Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան. Ի՞նչ Է Աչքի Չորացումը Եւ Ինչպէ՞ս Կարելի Է Ձերբազատիլ Անկէ

Հոկտեմբեր 18, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Աչքի չորացումը կը յառաջանայ, երբ աչքերը շատ քիչ արցունք կ՛արտադրեն, կամ երբ արցունքները շատ արագ կը գոլորշիանան: Այս մէկը կրնայ ազդել մէկ կամ երկու աչքերուն վրայ: Աչքի չորացման ախտանիշներէն են անհանգստութիւնը, մշուշոտ տեսողութիւնը եւ լոյսի նկատմամբ զգայունութիւնը:

Աչքի չորութիւնը կրնայ ըլլալ թեթեւ կամ ծանր: Թեթեւ պարագաներուն կարելի է արձագանգել առանց դեղագիրի (OTC) բուժումով, մինչդեռ աւելի ծանր պարագաները կրնան պահանջել դեղագիրով դեղեր: Հազուադէպ պարագաներու թերեւս վիրահատութիւնը անհրաժեշտ ըլլայ:

Ապրելակերպի փոփոխութիւնները կրնան նաեւ օգտակար ըլլալ հիւանդութեան բուժման եւ կառավարման:

Այս յօդուածը կը նկարագրէ չոր աչքի ախտանիշներն ու պատճառները եւ կը քննարկէ այս իրավիճակին որոշ վտանգի գործօնները: Այստեղ նաեւ կը գտնէք տեղեկատուութիւն` աչքի չորացման ախտորոշման, բուժման եւ կանխարգիլման մասին:

Չոր աչքի համախտանիշը կրնայ յառաջացնել շարք մը ախտանիշներ, որոնց կարգին`

  • Աչքի կարմրութիւնը կամ ցաւը
  • Աչքի յաւելեալ ջրոտիլը
  • Աչքերու մէջ այրելու զգացում
  • Աչքերու մէջ աւազահատիկի գոյութեան նման զգացում
  • Աչքի զգայունութիւն` ծուխի կամ հովի նկատմամբ
  • Զգայունութիւն` լոյսի նկատմամբ
  • Մշուշոտ տեսողութիւն, յատկապէս օրուան վերջը
  • Աչքերու յոգնածութիւն` նոյնիսկ կարճ ժամանակ կարդալէ ետք
  • Աչքերը բաց պահելու դժուարութիւն,
  • Անհանգստութիւն` արհեստական ոսպնեակներ դրած ժամանակ

Չոր աչքի պատճառները

Առողջ աչքերը ունին մշտական ծածկոց մը` արցունքի թաղանթը, որ հեղուկ թաղանթ մըն է եւ կ՛ապահովէ յստակ տեսողութիւն ու կը կանխէ աչքերու չորացումը: Արցունքի գեղձերուն պարտականութիւնն է արցունքներու արտադրութիւնը:

Չոր աչքի հիմնական պատճառները արցունքի անբաւարար արտադրութիւնը եւ արցունքի խառնուրդի անհաւասարակշռութիւնն են. բան մը, որ կը պատճառէ արցունքներու շատ արագ գոլորշիացում:

Արցունքի խառնուրդի անհաւասարակշռութիւնը

Արցունքաբեր թաղանթը բաղկացած է երեք մասերէ` իւղ, ջուր եւ լորձնահիւթ: Ասոնցմէ որեւէ մէկուն հետ կապուած խնդիրները կրնան յանգիլ չոր աչքի ախտանիշներու:

Վերին շերտ

Արցունքի խառնուրդի վերին շերտը բաղկացած է իւղէ, որ կը բխի կոպերու եզրերու մէյպոմիան գեղձերէն (meibomian gland): Իւղերը կ՛օգնեն հարթեցնելու արցունքի մակերեսը եւ դանդաղեցնելու արցունքի գոլորշիացումը: Իւղի նուազ քանակը կրնայ յանգեցնել արցունքներու շատ արագ գոլորշիացման:

Որոշ պայմաններ կրնան արգելափակել մէյպոմիան գեղձերը` ընդհատելով իւղի արտադրութիւնը եւ աւելի հաւանական դարձնելով աչքերու չորացումը: Այս պարագաներէն են կոպերու բորբոքումը եւ մաշկի բորբոքային վիճակներէն մէկը` Rosacea-ն:

Միջին շերտ

Արցունքի խառնուրդի միջին շերտը ամենահաստն է եւ բաղկացած է «արցունքաբեր» գեղձերու ջուրէն եւ աղէն: Ջուրն ու աղերը կ՛օգնեն մաքրելու աչքերը` հեռացնելով մասնիկները (particles) եւ գրգռիչները:

Միջին շերտին հետ կապուած խնդիրները կրնան յանգիլ արցունքաբեր թաղանթի անկայունութեան: Եթէ ջրային շերտը չափազանց բարակ ըլլայ, իւղի եւ լորձնաթաղանթի շերտերը կրնան դպնալ իրարու, որուն պատճառով կը յառաջանայ լարային լորձ, որ բնորոշ է չոր աչքերուն:

Ներքին շերտ

Ներքին շերտը բաղկացած է լորձէ, որ թոյլ կու տայ արցունքները հաւասարաչափ տարածուելու աչքերուն վրայ: Ներքին շերտին հետ կապուած խնդիրները կրնան յառաջացնել եղջերիկի (cornea) չոր բիծեր: Եղջերիկը այն անապական թաղանթն է, որ գոյանայ ծիածանաթաղանթի (iris) եւ աչքի բիբին դիմաց:

Արցունքի նուազ արտադրութիւնը

50 տարեկանէն ետք արցունքի արտադրութիւնը կը նուազի: Երբ արցունքի արտադրութիւնը որոշ չափով նուազի, աչքերը կրնան չորնալ եւ դիւրութեամբ գրգռուիլ ու բորբոքիլ: Ասիկա աւելի յաճախ կը պատահի կիներուն մօտ, յատկապէս` դաշտանադադարէն ետք:

Չոր աչքի վտանգի գործօնները

Ստորեւ նշուած են որոշ գործօններ, որոնք կրնան աւելցնել մարդու մօտ չոր աչքերու յառաջացման վտանգը.

Կոպերու խնդիրներ

Ամէն անգամ, երբ մարդ կը թարթէ իր աչքերը, անոր կոպերը արցունքներու բարակ թաղանթ մը կը տարածեն աչքերու մակերեսին: Կոպերու հետ կապուած խնդիրները կրնան ազդել թարթելու գործողութեան վրայ, որ հաւասարաչափ ձեւով կը տարածէ արցունքի թաղանթը աչքերուն վրայ: Նման հարցերու օրինակներէն են.

  • Արտադարձը (ectropion). Պարագայ մը, երբ ստորին կոպերը կը կախուին դէպի վար եւ կը դառնան դէպի դուրս:
  • Ներդարձը (entropion). Պարագայ մը, երբ ստորին կոպերը վեր կը կախուին եւ կը դառնան դէպի ներս:
  • Կոպերու բորբոքումը (blepharitis):

Արհեստական ոսպնեակներ դնելը կրնայ նաեւ ազդել թարթելու շարժումին վրայ` յառաջացնելով աչքերու չորացում:

Բժշկական այլ պայմաններ

Որոշ բժշկական պարագաներ կրնան նուազեցնել արցունքի արտադրութիւնը: Այդ պարագաներէն են`

  • A կենսանիւթի պակասը
  • Շաքարախտը
  • Ճառագայթային բուժումը

Ինքնդիմադրողական հիւանդութիւններ, ինչպիսիք են`

  • Սիոկրենի համախտանիշը
  • Գայլախտը (lupus)
  • Յօդաբորբը (rheumarthrosis)

Միջավայրային գործօններ

Շրջակայ միջավայրի որոշ գործօններ կրնան ազդել արցունքի գոլորշիացման արագութեան վրայ: Այդ գործօններէն են`

  • Կլիմայական գործօնները, ինչպիսիք են` չոր, տաք կամ հովը
  • Տնային ջեռուցիչները կամ օդափոխիչները
  • Բարձրութիւնը
  • Ծուխի ենթարկուիլը
  • Արհեստական ոսպնեակներու օգտագործումը

Միջավայրային այլ գործօններ կրնան մեծցնել տեսողական կեդրոնացումը եւ դանդաղեցնել թարթումի արագութիւնը` յանգեցնելով աչքերու չորացման: Օրինակները կը ներառեն`

  • Համակարգչային պաստառները
  • Ընթերցանութիւնը
  • Ինքնաշարժ վարելը

Դեղորայք

Հետեւեալ դեղատեսակները եւ բժշկական ընթացակարգերը կրնան յառաջացնել կամ պատճառել աչքերու չորացում.

