Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Ամէնէն Շատ Բնակիչ Ունեցող Քաղաքը

Դեկտեմբեր 10, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ո՞ւր կը գտնուին աշխարհի ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող քաղաքները: Ասիոյ մէջ է, որ մենք կը գտնենք ամէնէն մեծ թիւով բնակչութիւն ունեցող քաղաքները: Առաջին հերթին կու գայ Թոքիոն, Ճափոնի ամէնէն մեծ քաղաքը:

Անոր կեդրոնին մէջ կ՛ապրի մօտաւորապէս 14 միլիոն մարդ, իսկ եթէ անոր արուարձանները եւս նկատի ունենանք, ընդամէնը 37,3 միլիոն անձ կ՛ապրին այդ մէկ քաղաքին մէջ:

Թոքիոյին կը յաջորդէ Նիւ Տելհին` Հնդկաստանի մայրաքաղաքը, ուր կ՛ապրին 31 միլիոն մարդ, եւ անոնցմէ 20 միլիոնը` քաղաքին կեդրոնը: Հակառակ Թոքիոյին` այս քաղաքը ժամանակի ընթացքին կ՛ընդարձակուի:

Սակայն այս դասաւորումը կրնայ մօտ օրէն փոխուիլ: Ըստ մասնագէտներու, մինչեւ 2035 թուական 43 միլիոն բնակիչ կրնայ ապրիլ Նիւ Տելհիի մէջ: Հնդկաստանը պիտի դառնայ աշխարհի ամէնէն շատ բնակչութիւն ունեցող երկիրը եւ «գահընկէց» ընէ Չինաստանը:

***

Այս հսկայական քաղաքներուն մէջ ապրիլը դիւրին չէ, յատկապէս` շատ աղքատ բնակիչներուն համար: Անոնց տուները շինուած են թիթեղէ կամ խաւաքարտէ: Յաճախ ջուր եւ ելեկտրականութիւն գոյութիւն չունին: Եւ մանաւանդ ապականումը շատ բարձր է: Ամէն տարի Նիւ Տելհիի վրայ թունամշուշը այնքան խիտ է, որ բնակիչները չեն կրնար իրենց տուներէն դուրս ելլել: Այդ թունամշուշը աչքերը եւ կոկորդը կ՛այրէ եւ առողջապահական մեծ հարցեր կը յառաջացնէ: Շատ մեծ քաղաքները, որոնք կը ճանչցուին «մեկալոփոլ» անունով, պէտք է ապականումին դէմ լուծումներ գտնեն, որպէսզի այդ շրջաններուն մէջ ապրիլը կարելի ըլլայ:

15 նոյեմբերին աշխարհի բնակչութեան թիւը 8 միլիառը անցաւ: Այս թիւը յատկապէս ուշագրաւ կը դառնայ, երբ նկատի կ՛ունենանք, որ ընդամէնը 200 տարի առաջ տակաւին 1 միլիառ էինք: Մարդկութեան թիւը անդադար կ՛աւելնայ օրական 200 հազար ծնունդի կշռոյթով:

1800 թուականներէն ի վեր բազմաթիւ յառաջդիմութիւններ արձանագրուած են ի նպաստ մարդկութեան: Մարդիկ դեղեր սկսան գործածել, աւելի հանգիստ տուներու մէջ ապրիլ եւ յաջողեցան աւելի մեծ քանակով եւ աւելի լաւ սնունդ արտադրել: Այսուհետեւ աւելի ծնունդ կ՛արձանագրուի, քան` մահ: Սկիզբը աշխարհի բնակչութիւնը սկսաւ շատ արագ աճիլ, սակայն այս հոլովոյթը դանդաղած է:

***

Մասնագէտները դիտել կու տան, որ երկրագունդին վրայ մարդոց առաւելագոյն թիւը պէտք է ըլլայ 10,4 միլիառ, 2080 եւ 2100 թուականներուն միջեւ: Այդ ժամանակ ընդհանուր բնակչութեան թիւը պիտի սկսի նուազիլ, որովհետեւ կիները նուազ երեխաներ պիտի բերեն, որովհետեւ շատ աւելի մեծ թիւով կիներ կարելիութիւնը պիտի ունենան որոշել, թէ որքան զաւակ կ՛ուզեն ունենալ, դարմանումներու շնորհիւ:

