Հայ գիրերու գիւտի, Թարգմանչաց շարժման եւ մշակոյթի նշանաւոր գործիչներու նուիրուած տօնն է Թարգմանչացը:
Չորրորդ դարուն Սահակ Պարթեւ` դառնալով հայ եկեղեցւոյ վեհապետը, կը նպատակադրէ երկիրը ազատել յունական եւ ասորական ազդեցութիւններէն ու աստիճանաբար իր շուրջ կը համախմբէ նոյն նպատակով տոգորուած տաղանդաւոր մտաւորականներ, որոնց շարքին էր Ս. Մեսրոպ Մաշտոց:
Մեծասքանչը՝ Մեսրոպ Մաշտոց, քաջ գիտէր, թէ այնքան ատեն որ հայը ենթակայ պիտի մնար յոյն եւ ասորի ժողովուրդներու մշակոյթներուն եւ այդ լեզուներով պիտի մտածէր ու ինքզինք արտայայտէր, պիտի չկարենար իր ինքնութիւնը ամրօրէն պահպանել ու մնար մեծ տէրութիւններու կարգին: Ան գիտէր, որ հայու հարազատ ինքնութիւնը պաշտպանող զօրեղ վահանը` արհաւիրքներու եւ բարբարոս ժողովուրդներու յորձանքներու դիմաց՝ հայ լեզուն ու մշակոյթն են: Իսկ Արշակունիներու տկարացած գահը՝ հայ գիրի ստեղծումով յունարէն եւ ասորերէն պաշտօնական գրագրութիւնը պէտք էր անցնէր հայերէնի, իսկ հայ պետականութեան հնարաւոր անկումի պարագային՝ հայալեզու դպրոցն ու գրականութիւնը եկեղեցիին միջոցով նեցուկ պիտի կանգնէին ժողովուրդին ինքնութեան պահպանման:
Հայութեան կացութիւնը նոյնն է այսօր եւս: 27 սեպտեմբեր 2019-էն ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի եւ հայութեան վրայ սանձազերծուած պատերազմը, շրջանային երկիրներու եւ մեծ պետութիւններու մղած պատերազմները, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» համաճարակի հետեւանքները՝ իրենց ժխտական խոր ազդեցութիւնը ձգեցին աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն վրայ, ի մասնաւորի հայ ժողովուրդին՝ Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան հասնելով սփիւռքի հայութեան:
Հայաստանի ներկայ անբաղձալի կացութիւնը եւ համայն սփիւռքի հայութեան դիմագրաւած հարցերը եկան հրամայելու բոլորիս, որ բոլոր ժամանակներէ աւելի եւ ամէ՛ն բանէ առաջ մենք այսօր պարտաւոր ենք մտահոգուելու մեր առաջնակարգ գանձերէն՝ հայոց լեզուի ճակատագիրով, որովհետեւ հայ լեզուն հաղորդակցութեան պարզ միջոց մը չէ, այլ մեր ինքնութեան, մշակոյթի, հաւատքի պահպանման եւ գոյութեան երաշխիքը: Հայ ազգը եթէ գոյատեւեց՝ գոյատեւեց շնորհիւ իր հաւատքին, մշակոյթին եւ մեսրոպաշունչ Ա. Բ. Գ.-ին:
Այս բոլորին դիմաց՝ Համազգայինի կրթական եւ մշակութային միութիւնը դարձեալ հանդէս կու գայ իր առաքելութիւնը բարձրաձայն հնչեցնելու, որպէս առաւել հայութեան առաջնորդող ամէնօրեայ ուղեցոյց:
Համազգայինը` տոգորուած Թարգմանչացի մտայնութեամբ եւ հաւատարիմ անոնց ուխտին, տօնի նախօրեակին` 5 հոկտեմբեր 2022-ին, իր զոյգ կեդրոններուն դռները լայն բացաւ իր աշակերտութեան դիմաց: Նկատի առած երկրի մէջ տիրող տնտեսական ծանր պայմանները, ի գին բոլոր զոհողութիւններու, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները յատուկ դիւրութիւն պիտի տրամադրեն իրենց դիմող աշակերտներու ծնողներուն: Ո՛չ մէկ աշակերտ նիւթական պատճառով պիտի զրկուի հայ մշակոյթը իւրացնելու այս եզակի առիթէն. երաժշտութիւն, երգ, պար, կերպարուեստ, քանդակագործութիւն, թատրոն եւ կարպետագործութին:
Մշակոյթը ամբողջութիւնն է ազգի մը հոգեմտաւոր յոյզերուն, երազներուն ու յղացքին: Մշակոյթն է, որ, լեզուի կողքին, կ՛երաշխաւորէ ազգին ամբողջականութիւնն ու յաւերժութիւնը։
Հիմա կարգը ծնողներուն է: Անոնք պէտք է խոր հաւատքով ու համոզումով առաջնորդեն իրենց զաւակները դէպի «Լեւոն Շանթ» եւ «Աղբալեան» մշակութային զոյգ կեդրոնները, պատրաստուելու համար իբրեւ քաղաքակիրթ ու հերոս սերունդներ, որովհետեւ` «Արեան կանչե՜ր ունենք: Անկատար տենչեր ունենք դեռ շ՜ատ»:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն