«Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ձգելը յղի է ցեղային զտումներով», նշած են Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները` Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ Փիթըր վան Տալենի, Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտոյի եւ Լարս Փաթրիք Պերկի հետ կայացած հանդիպման ժամանակ:
Հիւրերը Հայաստանի մէջ են` ծանօթանալու այն իրականութեան, որուն կ՛առերեսուի երկիրը, ինչպէս նաեւ` այս դժուարին ժամանակներուն մէջ իրենց համերաշխութիւնը յայտնելու հայ ժողովուրդին:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ազրպէյճանական լայնածաւալ հակայարձակումին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման վերաբերող հարցերուն:
Նշուած է, որ այսօր եւրոպական բազմաթիւ կառոյցներ կրկնակի չափանիշերու քաղաքականութիւն որդեգրած են եւ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակին մէջ ուժանիւթի շահերը բարձր կը դասեն միջազգային իրաւունքի սկզբունքներէն:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի մասին զեկուցումին, որ յառաջիկային պիտի քննարկուի Եւրոպական խորհրդարանին մէջ:
1 նոյեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումին մասնակցած են Հայաստանի Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամներ Արթուր Խաչատրեան, Լիլիթ Գալստեան, Աննա Գրիգորեան եւ Ասպրամ Կրպէեան:


