 Սպանական մարզական մամուլը կը յայտնէ, որ Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթա տուգանքի պիտի ենթարկուի Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 9-րդ հանգրուանին Ռէալ Մատրիտի դէմ կատարուած մրցումէն ետք իրաւարարներուն սենեակը մուտք գործած ըլլալուն համար:

Լափորթա անոնցմէ բացատրութիւն պահանջած էր ակումբի լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքիի դէմ կատարուած ֆաուլին համար խումբին չշնորհուած փենալթիին առնչութեամբ:
Այսպիսի պարագաներու համար, ընդհանրապէս կը սահմանուի նուազագոյնը 602 եւրօ տուգանք` նկատի ունենալով, որ այս քայլը անոր կողմէ կը կատարուի առաջին անգամ ըլլալով:
Ռէալ Մատրիտ-Պարսելոնա «Քլասիքօ»-ի այս մրցումը, որ աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով (3-1), սուլեց Խոսէ Մարիա Սանչես Մարթինես: