Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկներուն դէմ պատժամիջոցները երկարաձգուեցան:
Բնականաբար պատճառը ծանօթ է բոլորին. ռուսական զինուած ուժերուն ներխուժումը Ուքրանիա:
Պախ իր այս յայտարարութիւնը կատարեց Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլէն, ուր տեղի ունեցաւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին համագումարը:
Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ խումբերը թէեւ հեռացուած են միջազգային բոլոր մրցումներէն, սակայն որոշ մարզաձեւերու մէջ անոնց մարզիկները հանդէս կու գան չէզոք դրօշի կամ ողիմպիականի դրօշին տակ:
Այս իրականութենէն մեկնելով, Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկները իրենց մասնակցութիւնը չեն կրնար բերել 2024-ին տեղի ունենալիք Փարիզի ամառնային ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքերուն:


