Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հեռաձայնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ազրպէյճանական կողմին համաձայն, նախագահներ Ալիեւն ու Էրտողանը քննարկած են Սոչիի մէջ Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ հանդիպումն ու միացեալ յայտարարութիւնը:
Զրոյցի ընթացքին կողմերը նաեւ միտքեր փոխանակած են Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւններու տարբեր երեւոյթներուն շուրջ:


