Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանը Եւ Ազրպէյճանը Պայմանաւորուած Են Արագացնել Սահմանազատման Յանձնախումբերու Միացեալ Գործունէութեան Կարգի Համաձայնեցումը

November 4, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրիւքսելի մէջ 3 նոյեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի երրրորդ նիստը` Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի նախագահութեամբ:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն, մինչեւ նիստի մեկնարկը Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան գլխաւոր քարտուղար Սթեֆանօ Սանինօ ողջունած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնները, յաջողութիւն մաղթած է յանձնախումբերու աշխատանքներուն եւ վերահաստատած է Եւրոպական միութեան պատրաստակամութիւնը հետագային եւս օժանդակութիւն ցուցաբերել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերուն մէջ:

Ըստ աղբիւրին, Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւ իրենց ողջոյնի ելոյթներուն մէջ երախտագիտութիւն յայտնած են Եւրոպական Միութեան խորհուրդին հանդիպման լաւ կազմակերպման համար:

Կը նշուի, որ, հաշուի առնելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ղեկավարներու մակարդակով տարբեր ձեւաչափերու մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, կողմերը կը շարունակեն սահմանազատման հարցերու քննարկումը, անդրադարձ կատարած են կազմակերպչական եւ ընթացակարգային հարցերու:

«Յանձնախումբերու միացեալ գործունէութեան իրաւական շրջանակներու ձեւաւորման նպատակով` կողմերը պայմանաւորուալծ են արագացնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի միացեալ գործունէութեան կարգի համաձայնեցման աշխատանքները», կը յայտնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ կողմերը պայմանաւորուած են աշխատանքային կարգով որոշել յանձնախումբերու չորրորդ նիստի կայացման ամսաթիւը եւ վայրը:

 

Նախորդը

Ալիեւ Էրտողանին Յայտնած Է Սոչիի Եռակողմ Հանդիպումի Մասին Տեղեկութիւններ

Յաջորդը

Միրզոյեան. «Հայ-Թրքական Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ Յառաջընթաց Կայ»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.