն յաղթանակի լուրը չփարատեց Տորմասովի երկիւղը: Արաքսի ափին կեդրոնացած ռուսական փոքրաթիւ զօրքին դրութիւնը ան կը նկատէր վտանգաւոր: Հետեւաբար Կոտլեարեւսկիի հրամայեց հպատակութեան երդում առնել Մեղրի մնացած 723 ընտանիքներէն, զօրքը հանել հոնկէ եւ վերադառնալ Շուշի:

Գնդապետ Կոտլեարեւսկի չկատարեց այդ հրամանը եւ բարձրագոյն հրամանատարութեան հասկցուց որ ռուսական տիրապետութիւնը մեծ շահ ունի Մեղրին իր ձեռքը պահելով:

Մեղրիի գրաւման համար գնդապետ Կոտլեարեւսկի Սուրբ Գէորգի չորրորդ աստիճանի շքանշանին արժանացաւ:

Գնդապետ Կոտլեարեւսկի 1810 դեկտեմբերին պարսկական եւ անոնց դաշնակից օսմանեան զօրքերէն մաքրեց Ախալքալաքը:

Նոյն ժամանակ սկսած ժանտախտի պայմաններուն տակ Տորմասով ռուսական զօրքին հրամայեց քակել Ախալքալաքի բերդին պաշարումը եւ հեռանալ:

Կոտլեարեւսկի, Ախալքալաքի շրջանի նուաճումէն ետք զօրավարի աստիճան ստացաւ:

* * *

Արցախի եւ նաեւ յարակից երկրամասերուն մէջ 1811-ը եղաւ օրհասական տարի մը: Ժանտախտը հետզհետէ կը տարածուէր ամէնուրեք, եւ ժողովուրդը կրկին սովի մատնուած էր: Միւս կողմէ, յորդառատ անձրեւները եւ մուկերը փճացուցած էին ցանքերը: Իսկ գերեվարութիւններն ու կողոպուտները անարգել կը շարունակուէին:

Զօրավար Ալեքսանդր Տորմասով 1811-ին հրաժարեցաւ Կովկասի կառավարչապետի եւ գլխաւոր հրամանատարի պաշտօնէն եւ զայն փոխարինեց զօրավար մարքիզ Ֆիլիփփօ Փաուլուչչի:

 

Մարքիզ Փաուլուչչի իտալացի էր, ծառայած էր Սարտինիոյ թագաւորութեան եւ Աւստրիական կայսրութեան բանակներուն, իսկ 1806-ին ռուսական բանակին մէջ ծառայութեան մտած էր: Ան Թիֆլիս հասաւ 1811 սեպտեմբերին: Փաուլուչչի երկրի կառավարութիւնը գտաւ շատ անկարգ դրութեան մէջ, մանաւանդ` Ղարաբաղը: Պաշտօնական տեղեկագիրներ կը հաստատէին որ Ղարաբաղ 1805-ին ունէր տասը հազար տուն բնակչութիւն, իսկ 1811-ին հոն մնացած էր չորս հազար ընտանիք: Տեղեկագիրները կ՛ապացուցէին թէ ժողովուրդը ինչպիսի մեծ ալիքներով կը հեռանայ շրջանէն:

* * *

Ղարաբաղի Մեհտի Ղուլի խանի եղբօր` Մոհամէտ Հասան աղայի որդի Ջաֆար Ղուլի խան, որ ռուսական բանակի գնդապետի աստիճան ունէր եւ ռուսերուն մօտիկ կը նկատուէր, սանձարձակ բռնակալ դարձած էր:

Ջաֆար Ղուլի խան Ջաւանշիր ծնած էր 1787-ին, Շուշի. մայրը` Խայրանիսա Պեկում Գանձակի Շահվերտի խանին դուստրն էր: Ջաֆար Ղուլիի եղբայրներ Շուքուր աղա եւ Խանջան աղա հայերու հաշուոյն մեծ հողատէրեր դարձած էին:

Ջաֆար Ղուլի խան հօր մահէն ետք, 1805 նոյեմբերին, Ղարաբաղի խանութեան օրինական ժառանգորդ նկատուած էր ռուսական կառավարութեան կողմէ, բայց յետոյ հօրեղբայրը` Մեհտ Ղուլի Ղարաբաղի խան հռչակուած էր:

Ռուս-պարսկական կռիւներու ժամանակ, 1806-ին, Ջաֆար Ղուլի խան Օրդուբադի եւ Ղափանի մէջ պարտութեան մատնած էր պարսկական բանակը եւ 2 յունուար 1807-ին ռուսական բանակի գնդապետի աստիճանին արժանացած էր:

Ջաֆար Ղուլի խանին կինը` Աջայբնիսա խանում հայուհի էր, Բանաձոր գիւղէն:

Նկարագիրով խորամանկ, կեղծաւոր եւ ուխտադրուժ, Ջաֆար Ղուլի խան բանակցութեան մէջ մտած էր պարսիկներուն հետ եւ ամէն ջանք կը թափէր իր հօրեղբայր Մեհտի Ղուլի խանը չէզոքացնելու համար:

Ջաֆար Ղուլի խան, որ բանաստեղծ եւ ժողովրդական դէմք կը նկատուէր, ցեղապետական իշխանութիւն հաստատած էր Ջաւանշիր ցեղին վրայ եւ նաեւ իրեն հպատակեցուցած էր Ջաբրաիլլու ցեղը:

Պարսից գահաժառանգ Աբաս Միրզա նամակ գրեց Ջաֆար Ղուլի խանին եւ յորդորեց իրեն միանալ: Գահաժառանգ իշխանը կը խոստանար Ղարաբաղի խանութիւնը Ջաֆար Ղուլիի տալ եւ առաւել տասնհինգ հազար թուման դրամ նուիրել:

Աբաս Միրզա նաեւ առանձին դիմումներ ըրաւ Ջաֆար Ղուլի խանին ենթակայ Ջաւանշիր եւ Ջաբրաիլլու ցեղերուն: Նախատեսուած էր, որ այդ ցեղերէն կամաւոր զօրք պիտի կազմուէր: Ցեղախմբային այդ ուժերը Ղարաբաղի սահմանին վրայ պիտի միանային պարսկական բանակին:

 

 

 

Նախորդը

Իրաքի Հայոց Թեմի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Զօրավար Մադաթովի Մուտքը Շուշի Եւ Դէպի Ատրպատական Արշաւանքը
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Զօրավար Մադաթովի Մուտքը Շուշի Եւ Դէպի Ատրպատական Արշաւանքը

Մարտ 22, 2023
Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Գրիգոր Եպիսկոպոս Մանուչարեանի Հերոսական Խոյանքները
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Գրիգոր Եպիսկոպոս Մանուչարեանի Հերոսական Խոյանքները

Մարտ 15, 2023
Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Դիզակի Բնակչութեան Ջարդն Ու Տեղահանութիւնը Եւ Շուշիի Բերդին Պաշտպանութիւնը  Շամքորի Ճակատամարտը
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Դիզակի Բնակչութեան Ջարդն Ու Տեղահանութիւնը Եւ Շուշիի Բերդին Պաշտպանութիւնը Շամքորի Ճակատամարտը

Մարտ 8, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In