Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Մտքի Բոպիկութեան Ու Իրար Յօշոտելու Թատերավայր` Երկրի Մը Մասին (Լիբանանի Անկախութեան 79-Ամեակ)

Նոյեմբեր 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Մենք կ՛ապրինք պետութեան մը մէջ, ուր կ՛իշխեն քաղաքական այրեր,
որոնք կը գողնան զայն երբ համաձայն են, իսկ կը քանդեն` երբ տարակարծիք են:

ԺԱՄԻԼ ՍԱՅԵՏ
(Խորհրդարանի անդամ)

Լիբանանեան քաղաքական, համայնքային կառուցուածքին թէ պատմութեան քաջածանօթ նախկին բարձրաստիճան սպային եւ այժմու խորհրդարանին մաս կազմող պետական գործիչին վերոնշեալ միտքը ուշագրաւ ճշմարտութիւն մը կը պարփակէ:

Ճշմարտութիւն մը, որ կը վերաբերի այն իրականութեան, որով ապրեր է այս երկիրը` իր արդի ծնունդէն (1920) ի վեր: Ի դէպ, ֆրանսացիներու թէ այլ ուժերու  ձեռամբ լոյս աշխարհ եկած այս երկիրը`երբեմնի Մեծ Լիբանանը, թէեւ ունեցեր է իր բարգաւաճ ու խաղաղ ժամանակաշրջանը, մե՛րթ անկախութեան հռչակումով (1943), մե՛րթ տնտեսական զարգացման փուլերով (1950-1975), այդուհանդերձ, մտահան պէտք չէ ընել այն, որ այս երկրին ճակատագիրը միշտ ալ կախեալ է եղած երկու գործօններէ, ներքին`անմիաբանութիւն, պառակտում, սուր համայնքայնութիւն, եւ արտաքին` օտար ուժերու միջամտութիւն, հակոտնեայ դիրքերու հրահրում թէ այլ միջոցներու օգտագործում, պարզապէս սպասարկելու իրենց աշխարհաքաղաքական  մօտիկ թէ հեռակայ շահերուն:

Ըսուածին լաւագոյն ապացոյցը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմն է (1975-1990), երբ Լիբանան կոչուած երկիրը իր պետական կառոյցներով փուլ կու գար եւ կը ստեղծուէր մասնատուած հողատարածք մը, ուր տեղական միլիսներ, տարբեր անուանումներու տակ, կը ղեկավարէին շրջաններ ու կառոյցներ, յաճախ կռուելով իրարու դէմ եւ շատ անգամ բնաջինջ ընելով հակառակորդ-թշնամին:

Հարկ է խոստովանիլ, որ այս դժբախտ իրավիճակէն օգտուողներու շարքին էին նաեւ աւատապետեր, մեծահարուստներ ու քաղաքական կուսակցութեան շէֆերը, որոնք ամբողջ պատերազմի ժամանակամիջոցին, ոչ միայն կրցան առաւել հարստանալ, քաղաքականապէս ուժեղանալ, այլ նաեւ յաջողեցան ամրագրել իրենց դերն ու տեղը, հեղինակութիւնը եւ տէր դառնալ յետպատերազմեան Լիբանանին, որ աւելի քան երեսուն տարի է հոգեվարքի մէջ ըլլալով` կը սպասէ իր մահուան լուրին:

Ի դէպ, մտահան պէտք չէ ընել նաեւ, որ յետպատերազմեան Լիբանանը, իր կարգին, տեսաւ ու ապրեցաւ վերաշինութեան տարիներ, բոլոր մակարդակներու վրայ, երբ թաքուն թէ բացայայտ գործելաոճեր թէ քաղաքական արեւելումներ, իրար յաջորդելով` փորձ կը կատարէին, այսպէս ըսած, փրկել, վերակառուցել ու ստեղծել նոր Լիբանանը, որ պիտի կարենար ստանձնել իր երբեմնի դերակատարութիւնը` յատկապէս միջինարեւելեան թէ շրջանային հարթակներու վրայ:

Թէեւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ (2005) վերջ կը գտնէր այդ երազը, եւ Լիբանան մուտք կը գործէր խաւարի ու անորոշութեան ժամանակներ, այդուամենայնիւ համեստ լիբանանցին կառչած կը մնար իր վերապրումի յոյսին ու հաւատքին, բայց` ի զուր:

Փաստօրէն, վերջին տարիներու (2019-էն ասդին) ալեկոծումները լիբանանեան կեանքին մէջ, սապէս, արագացուցին անոր մահուան վճիռը եւ, կարծես, թաղման, կամ այսպէս ըսած, վերջնական փլուզման ժամն է, որ կը սպասուի ատենէ մը ի վեր:

Ինչեւէ:

Այս երկրին պարագային, տարօրինակը այն է, որ հարիւր տարիէ գոյութիւն ունին նոյն հարցերը, մտահոգութիւններն ու տագնապները: Աւելի՛ն. ծիծաղաշարժ ըլլալու չափ անըմբռնելի են այն բոլոր խօսքերը, յորդորները, քարոզներն ու պէս-պէս թելադրանքները, որոնք հնչած են այս կամ այն պետական այրի, քաղաքական մարդու, բարձրաստիճան կղերականի, մտաւորականի թէ հասարակական գործիչի բերնով, գրիչով թէ բեմահարթակներու վրայ:

Այսպէս ըսած, տասնամեակներու վրայ երկարող նմանատիպ կարգախօսեր, կարծես, լիբանանցիին համար եղած են դեղատոմսեր, ճարահատեալ վիճակը քիչ մը թեթեւցնող մտամարզանք, ինչպէս նաեւ` իր առօրեայ ցաւն ու հոգը մոռացութեան տուող բուժման ձեւեր: Այլ խօսքով` ժողովուրդ մը ամբողջ, իր բոլոր շերտերով եւ այլազանութեամբ ապրեր է խաբկանքի մէջ` իր մտքին մէջ վառ պահելով յոյսի եւ լոյսի ճանապարհներ, թէ` «երկու տարի ետք ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ»-ի անմեղ, խեղճ եւ սակայն ողբերգութեամբ թաթաւուն պահուածքի մը անսալով:

Արդ, կրկնելու գնով յայտնենք, որ ինքզինք փիւնիկեցիներու ժառանգորդ համարող այս երկրի ժողովուրդը, քաղաքակրթական ոստան ըլլալու յաւակնութեամբ ապրող ու շնչող լիբանանցին, վաճառականի հոտառութեամբ յատկանշուող այս կամ այն հաւաքական միջավայրը, ըստ երեւոյթին չեն գիտակցած ճշմարտութեան մը անսեթեւեթ, որ իրերամերժութիւնն ու այլատեացութիւնը, զիրենք մատնած է ահռելի կացութեան` հասնելով քաոսային վիճակներու եւ մասամբ նորին:

Իրօք, նոյն լիբանանցին է (քրիստոնեայ-իսլամ), որ` կորսնցնելով վստահութիւնն ու իրար յարգելու մարդկային տարրական գիտակցութիւնը, արդէն ինքզինք մխրճած է ապաշնորհ, ապազգային ու ազգաքանդ յորձանուտին մէջ, պարզապէս յագուրդ տալով իր երբեմնի, արմատաւորուած եւ կոյր համայնքայնութեան:

Լաւագոյն ապացոյցը` ներկայ օրերու քաղաքական իրավիճակն է, երբ երկիր մը չունի նախագահ, կամ ժողովուրդ մը, որ չունի կամք ու արժանապատուութեան զգացում, մէկդի շպրտելու ներքին հակասութիւնները ու արտաքին թելադրանքները, եւ ընտրելու սեփական երկրի նախագահ, որպէս երաշխիք պետականութեան թէ քաղաքական կեանքի հունաւորման:

«Լուպնան էլ ախտար»-ի, ռահպանիներու թէ Ֆէյրուզի լիբանանցիները յաճախ կը յոխորտան իրենց պատկանելիութեամբ, մշակոյթով եւ ձեռներէցութեամբ: Ճիշդ է, որ այս ու մնան մտածումներ, ըլլալով իրականութեան մէջ ջնջին տոկոսը, խորքին մէջ շատ մեծ համեմատութիւն մը լիբանանցիներու, օրն ի բուն կը յօշոտեն իրար, ինչ-ինչ պատճառաբանութիւն եւ չքմեղանք սրսկելով շուրջբոլոր:

Արդ, ի՜նչ անկախութեան, գերիշխանութեան թէ քաղաքատնտեսական կեանքի մասին է խօսքը, երբ նոյն երկրին մէջ ապրող ժողովուրդը ունի բազմաբեւեռ ու բազմաշերտ քաղաքական հայեացքներ, արեւելումներ, նպատակներ:

Կարծես, բաւարար չեն եղած երբեմնի օսմանցիներու վայրագութիւնն ու սովի, սպանդի ու տիրակալական ախորժակներու արհաւիրքը, գաղութարարներու անհաճոյ ճնշումները, եղբայրասպան կռիւներն ու սարսափելի հետեւանքները, այս մարդիկը`լիբանանցիները, կը շարունակեն յամառօրէն ցոյց տալ քաղաքական մտքի տհասութիւն, բոպիկութիւն, արդարացնելով իրենց ինքնամերժումի, ժխտումի ու օտարի լուծին սպասարկելու միտումները:

Թէ ինչո՛ւ քաղաքական լուծումները փարսախներ հեռու են այս երկրէն, պարզապէս որովհետեւ լիբանանցին կամքն ու խելքը չունի ձերբազատելու իր իսկ ստեղծած քաոսէն`համայնքայնութիւն կոչուած ճամբարէ, զոհի կերպարի մէջ մնալու յամառութենէ, օտարածին բարքերու երկրպագութենէ, օտարի ծառայութեան կոչուած ղեկավարներու տիւ եւ գիշեր խնկարկումէ, դարպասումէ:

Ինչպիսի բացատրութիւն ալ տրուի առկայ դժոխային կացութեան, լիբանանցին է յանցաւոր, որ տժգոյն շահերէ թելադրուած, չէ ուզած կառուցել պետականութիւն, այլ մնալ խաւաքարտէ շինուած պետութիւն-երկրի մը մէջ, ուր տիրող է կաշառքը, անձի պաշտամունքն ու աւատապետական կարգ ու սարքը:

Միւս կողմէ, ինքնագովութեան որոգայթէն հեռու, Լիբանանի ու ժողովուրդին բարօրութեան, բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան երկար տարիներ ծառայած, աշխատած ու զոհուած լիբանանահայութիւնը, իրաւունք ունի բարձր գոչելու. «Հէ՜յ ջան, Լիբանա՛ն, ուր կ՛երթաս»:

 

 

 

Նախորդը

ՋԱՀ Լրատուական – Թիւ 8

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. Ոգեկոչական Հանդիպում Բազմավաստակ Կրթական Մշակ, Մշակոյթի Նուիրեալ` Գեղանի Էթիէմէզեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?