Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշնան Առաջին Անձրեւը

November 12, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աշուն էր: Քեսապի կապոյտ երկինքը հետզհետէ կը քողարկուէր փոքրիկ ու մաքուր, բամպակի ճերմակութեամբ ամպերով: Անոնք աջ ու ձախ ցրուած էին: Այդ վիճակէն նեղութիւն զգացին, առանձնութիւնն ալ հաճելի չթուեցաւ իրենց: Իրարու մօտենալու ընթացքին ոմանք յոգնեցան, իրենց շալկած բեռան ծանրութիւնը զգացին, ուստի այդ բեռը թեթեւցնելու համար անձրեւի քանի մը կաթիլներ վար նետեցին ու երթը շարունակեցին:

Անդին` Գարատուրանի ծովու կողմէն խոժոր դէմքով, մոխրագոյն, հսկայ ամպեր խուժելով կը մօտենային ճերմակ ամպերուն, որոնք շարքերը խտացուցած էին: Իսկ փոքրիկ ամպերը, որոնք աջ ու ձախ կը վազվզէին` զանազան բնապատկերներ գծելով, վախցած ու իրար անցած, արագ-արագ սկսած էին մօտենալ ճերմակ մայր ամպերուն, որպէսզի աւելի զօրաւոր ու ապահով զգային: Վերջապէս այդ հսկայ մոխրագոյն ամպերուն դէմ դնելը հսկայ ուժ կը պահանջէր:

Իսկ քեսապցիները քաջատեղեակ էին, որ երբ ծովու` Գարատուրանի կողմէն ամպերը դէպի Քեսապ խուժէին, անպայման անձրեւ պիտի տեղար:

Երկու կողմերը մարտական ոգիով սպասման վիճակի մէջ էին: Առաջին շարքերու վրայ գտնուող երկու կողմերու հսկայ ամպերը նախ կուրծք-կուրծքի ուժգին բախեցան: Զօրաւոր փայլատակում մը տեղի ունեցաւ: Անոնց դղրդալի ձայնը` որոտումը, այնքան զօրաւոր պայթեցաւ, որ հրթիռի մը պայթումը ըլլար կարծէք: Պայթիւնի լեռնէ լեռ տարածուած ձայնն ու արձագանգը աւելի զօրաւոր դարձան: Լեռները թնդացին կարծէք:

Բախումը հոն կանգ չառաւ: Երկու կողմի մարտնչող ուժերու կողմնակիցները օգնութեան հասան: Ուստի մարտը աւելի ու աւելի հրահրուեցաւ: Փայլատակումն ու որոտումը չընդհատուեցան: Երկու կողմերն ալ անզիջող էին: Ամէն մէկը յամառօրէն մնաց իր կեցուածքին վրայ:

Ճակատամարտի ընթացքին ոմանք յոգնեցան եւ իրենց շալկած բեռը սկսան պարպել: Տեղ-տեղ անձրեւ տեղաց: Ուրիշներ յամառօրէն դիմացան, վիճակը ծանր էր, սակայն իրենց ակռաները սեղմած, ծանր բեռը շալկած` տոկացին:

Երկու կողմերը երբ նկատեցին, որ հարցը հետզհետէ աւելի կը բարդանայ, իսկ իրենց սուսերամարտը շատ երկար պիտի տեւէ, անտեղի զոհերուն ի տես որոշեցին հաշտութիւն կնքել:

Այս կողմէն քանի մը հսկայ ճերմակ ամպեր, այդ կողմէն քանի մը վիթխարի մոխրագոյն ամպեր բանակցութեան նստան: Անոնց հանդիպումն ու միաձուլումը որքա՜ն գեղեցիկ էր երկնքին մէջ:

Ու վերջապէս տրամաբանութիւնը յաղթեց:

Ի՞նչն էր, որ չէին կրցած բաժնուիլ երկնքի անհունին մէջ: Աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար կռիւ տալու փոխարէն` հաշտութեամբ սլանային անծայրածիր երկնքին մէջ: Վերջապէս երկուքին նպատակն ալ նոյնն էր` իրենց շալկած բեռը պարպելն էր: Պարտիզպանն ու անոր ծառերը ուրախացնելն էր: Պարտիզպանն ալ այդ անձրեւը դեղի նման կը սպասէր, յատկապէս` այն ծառերուն համար, որոնք ջրելու յարմարութիւն չէին ընծայեր, այդ պատճառով ալ իրենց պտուղները մանրիկ կը մնային:

Հաշտութիւնը կնքուելէն անմիջապէս ետք կաթկթուկը սկսաւ: Պարտէզներուն մէջ գտնուող այն պարտիզպանները, որոնց բնակարանները հեռու էին, պատսպարուելու տեղ կը փնտռէին: Ոմանք թոնիրի մը ծածկին տակ պատսպարուեցան: Ոմանք քաջ գիտնալով, որ աշնանային անձրեւը շուտով կանգ կ՛առնէ, իրենք զիրենք դափնիի նման խիտ ծառի մը տերեւներու հովանիին տակ պատսպարեցին:

Իսկ ձիթապտուղի ծառեր ունեցող պարտիզպաններուն սրտերը ուրախութեամբ ողողուեցան: Աշնան անձրեւը ոչ միայն դեղ էր ձիթապտուղի ծառերուն համար, այլեւ պարարտ պիտի դարձնէր անոնց հատիկները եւ կրկնապատկէր անոնց չափն ու որակը:

Քիչ ետք ամպերը ցիր ու ցան եղան:  Անոնց ետեւէն արեւը դուրս եկաւ յաղթական: Միայն օրթոններէն հոսած ջուրի գլգլան ձայնն էր, որ կը լսուէր տանիքներուն վրայ հաւաքուած անձրեւի ջուրերէն:

Բարձրադիր լեռներէն դէպի վար հոսող մշուշին ետեւէն,  արեւուն ճառագայթներուն մէջէն մարտնչող ամպերուն հաշտութեան պայմանագիրին գունագեղ ծիածանը շողաց հորիզոնին վրայ:

Աշունը ամրան ողջերթը սկսած էր կազմակերպել: Ամառը դժկամութեամբ ու անսիրտ կը բաժնուէր, բայց սա է բնութեան կարգը ու պէտք էր ենթարկուիլ®

 

 

 

Նախորդը

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Յաջորդը

Փաշինեան Կ՛ամբաստանէ… Փաշինեանը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.