Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հայկական Սփիւռքը` Թուրքիոյ Պետական Այրերու Մղձաւա՞նջը…

November 18, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ, աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալըն անցնող օրերուն «CNN Turk» պատկերասփիւռի կայանէն խօսած է հայ-թրքական, հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացներուն մասին:

Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման, Քալըն մէկ կողմէ այդ յարաբերութիւններու տնտեսական առաւելութիւնները յիշելով` յայտնած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորումը լաւ կ՛ըլլայ թէ՛ Հայաստանի ժողովուրդին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի հայերուն եւ թէ՛ հայկական սփիւռքին համար: Միւս կողմէն` իր խօսքին մէջ կրկին քննադատած է հայկական սփիւռքը` դիտել տալով, որ այս յարաբերութեան օգուտը հաւանաբար ամենաուշը Ամերիկայի ու Ֆրանսայի հայկական համայնքները հասկնան, եւ զանոնք համարելով աշխարհի մէջ 2 ամենամեծ հայկական սփիւռքի համայնքները` յոյս յայտնած, որ անոնք ալ կը հասկնան, թէ կարգաւորումը շահեկան կ՛ըլլայ նաեւ առեւտուրի տեսանկիւնէն:

Ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ Ազրպէյճանի պետական այրերու ելոյթներուն մէջ վերջին շրջանին մէկէ աւելի անգամներ կը հնչեն հայկական սփիւռքը Հայաստանի շահերուն հակառակ ուղղութեան վրայ տեղադրելու փորձեր:

Թուրքիան որքան ալ իր յարաբերութիւններու կարգաւորման թեզին մէջ բառացիօրէն չյիշէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, իր քաղաքականութեամբ կը ջանայ վերացնել անոր արծարծման կարելիութիւնները` Հայաստանի շահերը հակադրել փորձելով սփիւռքի կազմակերպ համայնքներուն ու սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան մէջ ճեղքերու յառաջացման ծառայող ամէն լծակ օգտագործելով:

Կազմակերպուած սփիւռքը թիրախն է թուրք-ազրպէյճանական պետական այրերուն, որովհետեւ անոնք քաջ գիտեն, որ`

– Կազմակերպուած սփիւռքը թուրքազրպէյճանական ոտնձգութիւններուն դէմ ձայն բարձրացնողն է:

– Կազմակերպուած սփիւռքը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն կրողն ու վկան է:

– Կազմակերպուած սփիւռքը իր տնտեսական եւ քաղաքական կարելիութիւններով Հայաստանին նեցուկ կանգնողն է:

Ուստի ամէն առիթ պիտի օգտագործեն քննադատելու սփիւռքը, Հայաստանի հետ անոր կապերը թուլցնելու համար ընծայուած ամէն առիթ օգտագործելու:

Մեր կարգին, սփիւռք-հայրենիք միասնութիւնը քաղաքական ամէն տարակարծութենէ վեր պահելու համար ի՞նչ կ՛ընենք:

Համաշխարհային գագաթնաժողո՞վ կը կազմակերպենք` առանց սփիւռքը կազմակերպած ու անոր հարիւրամեայ գոյութիւնը երաշխաւորած կառոյցներու մասնակցութեան… Համահայկական օրակարգը երկրորդակա՞ն, թէ՞ անիրատեսական կը համարենք…

Կարգ մը սփիւռքահայերու մո՞ւտքը կ՛արգիլենք Հայաստան…

Ի՞նչ կ՛ընենք, որո՞ւ ջաղացքին ջուր լեցնելու համար:

Նախորդը

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ծերակոյտին Առաջարկներն Ու Գործադիրին Ընդառաջելու Քաղաքական Պահերը

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է Դաստիարակ Եւ Գործիչ Դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեան

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.