ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Այս է խորագիրը «Ճիոփոլիթիքըլ Մոնիթըր»-ի 29 նոյեմբեր 2022-ի (1) Ալեքսանտր Սրպինովսքիի (2) գրած քաղաքական վերլուծական յօդուածին: Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ յօդուածը` կարգ մը միջամտութիւններով.
1. Յօդուածին նկարը, 2018-ի Հայաստանի ցոյցերը:
«Ապրիլ 2018 – հայ ցուցարարներ փողոցներն են: Ցուցարարներուն գլխաւոր նպատակն է վերջ տալ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան, որ երկար ժամանակ բռնակալական եղած է, եւ` ճամբայ հարթել ժողովրդավարութեան:
«23 ապրիլ 2018-ին Սարգսեան ժողովրդային ճնշումին տակ կ’որոշէ հրաժարիլ: Ժողովրդավարական ապագային համար մղուող այս պայքարին, հայ ժողովուրդին յաղթանակը տօնելու նպատակով 2 մայիս 2018-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին շուրջ 300 հազար մարդ մասնակցեցաւ: Ժողովուրդին միակ նպատակն էր ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ Հայաստան մը տեսնել:
«Այժմ չորս տարիներ անցան, սակայն ժողովուրդը տակաւին այդ խոստացուած ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ Հայաստանին կը սպասէ: Թաւշեայ յեղափոխութեան ընթացքին յայտարարուած խոստումները երազային կը թուին ըլլալ, մինչ ժողովրդավարութիւնը սոսկ խոստում չէ՛: Մարդկային իրաւանց պահապան կազմակերպութիւնները կ՛ազդարարեն, որ յատկապէս ժողովրդավարութիւնը եւ խօսքի ազատութիւնը վտանգուած են Հայաստանի մէջ:
«Իրականութեան մէջ հարցը սկսաւ թաւշեայ յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք, հակառակ անոր որ շատեր ժողովրդավարութենէն ետքայլը սխալ կերպով կը կապէին 2020-ի աղէտալի պատերազմին հետ: Ուրեմն, երբ նոյնինքն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ամբոխավարական իր լոզունգներով զօրաշարժի ենթարկեց ամբոխները` յարձակելու արդարադատութեան հաստատութիւններուն վրայ (3) պարզապէս, քանի որ անոնք (արդարադատութեան հաստատութիւնները*) մերժեցին գործադրել վարչապետին հրահանգները ամբաստանելու «հիները»:
«Շատ մը ողջմիտ մարդիկ (այս երեւոյթին դէմ*) սկսան ահազանգ հնչեցնել»: Տես նաեւ «Քիչ մը գիտութիւն` «Անհրաժեշտ բայց ոչ բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի մասին, որ հաւանաբար կը լուսաբանէ Հայաստանի ներկայ իրավիճակը» յօդուածս, ուր կը կարդանք (4). «…Տարօրինակ կերպով, իշխանութիւնը վերածուեցաւ ցոյցեր կազմակերպող մեքենայի մը, որ փողոցը գործածեց իր նպատակներուն համար, նո՛յնիսկ վարչապետին իսկ կոչով` խորհրդարանին եւ դատարաններու մուտքը փակելով, որ իր կարգին քրէական յանցանք է»…
2. Մինչ ցուցարարներ 20 մայիս 2019-ին վարչապետին հրահանգով կը փակեն դատարաններուն մուտքերը, դատաւոր Դաւիթ Բաբայեան կը փորձէ պատուհանէն մտնել իր դատարանը (տես տեսերիզը այստեղ, 5):
«Թէեւ կարճ ժամկէտի մէջ (վարչապետին*) այս փորձը չյաջողեցաւ, սակայն Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը` ԱԱԾ, երկու հետաքննութիւններ սկսաւ Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Հրայր Թովմասեանին դէմ, հոկտեմբեր 2019-ին: Վարչապետը սպառնաց «կամաւոր հրաժարական» պարտադրել, եթէ երբեք այսպիսի հասկացողութիւն գոյութիւն ունեցած էր (6):
«Երբ սեպտեմբեր 2020-ին ազգը Ղարաբաղի (Արցախ*) տարածաշրջանին համար Ազրպէյճանի հետ պատերազմի մէջ ներքաշուեցաւ, թաւշեայ կառավարութիւնը իր հզօրութեան գագաթնակէտին էր: Ան առիթը օգտագործեց` պատերազմական վիճակ յայտարարելով, խստօրէն սահմանափակելով տեղեկատուութեան մարզը: Ապա եկաւ գրաքննութեան օրէնքը: Հոկտեմբերին (2020*) օրէնքով արգիլուեցաւ կառավարութեան քննադատութիւնը (7): Նոյն օրը օտար թղթակից, մը, որ հակամարտութեան կը հետեւէր իր հաւատարմագիրը ջնջուեցաւ, քանի որ պատմողական վնասակար յօդուած գրած էր:
«Սակայն պատերազմները միշտ ժողովրդավարական կառավարման համար իբրեւ չափանիշ ծառայած են: Հայաստանի կառավարութիւնը պատերազմի ժամանակ լրատուամիջոցները ճնշելու համար քննադատելը անարդար կ՛ըլլայ, երբ որեւէ այլ պետութիւն նոյն բանը պիտի ընէր:
3. Ոստիկաններ կը խոշտանգեն ցուցարար մը:
«Սակայն պէտք է քննադատուին այն միջոցները, որոնք Հայաստանի իշխանութիւնը գործածեց եւ կը շարունակէ գործածել իր հակառակորդները վախցնելու համար, որովհետեւ պատերազմը ղեկավարելու վարչապետին դէմ որեւէ քննադատութիւն իշխող վարչակազմին կողմէ շուտով անհանդուրժողութեան արժանացաւ: Թունաւոր խօսքերը, որոնք շուտով կլանեցին բնակչութիւնը, ձեռք ձեռքի տուին այս ծայրայեղ պետական անհանդուրժողականութեան հետ:
«Փաշինեանի իշխանութիւնը եւ անոր համախոհները կը կարծեն, որ պատերազմին պատճառը նախկին իշխանութիւնն էր, մինչ նախկին իշխանութեան անդամները մի՛այն կը դատապարտեն ընդհանուր հրամանատարը, այսինքն` վարչապետ Փաշինեանը, որուն իշխանութիւնը կ՛որակեն` «հայ ազգութեան ու պետականութեան ամենավատ օրերը»:
«Երբ 2021-ի ամրան իշխող իշխանութիւնը արտահերթ ընտրութիւններուն յաղթական դուրս եկաւ, ամէն ինչ սկսաւ արագօրէն փոխուիլ: Իշխանութիւնը վերսկսաւ «ժողովուրդի թշնամիները» որսալու իր ընդհատուած գործին: Գործելակերպ մը, որ կը յիշեցնէ ստալինեան մաքրագործումները, աւելի արագ թափով, մինչ Փաշինեան իր խմբակին վերընտրութիւնը կը կոչէ «երկաթէ մանտաթ»:
«Այս պայքարին սկզբնական թիրախներէն էին աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ապրող սփիւռքահայ համայնքներու ներկայացուցիչները: Օրինակ, յուլիս 2022-ին Երեւանի իշխանութիւնները մերժեցին Հայաստան մուտքը Մուրատ Փափազեանին, որ Ֆրանսայի մէջ սփիւռքահայ կազմակերպութեան մը (համա*) նախագահն է`: Փափազեանի, որ որեւէ յանցանք չէ գործած, Հայաստան մուտքը արգիլուեցաւ 2021-ին Փարիզի մէջ Փաշինեանին դէմ ցոյցին իր ենթադրեալ դերակատարութեան համար:
«Վարչապետ Փաշինեանին սեւ ցանկը Փափազեանով չի վերջանար: 1 օգոստոս 2022-ին «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ապահովութեան պաշտօնեաներ արգիլած են երկու հոլանտահայերու` Մասիս եւ Սիւնէ Աբրահամեաններուն Հայաստան մուտքը, իբրեւ անբաղձալի տարրերու: Փափազեանին նման, այս երկու սփիւռքահայ գործիչներուն արգիլուեցաւ Հայաստան մուտքը, քանի որ անոնք կառավարութեան դէմ խօսած էին: Ցանկը կ՛երկարի: Նախկին արտաքին գործոց նախարար, ընդդիմադիր, ամերիկահայ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին Արցախ մուտքը արգիլած են (Փաշինեանի*) կառավարութեան
խնդրանքով: Բացի այդ, շարք մը հայ լրագրողներ, որոնք հիմնականին մէջ կ’աշխատակցին ընդդիմութեան աջակցող հաստատութիւններուն,նոյնպէս Արցախ այցելելու նմանօրինակ արգելքներու ենթարկուեցան:
Ոչ բոլոր կացութիւնները այնքան խաղաղ էին, որքան` արգելքները: 15 յուլիս 2022-ին ընդդիմադիր գործիչ Արմէն Գրիգորեանը դատարանին մէջ ուշքը կորսնցուց, ապա մահացաւ: Գրիգորեանը կալանաւորուած էր մահէն երկու ամիս առաջ` Հայաստանի կառավարութեան դէմ արտայայտուելուն համար: Ան շուրջ 30 մարդոցմէ մէկն էր, որոնք մեղադրուած էին տարբեր քաղաքական կարծիքներ ունենալնուն համար: Ան երկու ամիս նախնական կալանքի տակ առնուած էր, հակառակ անոր որ ո՛չ մէկ յանցանք գործած էր, նաեւ` հակառակ անոր որ թէ՛ իր փաստաբանը եւ թէ՛ ալ ընտանիքը մտահոգութիւն յայտնած էին իր վատառողջութեան վերաբերեալ, եւ ամէն օր անոր առողջութիւնը կը վատանար:
«Սակայն ամենավերջին դէպքերէն երկուքին համար է, որ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը ստանայ լաւագոյն անարդար դատարանի մրցանակը: Ազրպէյճանի քաղաքացի դառնալու համար անոնց հրապարակային դիմումին պատճառով Հայաստանի երկու քաղաքացիներու դէմ քրէական գործեր յարուցած են` «դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան» ամբաստանութեամբ: Եթէ երբեք յանցանք կատարուած է այս անձերուն կողմէ, ապա այդ ընկերային ցանցերու օգտագործումն էր այլ երկրէ մը քաղաքացիութիւն խնդրելու համար:
«Հայաստանի մէջ դատական իշխանութեան քաղաքականացումը ո՛չ ցնցիչ էր, ո՛չ ալ արտասովոր: Սակայն յունիս 2022-ի սպրդած ձայնագրութիւնը (արդարադատութեան*) դագաղին վերջին գամն էր: Հրապարակուած ձայներիզին մէջ Հայաստանի Գերագոյն դատարանի նախկին նախագահ Գագիկ Ջհանգիրեանը բարձրաձայն կը սպառնար Դատական խորհուրդի անդամ Ռուբէն Վարդազարեանին, որ զայն կը ձերբակալեն, եթէ ան չհրաժարի իր պաշտօնէն, նոյնիսկ նախատինքով կը պնդէր, որ ինք (Ջհանգիրեանը) երբեք չէր արտօներ, որ Փաշինեանին կծու մրցակից Ռոպերթ Քոչարեանը նախագահ դառնայ»:
«Քաղաքագէտ Ստեփան Դանիէլեանի կարծիքով, Փաշինեանի ընդդիմադիրներուն նկատմամբ ճնշումի միջոցները օրէ օր աւելի պիտի վատթարանան: Անոր կարծիքով, այժմու վարչակազմը չի կրնար իշխանութիւնը պահել, եթէ աւելի ճնշիչ միջոցներ չգործադրէ: Ըստ քաղաքագէտ Ալեքսանդր Իսկանդարեանին, այժմու վարչակազմը, նախկին բռնակալական իշխանութեան տժգոյն նմանակին վերածուած է. «Մենք վերադարձած ենք 2018 թուականին, Փաշինեանը ոչինչով կը տարբերի Սարգսեանէն եւ Քոչարեանէն»:
«Աւելի ծայրայեղ մարտավարութիւններու կողքին, ինչպիսիք են կալանաւորումը եւ գրաքննութիւնը, Փաշինեանի հակառակորդները ենթարկուած են նաեւ բռնաճնշումներու այլ ձեւերու: Այսպէս, Հայաստանի մէջ անկախ մասնագէտներու կատարած հետազօտութիւնը 2021-ին բացայայտած է, որ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մէջ գործող կազմակերպութեան մը կողմէ մշակուած Predator լրտեսող ծրագիրը գործածուած է լրագրողներուն եւ այլախոհներուն դէմ` Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ:
«Սակայն Predator-ը միակը չէր. Հայաստանի ընդդիմադիր դաշինքներէն մէկուն ղեկավար Արթուր Վանեցեանը յայտնած է, որ տխրահռչակ Pegasus լրտեսող ծրագիրը իր հեռախօսներուն մէջ տեղադրուած էր արդէն 2021-ին: Pegasus-ի ճգնաժամէն ետք կ՛երեւի, որ լրտեսողներ, որոնք հետաքրքրուած էին հայ լրագրողներուն եւ ընդդիմադիր գործիչներին հետապնդել, շարունակած են գործածել այս միջոցը: Նոյեմբեր 2022-ին Հայաստանի մէջ աշխատող ընկերային ցանցերու մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան համաձայն Pegasus-ը կը շարունակէ գաղտնալսել Հայաստանի լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն եւ ընդդիմադիր գործիչներուն հեռաձայնները:
«Հայաստանի ընդդիմութիւնը եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը այսօր մտահոգուած են շարք մը այլ պատճառներով, ոչ միայն կառավարութեան կողմէ հակաժողովրդավարական միջոցներու աւելցած կիրարկմամբ: Անոնց հիմնական մտահոգութիւնը այն է, որ միջազգային հանրութիւնը, մասնաւորապէս` Եւրոմիութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները, բաւարար ուշադրութիւն չեն դարձներ այդ դէպքերուն, եթէ երբեք կը նկատեն:
«Մայիս 2022-ին Լիթուանիոյ նախագահին Երեւան կատարած այցին ընթացքին խումբ մը ցուցարարներ ցոյց կատարեցին պաշտօնական պալատին դիմաց` ի պատասխան արեւմտեան պետութիւններուն կողմէ իշխող կուսակցութեան վարքագիծը չդատապարտելուն: Երբ ցուցարարները փորձեցին դիմել Լիթուանիոյ նախագահին իրենց քաղաքական տեսակէտներուն պատճառով բանտարկուածներուն լուսանկարներով, ոստիկանութիւնը բռնութեամբ ցրուեց զանոնք:
Յետադարձ ակնարկով ցաւալի է տեսնել, թէ որքա՛ն դէպի վատը փոխուած է Հայաստանը: Չորս տարի առաջ մարդիկ փողոցներուն մէջ կը վանկարկէին «Շնորհակալութիւն, Նիկո՛լ»: Այժմ Երեւանի գլխաւոր հրապարակներուն մէջ կը ցուցադրուին միայն «Նիկոլ մարդասպան» եւ «Նիկոլ բռնապետ» ցուցանակներ («Նիկոլ դաւաճան»-ը նշելու մոռցած է*):
«Ժողովրդավարութեան կառուցման ջանքերուն մէջ վերելքներ ու վայրէջքներ ունենալը արտասովոր չէ: Միանգամայն սպասելի եւ որոշ առումներով նոյնիսկ բնական է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը ետդարձ կատարած է ճգնաժամի ժամանակ` համեմատած աշխարհի մեծ ժողովրդավար երկիրներու հետ: Աւելի՛ն. որոշ մեղմացուցիչ գործօններ միշտ եղած են:
«Օրինակ, Հայաստանի ժողովրդավարական ապագան միշտ աւելի հեռու եղած է, քան, ըսենք, Սլովենիան Հայաստանի բարդ աշխարհագրութեան, բարդ պատմութեան եւ աշխարհաքաղաքական հանգամանքներուն պատճառով: Սակայն այն կարծիքը, որ աշխարհագրութիւնը կ՛որոշէ ճակատագիրը, կարելի չէ օգտագործել մարդու իրաւունքներու խախտումները արդարացնելու համար:
«Եթէ Հայաստանը արագօրէն 2018-ը նախորդող ժամանակաշրջանին վերադառնալէն պիտի փրկուի, կարեւոր է հասկնալ հետեւեալը:
Անհատի պաշտամունքը ընդունիլ իրենց բարիքին համար` միաժամանակ անտեսելով անոնց թերութիւնները, երբե՛ք ժողովրդավարութիւն չ՛ապահովեր:
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Փաշինեանին եւ անոր խմբակին` 2018-ի քաջարի քարոզարշաւը սկսելու եւ բռնակալական ու փտած վարչակարգը տապալելու համար, որ միայն տառապանք ու աղքատութիւն բերաւ հայերուն:
«Սակայն այս մէկը Փաշինեանին ժողովրդավարական երանգով նոր բռնակալութիւն ստեղծելու լիազօրութիւն չի՛ շնորհեր: Արեւմտեան պետութիւնները այս մասին յստակ ըսելիք ունին:
«Արեւմտեան երկիրները, որոնք Հայաստանի ժողովրդավարական ուղիին ամենահաստատակամ աջակիցներն են, պէտք է յստակօրէն եւ անսխալ կերպով հասկացնեն այժմու կառավարութեան, որ տարածաշրջանին կարծեցեալ «ժողովրդավարութեան ամրոց» անուան տակ իրականացուող որեւէ հետագայ բռնաճնշում ոչ մէկ պարագայի աջակցութիւն պիտի ստանայ իրենցմէ»:
Այս փտած, ստախօս, կործանարար եւ թշնամիներուն ծառայող վարչախումբէն որեւէ դրական արարք չտեսանք: Միայն` մահ ու աւեր: Հայրենիքի կորուստ…Եւ տակաւին իշխանութեան վրայ են…Անհաւատալի՛:
6 դեկտեմբեր 2022
————————
* Լուսաբանութիւնները հեղինակին կողմէ
(1).- https://www.geopoliticalmonitor.com/democracy-in-armenia-one-step-forward-two-steps-back/
(2).- https://www.geopoliticalmonitor.com/author/aleksandarsrbinovski/
(4).- https://www.aztagdaily.com/archives/478868
(6).- https://eurasianet.org/armenian-government-gathers-forces-against-senior-judge