Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաղաթէլեան. «Գնդակը Հայաստանի Դաշտին Մէջ Է, Եւ Մենք Միասնութեան Հանրահաւաքի Կը Հրաւիրենք»

Նոյեմբեր 1, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գաղտնիք չէ, որ այսօր Արցախը, Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը կը գտնուին պատմական եւ ճակատագրական փուլի մէջ. մեր զոյգ հայկական պետութիւնները կը դիմագրաւեն շատ ծանր մարտահրաւէրներ, եւ այս պայմաններուն հասարակութեան մէջ կայ երկու հիմնական տեսակէտ», երէկ` 31 հոկտեմբերին, մամուլի ասուլիսի ընթացքին նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:

«Տեսակէտի մը հեղինակը այսօրուան իշխանութիւններն են, որոնք կ՛ըսեն, որ 9 նոյեմբերի յանձնուողական փաստաթուղթով աւարտած պատերազմը այլեւս դատավճիռ է, մենք չունինք որեւէ միջոց եւ կարելիութիւն ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու եւ մեր հանրութեան կ՛առաջարկենք նոր կորուստներու եւ զրկանքներու գնով երթալ երեւակայական խաղաղութեան մը ետեւէն: Ըստ էութեան, կ՛առաջարկեն զիջիլ հայրենիքի մէկ մասը` մնացած մասը փրկելու համար: Եւ կայ իրավիճակէն դուրս գալու երկրորդ տեսակէտը, զոր կ՛առաջարկեն ազգային ուժերը եւ ժողովուրդը. ատիկա պայքարի օրակարգն է: Ատիկա այն է, որ 9 նոյեմբերը դատավճիռ չէ, պէտք չէ համակերպիլ ստեղծուած իրավիճակին, հայրենիքի մէկ մասը զիջելով պիտի զիջինք ամբողջը եւ օրուան իշխանութեան առաջարկած ճանապարհը ըստ էութեան կործանարար է: Մենք կ՛առաջարկենք համախմբել ամբողջ հայ ժողովուրդի ներուժը, վերականգնել Հայաստան-Արցախ-սփիւռք միասնութիւնը, զօրաշարժի ենթարկել համահայկական բոլոր կարելի միջոցները եւ լծուիլ հայրենիքի պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ վերականգնման գործին», ըսաւ ան:

Սաղաթէլեանի համաձայն, այն, ինչ որ նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ, պատմական իրադարձութիւն էր, կարեւոր արձանագրում ի լուր ամբողջ աշխարհը: Ան առանձնացուց քանի մը կարեւոր կէտեր Ստեփանակերտի հանրահաւաքէն.

«Առաջինը, որ Արցախի ժողովուրդը, պետական կառավարման մարմինները, Ազգային ժողովի ուժերը մէկ միասնական ճակատով յայտարարեցին, որ Արցախը չէ եղած եւ պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Երկրորդ, շատ յստակ յայտարարեցին, որ Արցախը Ազրպէյճանին բռնակցելու որեւէ փորձ անընդունելի է Արցախի ժողովուրդին համար եւ պիտի արժանանայ դիմադրութեան: Երրորդը, Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն չունի որեւէ իրաւունք ստորագրելու որեւէ փաստաթուղթ, որ կը սահմանափակէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը: Չորրորդը, Արցախէն շատ յստակ ուղերձ յղեցին համայն հայութեան, որ շարունակեցէ՛ք տէր կանգնիլ Արցախին, սատար կանգնիլ Արցախի ազգային շահերուն, կանգնեցէ՛ք Արցախի կողքին: Իրենք շատ յստակ յայտարարեցին իրենց պայքարին տէր կանգնելու կարեւոր առաքելութեան մասին»:

Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ հիմա գնդակը Հայաստանի դաշտին մէջ է. «Մենք երէկ արագ արձագանգեցինք Արցախին հնչած կոչին: Նոյեմբերի 5-ին, ժամը 15:00-ին Ֆրանսայի հրապարակին մէջ կը հրաւիրենք հանրահաւաքի: Այդ հանրահաւաքը միասնութեան հանրահաւաք է: Միասնութիւն ոչ թէ որեւէ անձի կամ ընդդիմութեան շուրջ, այլ միասնութիւն Արցախի ինքնիշխանութեան շուրջ, Հայաստանի տարածքային ամբողջութեան եւ անվտանգութեան շուրջ: Հանրահաւաքին հրաւիրած է «Դիմադրութեան» շարժումը, բայց ատիկա հայ ժողովուրդի հանրահաւաքն է: Հետեւաբար Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին մասնակցելով անոր, նախ պէտք է արձանագրէ, որ տէր է իր հայրենիքին, եւ այդ հայրենիքը սակարկութեան ենթակայ չէ: Երկրորդը. հայ մարդը մասնակցելով հանրահաւաքին պիտի արձանագրէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները չունին որեւէ լիազօրութիւն երկիրը նոր զիջումներու ու կորուստներու տանելու համար: Օրուան իշխանութիւնը իրաւունք չունի ստորագրելու որեւէ փաստաթուղթ, որ կը սահմանափակէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը:

Իշխան Սաղաթէլեան դիմեց Հայ եկեղեցւոյ եւ վեհափառին` ակնկալելով անոր օրհնութիւնն ու աջակցութիւնը այդ հանրահաւաքին. «Երկրորդը` կը դիմեմ մեր մտաւորականութեան, գիտական համայնքին, այս ճակատագրական պահուն կոչով հանդէս գալու, մասնակցելու հանրահաւաքին` ցոյց տալու հայ մտաւորականութեան կամքը: Կը դիմեմ երիտասարդութեան` ոտքի կանգնեցէ՛ք, եկէ՛ք միասին տէր կանգնինք մեր հայրենիքին, եկէ՛ք միասին ստանձնեցէք պատասխանատուութիւն մեր երկրի ճակատագիրին նկատմամբ: Կը դիմեմ բոլոր քաղաքական ուժերուն` մէկ կողմ դնենք կուսակցական, քաղաքական շահերը, մրցակցութիւնը եւ համախմբուինք այս կարեւոր նպատակին շուրջ: Կը դիմեմ քաղաքական մեծամասնութեան, որ Նիկոլին պաշտպանելու ժամանակը չէ, անով կը զոհաբերէք Հայաստանն ու Արցախը: Դեռ ուշ չէ, մտածեցէ՛ք, խելքի եկէ՛ք, մի՛ առաջնորդուիք զուտ անձնական եւ Նիկոլի պաշտպանութեան շահերով», յայտարարեց ան:

Նախորդը

Ապտոլլահեան Պայրամովին Ներկայացուցած Է Հայաստանեան Հանդիպումներու Արդիւնքները

Յաջորդը

Սոչիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?