  • Որոշ միզամուղներ (diuretics)
  • Հակահիսթամիններ
  • Հակախռնիչներ (decongestants)
  • Որոշ քնաբերներ
  • ACE-ի արգելափակիչները
  • Հակաբեղմնաւորիչ դեղահատեր
  • Որոշ հակաընկճուածութեան դեղեր
  • Բշտիկներու որոշ դեղատեսակներ, մասնաւորապէս` isotretinoin տեսակի դեղերը
  • Մորֆինը եւ աֆիոնի վրայ հիմնուած այլ ցաւազերծողներ
  • LASIK-ը, որ կրնայ ժամանակաւորապէս չոր աչքեր պատճառել

Չոր աչքի ախտորոշում

Աչքի չորութիւնը ախտորոշելու համար բժիշկը կը հարցնէ հիւանդին ախտանիշներուն մասին եւ կը քննէ անոր աչքին առջեւի մասը: Ան կրնայ նաեւ կատարել ընդլայնուած աչքի քննութիւն` աչքի ետեւի բաժինը քննելու համար: Այս մէկը պարզ եւ ցաւ չպատճառող ընթացակարգ մըն է, որ կը ներառէ աչքի կաթիլներու օգտագործում` աչքը լայնցնելու համար:

Աչքի ընդլայնուած քննութիւնը կրնայ տեղեկութիւններ տրամադրել հետեւեալներուն մասին.

  • Աչքերու արցունքներու քանակը
  • Արցունքի գոլորշիացման արագութիւնը
  • Կոպերու կառուցուածքը

Բժիշկը նաեւ կ՛ուսումնասիրէ հիւանդին բժշկական պատմութիւնը եւ կը հարցնէ որեւէ դեղեր կամ յաւելեալ դեղատեսակներ օգտագործելու մասին:

Չոր աչքի բուժման մօտեցումներ

Չոր աչքի բուժումը կը նպատակադրէ`

  • Վերականգնել կամ պահպանել արցունքի արտադրութեան համապատասխան մակարդակը
  • Նուազեցնել չորութիւնը, կամ անհանգստութիւնը
  • Պահպանել աչքի ընդհանուր առողջութիւնը

Բուժումը կախում ունի աչքի չորացումը յառաջացնող պատճառներէն: Այդ կրնայ ներառել հետեւեալ մեթոտներէն մէկը կամ քանի մը հատը.

  • Արցունքներու աւելացում
  • Գոյացած արցունքներու պահպանում
  • Արցունքի արտադրութեան աւելացում
  • Չորացումը յառաջացնող պատճառներու հիմնական բուժում

Ստորեւ կը նշենք լրացուցիչ տեղեկատուութիւն` այս եւ այլ մօտեցումներու վերաբերեալ.

Արցունքներու աւելացում

Մարդ յաճախ կրնայ բուժել չոր աչքի թեթեւ պարագաները` օգտագործելով OTC արհեստական արցունքներ: Դեղագործը կրնայ խորհուրդ տալ ամենայարմար արտադրանքը օգտագործելու:

Ընդհանուր առմամբ, մարդիկ պէտք է խուսափին պահածոյ նիւթեր (preservative) կամ այլ յաւելումներ պարունակող արտադրութիւններէ, որովհետեւ անոնք կրնան աւելի գրգռել չոր աչքերը:

Օգտակար կրնայ ըլլալ աչքի կաթիլներ դնելը`  նախքան կատարելը այնպիսի վարժանքներ, որոնք հակուած են սրելու աչքի չորացման ախտանիշները: Քսուքները (ointment) աւելի լաւ են գիշերային օգտագործման համար, որովհետեւ անոնք կրնան ժամանակաւորապէս պղտորել տեսողութիւնը:

Արցունքներու պահպանում

Այս մեթոտի նպատակն է աւելի երկար պահել արցունքները աչքին մէջ` կանխելու համար աչքերու չորացումը: Ասիկա կրնայ ներառել արցունքաբեր խողովակներու արգելափակում:

Ժամանակաւոր լուծումներէն է արցունքաբեր խողովակներու արգելափակումը փոքրիկ սիլիքոնային կամ դոնդողային (gel-like) խցաններով: Սակայն երկարատեւ լուծումներէն է արցունքաբեր խողովակներու վիրահատութեամբ փակումը:

Արցունքներու արտադրութեան աւելացում

Բժիշկը կրնայ դեղագրել աչքի կաթիլներ` արցունքի արտադրութիւնը աւելցնելու համար: Այն հիւանդը, որ կ՛ունենայ սուր կամ մշտական չորութիւն, կրնայ սկսիլ օգտագործել cyclosporin (Restasis, Cequa) կամ lifitegrast (Xiidra) դեղահատերը:

Հիմնական պատճառներու բուժում

Թէ ինչպէ՛ս բժիշկները կը մօտենան հիմնական պատճառներուն, որոնք կրնան չոր աչքերու պատճառ դառնալ, այդ մէկը կախում ունի հիւանդութեան տեսակէն: Օրինակ, անոնք կրնան նշանակել քսուքներ կամ հակակենսայիններ` պաքթերիական կոպերու բորբոքումի բուժման համար:

Տնային միջոցներ

Տնային խնամքը կրնայ օգնել ձերբազատելու չոր աչքերու որոշ ախտանիշներէն: Բժիշկը կրնայ առաջարկել`

  • Կոպերու մաքրութիւն` կոպերը մաքրող դեղագիրով դեղերով` իւղն ու պաքթերիաները հեռացնելու համար:
  • Կոպերը շփել տաք ջուրի մէջ թաթխուած վիրակապերով` ցաւը թեթեւցնելու համար:

Սննդակարգի փոփոխութիւններ

Աչքի ազգային հիմնարկին (NEI) համաձայն, Ա կենսանիւթի կամ օմեկա 3 ճարպաթթուներու պակասը կրնայ աւելցնել մարդու մօտ չոր աչքի յառաջացման վտանգը: Աւելի՛ն. հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ Ա կենսանիւթը կամ օմեկա 3 յաւելումները կրնան օգնել բուժելու չոր աչքի առկայ դէպքերը:

Չոր աչքով 30 տղամարդ մասնակիցներու փոքր խումբ մը 2019-ին պարզած է, որ Ա կենսանիւթի կարճաժամկէտ յաւելումներ սպառելը բարելաւած է անոնց արցունքի որակը, բայց` ոչ քանակը: Հեղինակները նշած են, որ չոր աչքի համար Ա կենսանիւթի յաւելումներու արդիւնաւէտութիւնը ճշդորոշելու համար անհրաժեշտ են հետագայ լայնածաւալ ուսումնասիրութիւններ:

A կենսանիւթի աղբիւրներէն են`

  • Լեարդ
  • Իւղոտ ձուկ
  • Հաւկիթ
  • Պանիր
  • Կաթ եւ մածուն
  • Կարմիր բանջարեղէններ (շողգամ, կարմիր պղպեղ, լոլիկ, կարմիր կաղամբ…)
  • Կանաչ տերեւներով բանջարեղէններ

2019 թուականի 17 դարմանատնային փորձարկումներու վերլուծումը ցոյց տուած է, որ օմեկա 3 ճարպաթթուներու յաւելումը զգալիօրէն կը բարելաւէ չոր աչքի հիւանդութեան նշաններն ու ախտանիշները` համեմատած Placebօ-ի հետ: Հետազօտութեան հեղինակները եզրակացուցած են, որ օմեկա 3 յաւելումը կրնայ արդիւնաւէտ բուժում ըլլալ չոր աչքի համար:

Օմեկա 3-ի աղբիւրներէն են`

  • Իւղոտ ձուկը
  • Ծովային ուտեստեղէնները
  • Կտաւատի սերմը
  • Սոյայի հատիկները
  • *Քանոլայի ձէթը

Աչքի չորացման կանխարգիլում

Աչքերու չորութիւնը կանխելու համար կը տրուին հետեւեալ խորհուրդները.

  • Պարբերաբար թարթել աչքերը կարդացած կամ երկար ժամանակ համակարգիչի պաստառին նայած ժամանակ
  • Արեւային ակնոցներ դնելը
  • Խուսափիլ չոր բացօթեայ միջավայրերէ
  • Օգտագործել խոնաւցուցիչ (humidifier)` աշխատանքի վայրին եւ տան մէջ
  • Ջրազրկումէ խուսափելու համար շատ ջուր խմել

Աղբիւր` Medical News Today

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (17 Հոկտեմբեր 2022)

Յաջորդը

Կռո՜ւնկ, Խապրիկ Մը Չունի՞ս… (Կոմիտասը Մտերմացնում Է Մարդկանց)

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?