 Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Լիվըրփուլի 25 տարեկան յառաջապահ Տիոկօ Ժոթա իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբի գերմանացի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ:

Գերմանացին ըսաւ, որ ֆութպոլիստի սրունքին մկանը լուրջ վնասուածք ունի, եւ ան պիտի չկարենայ լաւապէս ապաքինած ըլլալ մինչեւ Մոնտիալ:
Ժոթա, որ 2019-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ, միջազգային 28 մրցումի ընթացքին նշանակած է 10 կոլ եւ կատարած 8 էսիսթ:
Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան մեկնարկը պիտի տրուի 20 նոյեմբերին: