Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Երկրագունդին Վրայ Աշխարհի Բնակչութեան Թիւը Կը Հասնի 8 Միլիառի…

Նոյեմբեր 26, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այո՛, ըստ Միջազգային ազգերու կազմակերպութեան, 15 նոյեմբերին աշխարհի բնակչութեան թիւը հասաւ 8 միլիառի:

***

Ամէն օր նոր մանուկներ կը ծնին: Նոյն ժամանակ մարդիկ միշտ աւելի երկար կ՛ապրին: Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ նոյն բանը պատահի երկրագունդին վրայ բնակող մարդ արարածներուն թիւի մակարդակին: 1950 թուականին երկրագունդի բնակչութիւնը 2,5 միլիառ էր: 72 տարիներ ետք այս թիւը երեքով բազմապատկուած է: Ճիշդ է, որ ծնող մանուկներուն թիւը կը պակսի, սակայն շնորհիւ բժշկութեան, առողջապահութեան եւ գիտութեան մարզերու մէջ արձանագրուած մեծ յառաջդիմութիւններու` աւելի երկար ապրելու յոյսն ալ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած է:

Ծնունդներուն պակսիլը արգելք պիտի չդառնայ աշխարհի բնակչութեան թիւին յառաջխաղացքին: Դարձեալ ըստ ՄԱԿ-ին 2030 թուականին, ան պիտի հասնի 8,5 միլիառի, եւ հաւանաբար 9,7 միլիառի 2037 թուականին: Գլխաւոր գագաթակէտ մը կրնայ արձանագրուիլ 2080 թուականին, երբ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունենան 10,4 միլիառ մարդ արարածներ: Անշուշտ ասոնք նախատեսութիւններ են: Տակաւին անկարելի է այժմ վստահ կերպով հաստատել, թէ ինչպէ՛ս պիտի աճի աշխարհի բնակչութիւնը:

Մինչ մինչեւ 1800 թուականները մարդոց թիւը միլիառէն պակաս էր, միայն 12 տարիէն 7 միլիառը դարձած է 8 միլիառ:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Աշխարհի բնակչութեան կէսէն աւելին կ՛ապրի Ասիոյ մէջ:

– Ասիոյ մէջ կը գտնուին այն 2 երկիրները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մօտաւորապէս 1,5 միլիառ բնակիչ ունի` Չինաստանն ու Հնդկաստանը: Ասիկա կը նշանակէ, որ աշխարհի վրայ 3 անձէն մէկը կա՛մ դինացի, կա՛մ ալ հնդիկ է:

– Հարցում: 1 միլիառ, 100 անգամ 1 միլիոն է, թէ 1000 անգամ մէկ միլիոն (Պատասխանը՝ վերջաւորութեան):

Աշխարհի Ամէնէն Հզօր Հրթիռը
Ուղղուեցաւ Դէպի Լուսին

Վերջապէս երրորդ փորձը յաջողեցաւ: Միացեալ Նահանգներու հարաւ-արեւելքի անջրպետային «Քենետի» կեդրոնէն ULU հրթիռը ճամբայ ելաւ դէպի լուսին չորեքշաբթի, 16 նոյեմբերին:

Սակայն այս գործողութիւնը դիւրին չեղաւ: Երկու փորձեր վերվին վայրկեանին ջնջուեցան թեքնիք հարցերու պատճառ. ապա երկու մրրիկներ պատճառ դարձան, որ հրթիռին թռիչքը բազմաթիւ շաբաթներ յետաձգուի:

Այս թռիչքը առաջին փուլն է «Արտեմիս» ծրագրին: Հրթիռին փոխադրած անջրպետամեքենան հետագային փուլերուն հետը պիտի տանի աստղանաւորդներ: Սակայն այժմ անոր միակ ճամբորդները մանըքեններ են: Սակայն ան կը փոխադրէ նաեւ փոքրիկ արբանեակներ, «Քիւպ սաթ»-ներ, որոնք սփռուելով անջրպետին մէջ տարբեր ուսումնասիրական գործեր պիտի կատարեն:

«Արտեմիս 1»-ի աշխատանքը պիտի տեւէ ընդամէնը 25 օր: ULU հրթիռը նախ սկսաւ «Օրիոն» անջրպետամեքենան փոխադրելու դէպի անջրպետ: Չորս օր ետք «Օրիոն» սկսաւ իր պտոյտը լուսինին շուրջ: Ան հոն պիտի մնայ վեց շաբաթ եւ ապա պիտի վերադառնայ երկրագունդ եւ իջնէ Խաղաղական ովկիանոսին մէջ:

«Ափոլլօ»-ի վերջին թռիչքէն յիուսն տարիներ ետք այս փորձ-թռիչքը կարելիութիւնը պիտի տայ հաստատելու, որ մեքենան ապահով է աստղանաւորդներ փոխադրելու համար: Կէս դար ետք մարդ արարածը դարձեալ կը վերադառնայ լուսին` այս անգամ լուսինին վրայ ապրիլ փորձելու եւ մնայուն կեդրոն մը հաստատելու: Իսկ այս կեդրոնին գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ պատրաստուիլ մարդիկ դէպի Հրատ մոլորակը ղրկելու:

– Ինչո՞ւ ULU հրթիռը յատուկ է

Ան 50 տարիներէ ի վեր թռչող ամէնէն մեծ հրթիռն է: Անիկա կը մղուի շնորհիւ չորս հսկայական մեքենաներու եւ երկու պուսթըրներու: Անոր ուժը հսկայական է:

– Որո՞նք են «Արտեմիս» ծրագրին 3 փուլերը

Այս առաջին փուլը` «Արտեմիս-1», պիտի ծառայէ ստուգելու փոխադրութեան այս նոր դրութիւնը եւ փորձելու «Օրիոն» անջրպետամեքենան:

«Արտեմիս-2»-ի աշխատանքները պիտի սկսին 2024-ին: Այս անգամ չորս աստղանաւորդներ պիտի գտնուին անջրպետամեքենային մէջ: Անոնց պաշտօնը պիտի ըլլայ լուսինին շուրջ դարձող այդ կեդրոնին մէջի նախապատրաստական աշխատանքները:

2025-ին, «Արտեմիս-3»-ի ծրագրին ծիրին մէջ, աստղանաւորդները պիտի իջնեն լուսինին վրայ` շնորհիւ մեքենայի մը, որ պիտի ծառայէ անջրպետամեքենային կեդրոնին եւ լուսինին միջեւ երթուդարձի:

– Տակաւին «Երկար քայլարշաւ» դէպի լուսին

«Օրիոն» անջրպետամեքենան երկրագունդ պիտի վերադառնայ 11 դեկտեմբերին: Սակայն մենք գիտենք, որ լուսինին մեծ արկածախնդրութիւնը տակաւին նոր կը սկսի: 2030-ական թուականներէն սկսեալ Չինաստանը կը ծրագրէ լուսինին վրայ բնակուած կեդրոն մը հաստատել` իրենց «Երկար քայլարշաւ-9» հրթիռին միջոցով:

Գիտէ՞իր, Թէ

Խաղալիքնե՞ր
Անջրպետամեքենային Մէջ

«Օրիոն» անջրպետամեքենան կը դառնայ լուսինին շուրջ: Ճիշդ է որ անոր մէջ մարդիկ չկան, սակայն կարգ մը իւրայատուկ առարկաներ ճամբորդութեան մաս կը կազմեն: Անոնց կարգին են.

– Շոն աչխար մը ներկայացնող փըլիւշ մը: Շոն ոչխարը եւրոպական անջրպետային կեդրոնին մասքոթն է: Եւրոպական անջրպետային կեդրոնը ՆԱՍԱ-ի հետ աշխատող կեդրոններէն մէկն է:

– Սնուփիի փըլիւշ մը: Ան իբրեւ «անկշռութիւն» ցուցիչ կը ծառայէ: Օդին մէջ «ծփալով»` ան գիտնականներուն ցոյց տուաւ, թէ ճիշդ ո՛ր վայրկեանին «Օրիոն»-ը անկշռութեան վիճակի մէջ էր, այսինքն երբ ճնշում գոյութիւն չունէր անոր մէջ:

– Վերջապէս, լեկոյէ 4 փոքրիկ կերպարներ, փոքրիկներուն մէջ անջրպետի մասին հետաքրքրութիւն յառաջացնելու համար:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել թիւերուն տեղերը տախտակին մէջ:

Մէկ Միլիառ. Պատասխան

1000 անգամ 1 միլիոն (1 միլիառ կը գրուի 1 եւ 9 հատ զերօ: 1 միլիոն կը գրուի 1 եւ 6 հատ զերօ):

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Կեանքէն Հեռացաւ Մատենագէտ, Հայագէտ, Մանկավարժ Եւ Խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան

Յաջորդը

Տպաւորութիւններ` «Կոմիտաս» Թատերախաղէն

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?