Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ մը կը գտնուէր Ֆրանսա, ընդառաջեց Փարիզի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատներու ժողովին մասնակցելու հրաւէրին:
Ժողովը եղաւ առիթ մը ֆրանսացի եւ լիբանանցի պատասխանատուներուն միջեւ խորհրդակցութեան, ինչպէս նաեւ առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան փոխանակման շուրջ միտքերու փոխանակման:
Ներկաները հաստատեցին Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն ու յատկապէս Ֆրանսայի միջեւ ճարտարարուեստի մարզին մէջ համագործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Ճ. Պուչիքեան ընդգծեց լիբանանեան-եւրոպական գործընկերութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ շնորհիւ այդ գործընկերութեան կարելի պիտի ըլլայ լիբանանցի գործարարներուն դիմաց տարբեր շուկաներու դռները բանալ:
Հանդիպումին ընթացքին սերտուեցան ճարտարարուեստի մարզին պարագային տարբեր արտադրութիւններու փոխանակման կարելիութիւնները, յատկապէս համակարգչային, ինչպէս նաեւ արհեստագիտական, դեղորայքի, սննդեղէնի եւ ելեկտրական ճարտարարուեստի վերաբերեալ:
Ճ. Պուչիքեան ընդգծեց Լիբանանի քաղաքակրթական եւ մշակութային դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր իրականութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ կրօններու հանդիպման վայր: Ան շեշտեց նաեւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ գտնուելու Լիբանանի ռազմավարական դիրքին կարեւորութիւնը, որուն շնորհիւ ան կրնայ ծառայել իբրեւ արաբական եւ եւրոպական երկիրներուն շուկաները իրարու միացնող կամուրջ մը:
Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդումը:
Ճ. Պուչիքեան Փարիզի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատներուն նախագահն ու ֆրանսացի ներդրողները հրաւիրեց Լիբանան` այցելելու լիբանանեան գործարանները եւ ստուգելու հոն ներդրումներ կատարելու կարելիութիւնները:
Պուչիքեան Հանդիպում Մը Ունեցաւ
Արտաքին Առեւտուրի Նախարարին Հետ
Ճ. Պուչիքեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի արտաքին առեւտուրի նախարար Օլիվիէ Պեշթի հետ` ներկայութեամբ Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուանի եւ ճարտարարուեստի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տենի Ժըտաունի:
Հանդիպումին ընթացքին Ճ. Պուչիքեան եւ Պեշթ ընդգծեցին իրենց կառչածութիւնը լիբանանեան-ֆրանսական պատմական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ համագործակցութեան: Անոնք ընդգծեցին նաեւ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ հզօրացնելու կարեւորութիւնը:
Պուչիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պեշթին` Լիբանանին օժանդակելու նպատակով կատարուած ֆրանսական նախաձեռնութիւններուն համար: Ան շեշտեց, որ Լիբանան բարձր կը գնահատէ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի զօրակցութիւնը, երբ երկիրը կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամէնէն տագնապալի օրերը:
Ճ. Պուչիքեան մաղթեց, որ լիբանանցի եւ ֆրանսացի գործարարներուն միջեւ ներդրումներու փոխադարձ քայլեր առնուին, յատկապէս լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզին վերաբերեալ:
Ան անդրադարձաւ նաեւ այն քայլերուն, որոնք պէտք է Լիբանանի կողմէ որդեգրուին`
Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան մը յանգելու առումով:
Ճ. Պուչիքեան ֆրանսացի նախարարը հրաւիրեց Լիբանան այցելելու:


