Ռէալ Մատրիտի, Եուվենթուսի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Կոնզալօ Հիկուային աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
34 տարեկան ֆութպոլիստին վերջին ակումբն էր ամերիկեան Ինթեր Մայեմին:
Վերոնշեալ ակումբներէն բացի, ան մաս կազմած է նաեւ Չելսիի, Նափոլիի, Ա. Սէ. Միլանի եւ Ռիվըր Փլէյթի:
Իր մաս կազմած բոլոր ակումբներուն հետ ան իր մասնակցութիւնը բերած է 710 մրցումի, նշանակած 335 կոլ եւ կատարած 113 էսիսթ:
Ան ակումբներու մակարդակով տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու, մինչ Արժանթինի հետ հանդիսացած է աշխարհի փոխախոյեան:


