Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Կիրակի, 27 նոյեմբեր 2022-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ պիտի կատարուի մատաղօրհնէք:
Պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ մատաղի օրհնութիւնը կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Սկիզբ Ս. պատարագի` | ժամը 10:00-ին |
Քարոզ` | ժամը 11:00-ին |
Մատաղօրհնէք | ժամը 11:30-ին |
Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագի, պիտի կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն, եկեղեցւոյս բարերարներու, քահանայ հայրերու եւ ծառայողներու յիշատակին:
Կիրակի, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, ժողովրդային ընդունելութիւն պիտի կատարուի առաջնորդ սրբազան հօր, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին առջեւ, ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ հաղորդակից դառնալու օրուան խորհուրդին:
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի հետեւեալ գործաւորներուն
- Բեռնակառքի (Van) վարորդներու,
- Գործարանի մէջ աշխատող գործաւորներու,
- Ինքնաշարժներու մեքանիք եւ ելեկտրականութիւն նորոգող գործաւորներու,
- Էլեքթրօ-մեքանիք կազմածներ նորոգողներու:
Լաւ վարձատրութիւն` ըստ աշխատանքի:
Դիմել` հեռ. 03-244967:

