«Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի: Ուրեմն կեանքը ընտրէ, որպէսզի ապրիք` դուն եւ քու սերունդդ»
Երկրորդ Օրինաց 30:19
Այս հատուածը կը ներկայացնէ Աստուածաշունչին հիմնական պատգամը, որ կը բացատրէ, միեւնոյն ժամանակ կը դրսեւորէ մեր քրիստոնէական աստուածաբանութեան հաւատամքը: Թէեւ հատուածը առնուած է Հին կտակարանէն, բայց եւ այնպէս անոր պատգամը կ՛ամբողջանայ Նոր կտակարանին մէջ` որպէս նոյն պատգամին գործնական ամբողջացումը եւ իրականացումը:
Այսպէս,
Աստուած ուխտ մը կ՛առաջարկէ Իսրայէլի ժողովուրդին: Ան յստակ կերպով յառաջ կը դնէ բոլոր տուեալները եւ կը մատնանշէ հետեւանքները. «Ուստի այս ուխտին խօսքերը պահեցէք, որպէսզի ամէն գործի մէջ յաջողութիւն գտնէք» (Երկրորդ Օրինաց 29:9): Ի՞նչ բանն է, որ Աստուած պիտի շնորհէ այս ուխտին մէջէն:
Ուխտը խոստում է, որ Աստուած կու տայ իր ժողովուրդին: Այս ուխտին իբրեւ արդիւնք` կայ շնորհը, որ Աստուած կու տայ ժողովուրդին, պայմանաւ որ անոնք իրեն հետեւին: Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած կու տայ Իսրայէլի եւ մեզի` իր ժողովուրդին, նոյն խոստումը եւ շնորհը: Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդին կը շնորհէ «կեանքն ու մահը»` այս ուխտին մէջէն: Կեանքի ու մահուան իրականութիւններուն մէջ կայ «օրհնութիւնն ու անէծքը»: Աստուած կը դնէ Իսրայէլի ժողովուրդին դիմաց այս ուխտի երկու ճամբաները, որպէսզի անոնք ընտրեն: Բայց Ան նոյնպէս ցոյց կու տայ իւրաքանչիւր ուղիին արդիւնքը:
Այս ուխտը միայն Իսրայէլի ժողովուրդին համար չէ: Ուխտը կը սկսի Հին կտակարանին մէջ` իբրեւ խոստում եւ յոյսի պատգամ, եւ որ կ՛իրականանայ Նոր Կտակարանին պատգամին մէջէն: Այս ուխտը իրականացաւ, երբ Աստուած` Եհովան, մարմնացաւ, որպէսզի մարդկութեան բաշխէ այս ուխտը. «Աստուած կ՛ուզէ, որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմոթէոս 2:4):
Այս ուխտը հիմնուած է սիրոյ եւ հոգածութեան վրայ` «Քու Տէր Աստուածդ ալ քեզ գերութենէ դարձնելով` պիտի ողորմի քեզի», Երկրորդ Օրինաց 30:3, «Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ոք որ անոր հաւատայ, չկորսուի», Աւետարան ըստ Յովհաննու 3:16: Երկու հատուածներուն մէջէն յստակ կը դառնայ, որ Աստուծոյ ուխտը կամովին է եւ ոչ պարտադիր: Այս ուխտը սիրոյ արտայայտութիւն է, եւ կրնաս միայն ընդունիլ զայն:
Իսկ ուխտը:
Աստուած կը դնէ կեանքն ու մահը որպէս ընտրութիւն:
Մահուան բառացի հասկացողութիւնը ֆիզիքական կեանքի վերջաւորութիւնն է, որ անխուսափելի է: Իսկ վերջաւորութիւնը մահն է: Բայց կայ խորքային հասկացողութիւնը` «անէծք»-ը: Հոն, ուր մարդը կ՛ապրի իր կեանքը մեղքի մէջ: Կեանքի խորքային տարողութիւնը, Աստուած կը բնորոշէ զայն որպէս «օրհնութիւն»:
Հոսկէ կու գայ հաւատքի հասկացողութիւնը: Օրհնութիւնը, որ մարդը կ՛առնէ Աստուծմէ, հաւատքին մէջէն, կը դառնայ արժէք, ուր մարդը կը փրկուի «մահուան» ճիրաններէն` իմա անէծքէն, եւ կ՛ապրի զայն` ստեղծելով նոր կեանքեր: Աստուած այս ուխտն է, որ կը դնէ Իսրայէլի ժողովուրդին համար, եւ որուն շարունակութիւնը, հաստատումը եւ իրականացումը կու գայ Նոր կտակարանին մէջէն, երբ Աստուած մարմնացաւ, աշխարհ եկաւ եւ այս ուխտը շնորհեց համայն մարդկութեան: Աստուած կը յորդորէ, որ Իսրայէլի ժողովուրդը, ապա համայն մարդկութիւնը ընտրեն կեանքի ուխտը: Այս կեանքի ուխտն է, որ մարդը եւ հաւաքականութիւնը պիտի օրհնէ:
Տարի մը եւս անցաւ մեր կեանքէն: Արդէն կը մօտենան Ամանորի եւ Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը ոգեկոչելու օրերը: Եթէ պիտի մտածենք մեր անցած տարուան մասին, բայց նոյնքան նաեւ`եկող տարիին մասին: Մեր առջեւ անպայմանօրէն ունինք ուխտը եւ անոր ընտրութիւնը: «Ո՞րն է մեր ընտրութիւնը: Կեա՞նքը, թէ՞ մահը»:
Հայկական իրականութեան համար 2022 տարին եղաւ դժուար: Ունինք հարցեր, մտահոգութիւններ եւ դժուարութիւններ, որոնք կը կուտակուին մեր անձնական, հաւաքական, սփիւռքեան, հայաստանեան եւ արցախեան կեանքերուն մէջ: Եթէ «մահուան» ընտրութիւնը մէկ կողմէ պարտադրուած էր մեր հայկական կեանքերուն` շրջանային եւ համաշխարհային իրավիճակներէն մեկնելով, բայց նոյնքան կայ կամովինը: Չկրցանք մինչեւ օրս ընտրել համերաշխութիւնը, հարդուրժողականութիւնը, հասկացողութիւնը եւ հաւաքական ու ստեղծագործական միտքով մեր կեանքերը կերտելու գրաւականը:
Կեանքի եւ մահուան ուխտը ընտրելու-չընտրելու կամքը մեզի ձգուած է: Չընտրեցինք եւ կամ չկրցանք ու չուզեցինք ընտրել կեանքը: Բայց տակաւին ի զօրու է Աստուծոյ ուխտը:
Ան տակաւին դրած է մեր առջեւ կեանքի եւ օրհնութեան ուխտը: Այս ուխտն է, որ մեր հաւատքը պիտի ամրապնդէ: Հաւատքը` Քրիստոսի, եւ որուն մէջէն կ՛առնենք իրմէ խոստացուած շնորհք-օրհնութիւնը:
Այս շնորհք-օրհնութեան մէջէն կը ստանանք նոր կեանքը: Այս նոր կեանքի օրհնութիւնն է, զոր կը բաշխենք ազգին, Հայաստանին եւ Արցախին:
Այս հաւատք-օրհնութիւնն է, որ պիտի կերտէ մեր անձերը, շրջապատը եւ մեր հայրենիքները:
Այս հաւատքն է, որ մեզ պիտի գօտեպնդէ, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել մեր շատ մը կուտակուած շրջանային ու ներազգային հարցերը:
Այս կեանքի ու օրհնութեան ուխտը եթէ ընտրենք, պիտի վերապրեցնէ մեզ բոլորս:
Աստուծոյ ուխտը:
Մեր առջեւ կայ կեանքի եւ մահուան ընտրութիւնը: Օրհնութեան եւ անէծքի ճամբաները: Ընտրութիւնը մերն է:
Կայ յորդորը եւ փափաքը, որ կու գայ Քրիստոսի անսահման սիրոյն մէջէն: Ան ամբողջ հայութեան համար է եւ անխտիր: Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք:
«Կեանքը ընտրէ, որպէսզի ապրիք»: Բայց նաեւ ապրինք բոլորս: Այս կարելի է, երբ բոլորս` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, ընտրենք միասին:
«Կեանքը»:
Ապրող եւ ապրեցնող կեանքը: Օրհնութեան կեանքը:
Քուէյթ, դեկտեմբեր 2022