Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան Սահմանի Կացութեան` «Որոշակի Խաղ Կ՛ընթանայ Եւ Ես Կը Հասկնամ, Թէ Ի՛նչ Խաղ Է, Ինչո՛ւ Եւրոպականի Միութիւնը Ներքաշուած Է Անոր Մէջ, Ինչո՛ւ Այնտեղ Քարշ Կու Տան ԵԱՀԿ-ին Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Նոյեմբեր 2, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ երէկ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը: ՊԵԼԹԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երկրի ղեկավարը կարելի եղածին չափ բաց եւ անկեղծ խօսած է այս եւ ՀԱՊԿ-ի մէջ տիրող կացութեան առնչուած հարցերուն մասին:

«Այս տագնապը (Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, «Ա.») պէտք է աւարտել: Եւ Աստուած մի արասցէ մենք տակաւին տագնապը հրահրենք տաճկախըրխըզական սահմանին վրայ: Ասիկա նոյնպէս անընդունելի է: Մենք պէտք է վերջ տանք ատոր: Չ՛ըլլար, որ ՀԱՊԿ-ի շրջանակին մէջ մենք չենք կրնար կանգնեցնել այդ տագնապները: Մենք պէտք է լրջօրէն քննարկենք այդ հարցերը ՀԱՊԿ-ի յաջորդ նստաշրջանին մէջ», ըսած է Պիելոռուսիոյ ղեկավարը:

Նոյեմբերի երկրորդ կիսուն նախատեսուած ՀԱՊԿ-ի հերթական վեհաժողովի նախաշեմին Լուքաշենքոն ուշադրութեան հրաւիրած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող կացութեան վրայ:

«Այնուամենայնիւ, դուք անձամբ այնտեղ էիք, տեսաք, թէ ի՛նչ կը կատարուի, միացեալ սպայակոյտի պետն ալ աշխատեցաւ, ամէն պարագայի ասոնք մասնագէտներ են: Օրինակ, երբ կ՛առաջարկուէր այնտեղ ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւն ուղարկել, ես մտածեցի` մենք այստեղ` Պիելոռուսիոյ մէջ, Զասէն աւելի ուժեղ մարդ ունի՞նք», ըսած է երկրի ղեկավարը:

Լուքաշենքօ նաեւ նշած է, որ Ռուսիան արդէն միջնորդ է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կացութեան կարգաւորման հարցին մէջ, եւ ատիկա բաւական է. «Պատերազմը աւարտեցաւ: Յստակ է, թէ ինչպէս աւարտեցաւ: Կողմերը որոշած են, որ իրենց միջնորդ պէտք է: Ասիկա դասական արժեչափ է: Բնականաբար, անիկա Ռուսիան է: Դիմեցին Ռուսիոյ: Ռուսիան այնտեղ հարիւրաւոր մարդիկ տեղակայեց: Մենք կը յիշենք, թէ օդանաւերը ինչպէ՛ս թռիչք կ՛առնէին: Ռուս սահմանապահները, ինչպէս Փութին ըսած է, կը գտնուին սահմանի բոլոր հատուածներուն մէջ: Թէ՛ Թուրքիոյ հետ, Իրանի հետ այնտեղ, թէ՛ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եւ այլն: Ալ ի՞նչ պէտք է: Թող այս ուղղութեամբ աշխատին:  Ի զուր չըսի, որ որոշակի խաղ կ՛ընթանայ: Ես կը հասկնամ, թէ ի՛նչ խաղ է, ինչո՛ւ Եւրոպական Միութիւնը ներքաշուած է անոր մէջ, ինչո՛ւ այնտեղ քարշ կու տան ԵԱՀԿ-ին: Ինչո՞ւ: Տէ, հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ: Ի՞նչ պիտի ընեն այնտեղ, եթէ այնտեղ արդէն միջնորդ կայ: Եւ ՀԱՊԿ-ին ալ պէտք է ներքաշել ատոր մէջ: Կարծես ուրիշ ընելիք չկայ», ըսած է Լուքաշենքը:

«Ժամանակին, երբ մենք, կը կարծեմ, հերթական անգամ կը նախագահէինք ՀԱՊԿ-ի մէջ, ես կը զբաղէի այդ հարցով, գացի Իլհամի մօտ, խօսեցայ անոր հետ, ընկերաբար խօսեցայ: Եւ ես անոր այսպիսի հարցում ուղղեցի, կատակով. «Իլհամ Հայտարովիչ, լա՛ւ, պէտք է օգնել Հայաստանին, եթէ համաձայնութեան գաք»: Իսկ խօսքը հինգուկէս կամ վեց շրջանի մասին էր` ազրպէյճանական շրջաններու, որոնք, ինչպէս իրենք կը յայտարարէին, գրաւած էին հայերը: Հայերը խոստովանած են, որ «ասիկա մեր հողը չէ, ասիկա ազրպէյճանական է»: Բացի Ղարաբաղէն: Ուրեմն վերադարձուցէ՛ք զայն: Եւ եթէ, երբ ես առաջարկեցի ատիկա ընել, այդ տարածքները վերադարձուէին, պատերազմ չէր ըլլար: Իլհամը այս պատերազմը սկսելու դրդապատճառ չէր ունենար: Տէ, դուք շրջաններ կ՛ուզէիք, տուին: Կը մնար Ղարաբաղի կարգավիճակը: Հանգիստ դրութեամբ պիտի որոշէին: Սակայն այն ժամանակ ո՛չ Սերժ Սարգսեանը, ո՛չ ալ Նիկոլ Փաշինեանը չհամաձայնեցան: Ես երկու անգամ բարձրացուցած եմ այս հարցը», մանրամասնած է Պիելոռուսիոյ ղեկավարը:

«Ես այն ժամանակ Իլհամին հարցուցի. «Լսէ՛, լա՛ւ, ըսենք` համաձայնեցանք, պէտք է որոշ ձեւով օգնել Հայաստանին, որպէսզի ժողովուրդը տեսնէ, որ հաշտուած էք եւ այլն (Հարուստ մարդ էր, այն ժամանակ իսկապէս քարիւղը շատ սուղ էր եւ այլն): Թէ, ինչքա՞ն կրնաս ներդրում կատարել Հայաստանի մէջ»: Կ՛ըսէ` առնուազն հինգ միլիառ, եւ կը ծիծաղի, սակայն գլխաւորը` խողովակաշարերու կառուցումը: Չէ՞ որ անոնք կը շրջանցէին Հայաստանը: Իսկ Իլհամը կ՛առաջարկէր այս կազատարները եւ քարիւղամուղները Հայաստանէն անցընել: Կ՛ըսէ` ինչո՞ւ պտտիմ Վրաստանի շուրջ, Հայաստանով կ՛երթամ, ատիկա մեզի ձեռնտու է: Եւ Թուրքիա եւ ատկէ դուրս: Ձեռնտո՞ւ էր: Ձեռնտու էր: Սակայն ո՛չ: Ազրպէյճանի նախագահը անկիւն մղեցին: Անոր ոչինչ կը մնար, քան ուժ կիրարկել: Ձգձգելը անկարելի էր: Աւելի քան մէկ միլիոն գաղթականներ լարուածութիւն ստեղծած էին: Ահա` որն է էութիւնը: Իսկ ես արդէն, իբրեւ քաղաքականութեան մէջ փորձառու մարդ, անցած եմ այս բոլորին  մէջէն…

«Լաւ, հիմա խաղալու իմաստը ի՞նչ է: Հիմա վերջապէս պէտք է, եթէ համաձայնած են հաշտուիլ, պէտք է հաշտութիւն կնքեն: Եւ այստեղ որեւէ բան հնարելու կարիք չկայ… Դուն (Զասը, «Ա.») այնտեղ ալ եղած ես: Սահմանը կը բաժնեն, ինչպէս ինծի ըսած են, Լեռներուն վրայ տեղ մը: Լսեցէ՛ք, ի՞նչ սարեր: Համաձայնութեան եկէ՛ք: Նախիջեւան իբրեւ ազատ անցում ըլլայ: Այսօր, կարծես թէ, Լեռնային Ղարաբաղը որոշուած է: Առայժմ: Այդ հոլովոյթը այնտեղ կ՛ապահովէ Ռուսիան: Ինչո՞ւ հիմա իրար կը սպաննէք: Գրեթէ 300 մարդ զոհուած է, եւ անոնք բաներու մասին կը խօսին: Պէտք է հանդարտիլ եւ համաձայնիլ: Ահա թէ ուրկէ կու գայ իմ դիրքորոշումս: Այնտեղէն` հին ժամանակներէն: Աւելի քան տասը տարի առաջ: Այդ իսկ պատճառով ես հիմա այդքան կոշտ կ՛արձագանգեմ ասոր», եզրափակած է Լուքաշենքօ:

Յիշեցնենք, որ Պիելռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ եւ առցանց նիստի ժամանակ մեկնաբանած էր Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանային տագնապը: Այս մասին հաղորդած էր «Պելառուս» կայքը:

Լուքաշենքոն պատասխանած էր Նիկոլ Փաշինեանի երկու հարցերուն.«Դուրք երկու հարց կը դնէք նախ կարդացի. «Կացութիւններու գնահատականը եւ ՀՊԱԿ-ի դիրքորոշումը»: Դուք պահանջեցիք, որ մենք որոշենք մեր դիրքորոշումը: Դուք չէ՞ք գիտեր մեր դիրքորոշումը: Մենք կ՛ուզենք, որ դրացի պետութիւններու միջեւ հակամարտութիւնը լուծուի խաղաղ ճամբով», ընդգծած է Լուքաշենքոն:

Ան նաեւ պատասխանած էր երկրորդ հարցին, որ կը վերաբերէր Հայաստանի ամբողջական վերականգնման ճամբու քարտէսին:

«Երկրորդ հարցը` «Տուէ՛ք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման ճամբու քատէս»: Ի՞նչ ճամբու քարտէս: Ես ձեզ անմիջապէս պիտի պատասխանեմ` նստեցէ՛ք Իլհամ Ալիեւի հետ, եթէ պէտք է հարցուցէ՛ք Ռուսիոյ նախագահին եւ որոշում տուէ՛ևք», ըսած էր Պիելոռուսիոյ նախագահը:

Լուքաշենքօ ուշադրութեան հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ եթէ որոշումը այսօր չտրուի, աւելի վատ պիտի ըլլայ:

«Դուք անձամբ ատիկա կը հասկնաք: Մեզի այս տագնապը պէտք չէ: Այստեղ դուք երկու հարց դրած էք: Նիկոլ Վովայեւիչ, անոնք աւելի քան տարօրինակ են», նշած է Լուքաշենքօ:

Նախորդը

Լաւրովն Ու Չաւուշօղլուն Քննարկած Են «3+3» Հարթակի Ծիրին Մէջ Հանդիպումի Նախապատրաստումը

Յաջորդը

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Ընդդիմադիր Խմբակցութիւններու Ներկայացուցիչները Հանդիպած Են Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններուն

RelatedPosts

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին
Հայկական

Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին
Հայկական

Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?