Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Փրակա-Սոչի. Միջնորդական Մրցապայքար

Նոյեմբեր 2, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սոչիի եռակողմ յայտարարութեան մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան ուղղակիօրէն վերաբերող բաժինները պէտք է լուսարձակի տակ առնել` արժեւորելու համար նախասոչի կատարուած յայտարարութիւնները Ռուսիոյ նախագահին կողմէ եւ անոնց կիրարկելիութեան հաւանականութիւնը:

Առաջին. «Նշելով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի առանցքային ներդրումը իր տեղակայման գօտիի անվտանգութեան ապահովման առումով` ընդգծեցինք տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ Ռուսիոյ ջանքերու արդիականութիւնը»:

Երկրորդ. «Ընդգծեցինք Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման աշխուժ նախապատրաստման կարեւորութիւնը` տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու համար: Առկայ զարգացումներու հիման վրայ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու փոխընդունելի լուծումներու որոնումը: Ռուսիոյ Դաշնութիւնը անոր կը ցուցաբերէ կարելի ամբողջ աջակցութիւնը»:

Երրորդ. «Շեշտեցինք Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ դրական մթնոլորտի ձեւաւորման կարեւորութիւնը` Ռուսիոյ աջակցութեամբ հասարակութեան ներկայացուցիչներու, փորձագիտական համայնքներու եւ կրօնական առաջնորդներու միջեւ երկխօսութիւնը շարունակելու, ինչպէս նաեւ միջխորհրդարանական եռակողմ շփումներու մեկնարկը` ամրապնդելու վստահութիւնը երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ»:

Չորրորդ. «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարները ողջունեցին Ռուսիոյ Դաշնութեան պատրաստակամութիւնը` շարունակելու ամէն կերպ նպաստել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան

եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ բարգաւաճման ապահովման առումներով»:

Պարզ է, որ հիմնական տեղաշարժ չկայ այսօրուան կացութեան մէջ: Նորութիւնը այն է, որ Ռուսիոյ աջակցութեամբ պիտի ձեռնարկուին հասարակական եւ կրօնական մակարդակներու վրայ երկխօսութեան գործընթացներ: Այլապէս, ամբողջ յայտարարութեան առանցքային բաժինը` Ռուսիոյ միջնորդութիւնն է, երաշխաւորութիւնը  եւ երկու կողմերուն կատարած ընդգծումները` ռուսական աջակցութիւններն ու խաղաղապահ առաքելութիւնը կարեւոր նկատելու առումով: Սոչին ուրեմն ոչ թէ հիմնական տեղաշարժ ապահովելու ուղղուած է, որքան ռուսական տիրոյթի բացարձակութիւնը յայտարարելու:

Սոչիէն անմիջականօրէն առաջ նախագահ Փութինի հրապարակումը ուաշինկթընեան եւ ռուսական նախագիծերու մասին նոյն մղումը ունէր: Հայկական կողմին ուղղուած հռետորական հարցումը, որ եթէ հայկական կողմը պատրաստ է ազրպէյճանական գերիշխանութեան տակ ընդունելու Արցախը ուաշինկթընեան նախագիծով, ապա Մոսկուան որեւէ բան չի կրնար պարտադրել, դարձեալ նոյն հանգոյցին կը վերաբերի:

Փրակայի յայտարարութեան նման այստեղ եւս կը բացակայի Արցախի հարցը: Ընդհանուր յայտարարը տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումի իրաւադրոյթն է` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Ալմա Աթայի հռչակագիրի համապատասխան յղումներով:

Սոչիով անշուշտ չ՛աւարտիր  միջնորդական հակամարտութիւնը: Եւրոպական այլ քաղաքներու մէջ վերստին կը հրաւիրուին կողմերը եւ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը կ՛աշխուժացնէ իր գործուղումները տարածաշրջան:

Աշխարհաքաղաքական այս մրցապայքարին մէջ Երեւանը պիտի նկատէ անպայման`

1.- Իրանի վճռական դիրքորոշումը իր ու Հայաստանի սահմանի կարգավիճակին մասին եւ Սիւնիքի մէջ իրանեան հիւպատոսարանի բացումը:

2.- Ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան երկարաձգման միտող Մոսկուայի նկրտումները եւ այդ առումով Արցախի կարգավիճակի ճշդումի յետաձգման հաւանականութիւնը:

3.- Տարածաշրջան ներթափանցման համար հաւաքական Արեւմուտքի դիւանագիտական, միջնորդական առաքելութիւններու աշխուժացումը, պետական սահմաններուն ազրպէյճանական յարձակումներու կանխարգիլումը առաջադրող պաշտօնական յայտարարութիւններն ու անոնց հետեւող դիտորդական, փաստահաւաքի կամ կարիքներու գնահատման տարազներով առաքելութիւններու ժամանումը սահմանագիծ:

4.- Ազրպէյճանի կիրարկած ռազմական յանցագործութիւններու բարձրաձայնումը Ուաշինկթընի, Պրիւքսելի եւ եւրոպական կարեւորագոյն կեդրոններու կողմէ:

Մեզմէ անկախ, ներգրաւուած ենք միջնորդական հակամարտութեան գործընթացին: Հայկական կողմը, այս համապատկերին մէջ, իւրաքանչիւր գլխաւոր խաղցողի հետ իր շահերը համընկնեցնելու հրատապ օրակարգին առջեւ կանգնած է: Հրամայական է նրբագոյն դիւանագիտութեան կատարողականութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

Փութին Համեմատած Է Սոչիի Եւ Փրակայի Եռակողմ Հանդիպումներուն Արդիւնքները

Յաջորդը

Հոգեբանին Կարծիքով. Ինչո՞ւ Երեխան Իր Խաղալիքները Կը Կոտրէ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?