Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Համեմատած Է Սոչիի Եւ Փրակայի Եռակողմ Հանդիպումներուն Արդիւնքները

Նոյեմբեր 2, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի երկուշաբթի օր Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումին աւարտին որդեգրուեցաւ միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անոնք ընդգծեցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման աշխուժ նախապատրաստուելու կարեւորութիւնը:

«Մենք` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն. Վ. Փաշինեան, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Ի. Հ. Ալիեւ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վ. Վ. Փութին 2022 թուականի հոկտեմբեր 31-ին հանդիպեցանք Սոչիի մէջ եւ քննարկեցինք 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի յունուար 11-ի եւ նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը:

«Վերահաստատեցինք նշեալ բոլոր համաձայնութիւնները խստօրէն պահպանելու յանձնառութիւնը` մեկնելով հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու համապարփակ լուծման, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան, անվտանգութեան եւ կայուն տնտեսական զարգացման ապահովման շահերէն: Համաձայնեցանք լրացուցիչ ջանքեր գործադրելու մնացեալ, ներառեալ մարդասիրական խնդիրները հրատապ լուծման ուղղութեամբ:

«Նշելով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի առանցքային ներդրումը իր տեղակայման գօտիին մէջ անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ` ընդգծեցինք շրջանին մէջ կացութեան կայունացման ուղղուած անոր ջանքերու պահանջուածութիւնը:

«Համաձայնեցանք զերծ մնալ ուժի կիրարկումէն կամ ատոր կիրարկման սպառնալիքէն, քննարկել եւ լուծել բոլոր խնդրայարոյց հարցերը բացառապէս գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ` համաձայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին:

«Ընդգծեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման աշխուժ նախապատրաստման կարեւորութիւնը` շրջանին մէջ կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու նպատակով: Գոյութիւն ունեցող աշխատանքային տարբերակներու հիման վրայ համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու փոխադարձ ընդունելի լուծումներու որոնումը: Ռուսիան ատոր կարելի օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերէ:

«Շեշտեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ դրական մթնոլորտի ձեւաւորման կարեւորութիւնը` Ռուսիոյ օժանդակութեամբ հասարակութիւններու ներկայացուցիչներու, փորձագիտական համայնքներու եւ կրօնական ղեկավարներու միջեւ երկխօսութեան շարունակման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման միտուած եռակողմ միջխորհրդարանական հաղորդակցութիւններու մեկնարկի համար:

«Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ղեկավարները ողջունած են Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը` այսուհետեւ եւս ամէն կերպով նպաստելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ բարգաւաճման ապահովման», նշուած է միացեալ յայտարարութեան մէջ:

Փութին. «Ապագայ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը
Փոխզիջման Արդիւնք Պիտի Ըլլայ»

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ապագայ խաղաղութեան համաձայնագիրը փոխզիջման արդիւնք պիտի ըլլայ: Սոչիի մէջ եռակողմ հանդիպումի արդիւնքները ամփոփող մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահը:

«Ռուսիան կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կացութեան կարգաւորման ուղղուած որեւէ ջանքի: Այն հարցերուն շուրջ, որոնց վերաբերեալ համաձայնութիւն չէ գոյացած, ըստ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յայտարարութեան, աշխատանքը պիտի կատարուի փակ ձեւաչափով, կարիք չկայ անոնց վրայ կեդրոնանալու:

«Գտնուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման նախնական նախադրեալները: Ռուսիան պատրաստ է տրամադրելու Խորհրդային Միութեան սպայակոյտին մէջ ամէնէն ճշգրիտ քարտէսները` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հարցը լուծելու համար:

«Իսկ խաղաղապահ առաքելութեան ճակատագիրը կախեալ է անկէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի շարունակուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծման եւ սահմանազատման համաձայնագիրի վրայ աշխատանքը», նշած է Փութին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Սոչիի  հանդիպումի արդիւնքները ինչպէ՞ս կը կապուին Փրակայի մէջ առանց Ռուսիոյ մասնակցութեան տեղի ունեցած հանդիպումի արդիւնքին հետ, Ռուսիոյ նախագահը ըսած է. «Ինչ կը վերաբերի Փրակայի մէջ առանց Ռուսիոյ մասնակցութեան հանդիպումին, մեզի համար յստակ է, թէ ինչո՛ւ առանց Ռուսիոյ մասնակցութեան, եւ կարիք չկայ ոեւէ մէկուն բացատրելու, ապա մեր եւրոպացի գործընկերները իրենց քաղաքականութիւնը այնպէս կը վարեն, որ կը փորձեն Ռուսիան դուրս ձգել բոլոր ձեւաչափերէն: Շատ յստակ է, որ որոշ կացութիւններու մէջ ատիկա բացարձակապէս անիրատեսական է, անկարելի, ինչպէս օրինակ` այս պարագային: Սակայն մենք, մեր կարգին, միշտ կ՛ողջունենք կարգաւորման ուղղուած որեւէ ջանք: Հետեւաբար, ինչ կը վերաբերի կապին, ապա ատիկա կը կապուի ամբողջովին բնական ճամբով, եւ մենք կ՛աջակցինք այն ամէնին, ինչ որ ուղղուած է ճակատման նուազեցման եւ կարգաւորման, ինչպէս որ ես արդէն ըսած եմ»:

Ռուսիոյ Դեսպան. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակը
Այն Հարցն Է, Որ Պէտք Է Ձգել Ապագայ Սերունդներուն»

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփերքին, մեկնաբանելով երկուշաբթի օր Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ բանակցութիւնները, ըսած է, որ տեղի ունեցած է կարգաւորման բոլոր, ամէնէն բարդ հարցերու շատ առարկայական, ըստ էութեան քննարկում:

«Ինչպէս մեր նախագահը ըսաւ, ոչ բոլոր հարցերուն շուրջ կարելի եղած է համաձայնութեան գալ, սակայն շատ կարեւոր է, որ այս քննարկումը կայացած է, եւ կողմերը լուծման ճամբով յառաջ շարժելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերած են», ըսած է Քոփերքին:

Անոր համաձայն, Ռուսիան ամէն ինչ պիտի ընէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու վերջնական կարգաւորման համար: Ըստ դեսպանին, Ռուսիան լիովին հաւատարիմ է Հայաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններուն, ինչ որ, ըստ անոր, ազդանշան է թէ՛ հայ հասարակութեան, թէ՛ շրջանի բոլոր երկիրներու եւ ոչ միայն անոնց համար:

Մեկնաբանելով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի երկուշաբթի օրուան այն յայտարարութիւնը, թէ «Ղարաբաղի տագնապը այլեւս պատմութիւն է», ինչպէս նաեւ Արցախի ապագայ կարգավիճակին վերաբերեալ Ռուսիոյ դիրքորոշման մասին հարցը` ռուս դեսպանը ըսած է. «Մեր կարծիքով` Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը այն հարցն է, որ պէտք է ապագայ սերունդներուն ձգել, երբ ստեղծուած ըլլան բոլորին համար ընդունելի արդար որոշումի կայացման պայմաններ, սակայն ատիկա պէտք է ըլլայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնութեան արդիւնք»:

Քոփերքին նաեւ աւելցուցած է, որ բոլոր հաղորդակցութիւնները պէտք է ապաշրջափակուին` մեկնելով յարգանքէն գերիշխանութեան նկատմամբ այն երկիրներուն, որոնցմէ անոնք կ՛անցնին:

Դեսպանը նաեւ ըսած է, որ Ռուսիան իբրեւ դաշնակից ինքզինք կ՛արդարացնէ: «Ռուսիան կը պահպանէ այստեղ իր ներկայութիւնը, իր զինուորական ներկայութիւնը, եւ ատիկա անվտանգութեան եւ հետագայ մագլցումի կանխարգիլման առանցքային գործօն է», եզրափակած է Քոփերքին:

 

 

Նախորդը

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Օտարներու Կողմէ Որեւէ Միջամտութիւն Խնդիրի Լուծման Փոխարէն Խնդիրներ Պիտի Ստեղծէ» Կ՛ըսէ Ռայիսի

Յաջորդը

Ակնարկ. Փրակա-Սոչի. Միջնորդական Մրցապայքար

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?