Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով ծառայութեան մամլոյ բանբեր Նապիլա Մասրալին 3 նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի երրորդ նիստին վերաբերեալ յայտարարութիւն հրապարակեց:
«Եւրոպական Միութիւնը Պրիւքսելի մէջ հիւրընկալած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանային յանձնախումբերու երրորդ հանդիպումը: Հանդիպումը յաջորդած է Եւրոպական խորհուրդի (նախագահ) Շարլ Միշելի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Պրիւքսելի մէջ կատարած բարձր մակարդակի հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն: Եւրոպական Միութիւնը բարձր կը գնահատէ կառուցողական մթնոլորտը, որուն մէջ անցած է հանդիպումը, եւ կողմերու պատրաստակամութիւնը` շարունակելու աշխատանքը սահմանային խնդիրները լուծելու, ինչպէս նաեւ անվտանգային կացութիւնը բարելաւելու ուղղութեամբ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ նիստը կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի նախագահութեամբ:
Մինչ նիստի մեկնարկը Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան ընդհանուր քարտուղար Սթեֆանօ Սանինօ ողջունած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնները, յաջողութիւն մաղթած յանձնախումբերու աշխատանքներուն եւ վերահաստատած Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը հետագային եւս օժանդակութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերուն մէջ: