Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան զինեալ ուժերու հանգստեան կոչուած անդամներու լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ լիկայի նախագահ Նիքոլա Մըզհերի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի քանդումին մէջ ներդրում ունեցողը չի կրնար Լիբանանի փրկութեան ի խնդիր գործել:
«Երկրին վերակառուցումը կարելի չէ վստահիլ անոնց, որոնք խոչընդոտեցին փտածութեան դէմ պայքարն ու բարեկարգումներու գործադրութիւնը: Հետեւաբար պէտք է իսկապէս կատարել այն փոփոխութիւնը, որուն լիբանանցիները կը ձգտին», հաստատեց ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ պատերազմի ընթացքին ինք պաշտպանած է այն արժէքները, որոնց հաւատացած է, եւ անոնք եղած են ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը` աւելցնելով, որ իրաւունքն է միակ ուժը:
Նախագահ Աուն ընդունեց «Թոթալ» ընկերութեան պատուիրակութիւնը, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին յորդորեց թիւ 9 նաւթահորի հորատումին անմիջապէս սկսելու, որպէսզի կարելի ըլլայ շահիլ այն ժամանակը, որ կորսուած էր սահմանագծումի բանակցութիւններուն ընթացքին:
Ան յաջողութիւն մաղթեց ընկերութեան:
Պատուիրակութիւնը նախագահ Աունին ներկայացուց կատարուելիք աշխատանքը, որ պիտի սկսի թիւ 9 նաւթահորէն եւ շարունակուի թիւ 4 նաւթահորին մէջ:
«Թոթալ»-ի պատուիրակութիւնը ընդգծեց, որ հորատման հարթակը լիբանանեան ջուրեր պիտի հասնի 2023-ի սկիզբը:
Նախագահ Աունի այցելեց նախկին փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըր, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս արձանագրուած վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ռոժէ Ազար, որ շնորհաւորեց նախագահ Աունը` սահմանագծումի բանակցութիւններուն յաջողութեան առիթով:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն շնորհաւորագիր մը յղեց Իրաքի նախագահ Ապտիւլ Լաթիֆ Ռաշիտի` անոր ընտրութեան առիթով:
Նախագահ Աուն իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց Ռաշիտին եւ իրաքցի ժողովուրդին` հաստատելով, որ Լիբանան չի մոռնար իրաքցի եղբայր ժողովուրդին զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը, որ տրամադրուեցաւ երկրին ելեկտրականութեան տագնապը մեղմացնելու նպատակով:


