Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը յունիսին Իրան այցելութեան ընթացքին Իրանի իսլամական հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆը հրաւիրած է Հայաստան: Քալիպաֆ ընդունած է հրաւէրը: Այս մասին «Թերթ»-ին ըսած է Ազգային ժողովի նախագահի բանբեր Ծովինար Խաչատրեան:
«Ժամկէտներու եւ այլնի մասին այս պահուս որեւէ բան չենք կրնար ըսել», յայտնած է Խաչատրեան:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ տեղեկութիւն տարածուած է, թէ Իրանի իսլամական հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ ջնջած է Ազրպէյճան այցելութիւնը եւ Հայաստան կ՛երթայ:
Նշենք, որ շուրջ երկու շաբաթ առաջ Հայաստան այցելած էր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան: Ան Կապանի մէջ մասնակցեցաւ Իրանի ընդհանուր հիւպատոսութեան բացման:
Օրեր առաջ ալ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած էր Թեհրան: