Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ բաւարարուեցաւ ըսելով հետեւեալը. «Կառավարութեան կազմութեան աշխատանքին մասին բան չունիմ ըսելիք, որովհետեւ աւելի լաւ է լուռ աշխատիլ»:
Միւս կողմէ, մեծ թիւով աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ նախագահական պաշտօնավարութիւնը աւարտելէ 48 ժամ առաջ կարելի ըլլայ կազմել կառավարութիւնը եւ առիթ տալ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայէն չմեկնած ստորագրէ նոր կառավարութեան կազմին հրամանագիրը:
Այս շրջագիծին մէջ կառավարութեան կազմութեան հետեւող հեղինակութիւններ հաստատեցին, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ջանքերը կրցած են ճեղքեր յառաջացնել` կազմութեան հոլովոյթը արգելակող պատերուն վրայ:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ Ապպաս Իպրահիմ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նոր կառավարութեան կազմութիւնը յաջողցնելու իմաստով:
Իր կարգին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի կողմէ անխոհեմ քայլ մը պիտի ըլլայ կառավարութիւն մը չկազմելը` մինչեւ նախագահ Աունի նախագահական նստաշրջանի աւարտը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ներկայ կառավարութիւնը կրնա՞յ ստանձնել հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները, Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի համար իր դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապները բաւարար են, «հետեւաբար երկրին քաղաքական տագնապ չի պակսիր», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կառավարութիւն չկազմելու իրականութիւնը ի վերջոյ պիտի ստեղծէ սահմանադրական քաոս մը:
Պասիլ շեշտեց, որ իրենք անկարելի է ընդունին, որ նման կառավարութիւն մը կառավարէ երկիրը` աւելցնելով, որ այս կառավարութիւնը խորհրդարանի վստահութեան քուէն չէ ստացած եւ սահմանադրական օրինականութիւն չունի:


