Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան Պայրամովին Ներկայացուցած Է Հայաստանեան Հանդիպումներու Արդիւնքները

Նոյեմբեր 1, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամով եւ Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան կիրակի օր կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է երկու կողմերուն հրապարակած հաղորդագրութիւններուն մէջ:

Իրանեան ԻՐՆԱ պետական լրատու գործակալութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Ապտոլլահեան ըսած է, թէ Իրան Կովկասի մէջ վէճի լուծման ճիշդ ուղին կը նկատէ «3+3» ձեւաչափը եւ շրջանային մեքանիզմները:

«Օտար տէրութիւններու շրջանին մէջ ներկայութիւնը աւելի կը բարդացնէ վէճերը, հետեւաբար մենք դէմ ենք անոնց ներկայութեան», յայտարարած է իրանեան դիւանագիտութեան պետը` նշելով, որ շրջանի անվտանգութիւնը կենսական կարեւորութեան հարց է շրջանի բոլոր երկիրներուն համար, եւ որ «Իրանը Ազրպէյճանի անվտանգութիւնը ի՛ր անվտանգութիւնը կը նկատէ»:

Ապտոլլահեան Պայրամովին հաւաստած է, որ Իրան, «ինչպէս միշտ, իր ջանքերը կը կեդրոնացնէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն միջեւ վէճերը դիւանագիտական եւ շրջանային ճամբով լուծելուն վրայ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուցած է, որ Ասթանայի մէջ հանդիպումի ժամանակ երկու երկիրներու նախագահները համակարծիք եղած են, որ շրջանի բոլոր երկիրներու, ներառեալ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է յարգուի:

Իրանեան կողմին համաձայն, Պայրամով բարձր գնահատած է այն փաստը, որ իրանցի պաշտօնակիցը հեռաձայնած է եւ ներկայացուցած շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղուած միջնորդական ջանքերու ծիրին մէջ Հայաստանի պաշտօնատարներուն հետ բանակցութիւններու արդիւնքները:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նոյնպէս վստահեցուցած է, որ դէմ է օտար ուժերու շրջանին մէջ ներկայութեան եւ տեղակայման, եւ իր երկրին համաձայնութիւնը կը յայտնէ շրջանային համագործակցութեան, ներառեալ «3+3» ձեւաչափը:

 

Նախորդը

«Հայկական Կողմը Տակաւին Բացատրութիւն Չէ Տուած Զաթուլինի Եւ Սիմոնեանի Հարցով» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Սաղաթէլեան. «Գնդակը Հայաստանի Դաշտին Մէջ Է, Եւ Մենք Միասնութեան Հանրահաւաքի Կը Հրաւիրենք»

RelatedPosts

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?