Իսկ եթէ այսօր աշխարհի ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող ցամաքամասը Ասիան է (10 անձի վրայ 6-ը կ՛ապրի Ասիոյ մէջ), քանի մը տարիէն անոր տեղը պիտի առնէ Ափրիկէն:

Թիւեր

Նոպելեան Մրցանակները

Ամէն տարի, աշնան կը յայտարարուին այդ տարուան Նոպելեան մրցանակին արժանացած գիտնականներու, մասնագէտներու, գրագէտին եւ խաղաղութեան համար աշխատած անձնաւորութեան անունները:

Սակայն 10 դեկտեմբերին է, որ տեղի կ՛ունենայ մրցանակաբաշխումը: Այս թուականը ընտրուած է, որովհետեւ ան կը զուգադիպի Ալֆրետ Նոպելի մահուան թուականին: Այս մրցանակները կը բաժնուին 1901 թուականէն ի վեր եւ կը վարձատրեն մարդիկ, որոնք մեծ օգտակարութիւն ունեցած են մարդկութեան, բժշկութեան, բնագիտութեան, քիմիագիտութեան, տնտեսական գիտութիւններու, գրականութեան եւ խաղաղութեան աշխատանքներու մարզերէն ներս:

Մրցանակակիրները կը ստանան մետալ մը, վկայական մը, մեծ գումար մը… եւ յատկապէս ամբողջ աշխարհի կողմէ ճանաչում` իրենց կատարած աշխատանքին համար:

Այս մրցանակը հիմնուած է շուէտացի Ալֆրետ Նոպելի կողմէ: Ան հնարած է ուժանակը:

10 դեկտեմբերին Սթոքհոլմի մէջ կը բաժնուին մրցանակները: 1902 թուականէն ի վեր Շուէտի թագաւորն է, որ զանոնք կը բաժնէ, բացի խաղաղութեան մրցանակէն, որ Նորվեկիոյ թագաւորին կողմէ կը յանձնուի:

Իւրաքանչիւր մրցանակակիր կը ստանայ 1 միլիոն եւրօ: Այս գումարը անոնց պիտի օգնէ իրենց աշխատանքներուն մէջ:

Միացեալ Նահանգներն են, որոնք ամէնէն մեծ թիւով մետալներու արժանացած են, 400 մետալ` տարբեր մարզերու մէջ:

17 կիներ ստացած են գիտական մարզերու մէջ մետալներ, 1903-ին բնագիտութեան մարզին մէջ, եւ 1911-ին քիմիագիտութեան մարզին մէջ Մարի Քիւրիի մրցանակներէն ի վեր:

Մալալա Եուսաֆզայ 17 տարեկան էր եւ տակաւին դպրոց կը յաճախէր, երբ ստացաւ Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը, 2014 թուականին:

Անհաւատալի, Բայց Իրաւ…

– Արուեստագէտ մը 10 հազար ատամնակրկիտներով շինեց հեռավար (ռիմոթ-քոնթրոլով) աշխատող 1,2 մեթր երկարութիւն ունեցող նաւ մը:

– «Շնորհաւոր տարեդարձ» երգը առաջին երգն էր, որ անջրպետէն սփռուեցաւ դէպի երկրագունդ:

– Եթէ մենք կարենայինք լոյսի արագութեամբ ճամբորդել, նախկին մոլորակ Պղատոն պիտի կարենայինք հասնիլ չորս ժամէն:

– Ժամացոյցը աւելի արագ կը դառնայ լերան բարձրութեան վրայ, քան` ծովի մակերեսի մակարդակին վրայ:

– Սիպերիոյ մէջ օդը այնքան կը պաղի, որ բերնէդ ելած շունչը կրնայ օդին մէջ սառիլ:

– Աշխարհի ամէնէն երկար լեռնաշղթան կը գտնուի… ծովուն մէջ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թուաբանական հաշիւներու տախտակը:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 9 Դեկտեմբեր 2022)

Յաջորդը

«Ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի Մէջ` Մէկ Քայլ Առջեւ Երկու Քայլ Ետեւ»

RelatedPosts

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է

Մարտ 11, 2023
Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը
Մանկապատանեկան

Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը

Մարտ 4, 2023
Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին
Մանկապատանեկան

Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին

Փետրուար 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In