Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շատ Բան Կը Կատարուի, Որպէսզի Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւնները Ոչ Միայն Պահպանուին, Այլ Նաեւ Ամրապնդուին Եւ Յարմարին Նոր Իրողութեան» Կ՛ըսէ Քոփիրքին

November 28, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան օժանդակութիւն ցուցաբերելու միացեալ քայլերու մասին նախագիծի լրամշակման աշխատանքները կ՛ընթանան Ռուսիոյ աշխուժ ներգրաւուածութեամբ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին` անդրադառնալով 23 նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստի արդիւնքներուն:

Ռուսիոյ դեսպանը ընդհանուր առմամբ դրական գնահատական տուաւ ՀԱՊԿ-ի նիստի ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն:

«Ընդհանուր առմամբ, տպաւորութիւնը դրական էր: Այս պահուն պատրաստ չեմ տալու մեկնաբանութիւն մը, սակայն յաջորդ օր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կառավարութեան նիստի ընթացքին ընդհանուր առմամբ դրական գնահատական տուած է այն աշխատանքներուն, որոնք եղած են ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին:

«Նշեմ նաեւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին բաւականին դրական գնահատած է այս տարի ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութիւնը: Կը կարծեմ` ասոր վրայ աւելցնելիք բան չունիմ», ըսաւ Քոփիրքին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիան քայլերու պիտի ձեռնարկէ՞, որպէսզի ՀԱՊԿ-ի կողմէ Հայաստանին օգնութիւն ցուցաբերելու նախագիծի լրամշակման աշխատանքները արագանան, դեսպանը յայտնեց. «Այդ աշխատանքը կ՛իրականացուի, եւ այդ աշխատանքը կ՛իրականացուի Ռուսիոյ աշխուժ ներգրաւուածութեամբ»:

Իսկ այն հարցումին, թէ արդեօք բաւարար քայլեր կը ձեռնարկուի՞ն ռուսական եւ հայկական կողմերէն արտաքին մարտահրաւէրները յաղթահարելու ուղղութեամբ եւ որպէսզի հայ-ռուսական յարաբերութիւնները նոյն բարձր մակարդակին վրայ մնան, Քոփիրքին պատասխանեց. «Իմ կարծիքովս` շատ բան կը կատարուի, որպէսզի հայ-ռուսական յարաբերութիւնները ոչ միայն պահպանուին, այլ նաեւ ամրապնդուին եւ յարմարին նոր իրողութեան եւ նոր աշխարհին: Հաւատացէք` ատիկա շատ բարդ է, եւ երկու կողմերէն կը պահանջէ մեծ համբերութիւն, յամառութիւն, կամք: Իմ կարծիքովս` այդ բոլոր յատկանիշները կը յաջողինք դրսեւորել: Ի հարկէ, կայ խնդիր, չէր կրնար չըլլալ, սակայն ընդհանուր առմամբ, կը կարծեմ, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու պահպանման, ամրապնդման եւ զարգացման ուղղութեամբ աշխատանքները կ՛իրականացուին պատշաճ մակարդակով», ըսաւ Քոփիրքին:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանը Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն Կը Պահանջէ Չգործածել «Լեռնային Ղարաբաղ» Անուանումն Ու Հայկական Տեղանունները

Յաջորդը

Պայրամով Ընդգծած Է Շրջանին Մէջ Հաղորդակցութիւններու Ապաշրջափակման Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.