Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Շուրջ Արեւմուտքին Մօտեցումները Ամբողջովին Հաւասարակշռուած Չեն» Կ՛ըսէ Զախարովա

October 7, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողի խնդրանքով անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ընտանիքին պատկանող «Հայկական ժամանակ» օրաթերթին մէջ օրեր առաջ հրապարակուած յօդուածին, որուն մէջ վկայակոչելով «հաւաստի աղբիւր»-ի, նշուած է, թէ Ռուսիան Հայաստանի վերաբերեալ ի՛նչ ցանկութիւններ ունի:

Զախարովայի համաձայն, եթէ տուեալ յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Ռուսիան որեւէ ճնշում կը գործադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ, ապա այդ հարցի բացատրութեան համար պէտք է դիմել Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, որպէսզի անոնք կա՛մ հաստատեն, կա՛մ հերքեն այդ տեղեկութիւնը:

«Եթէ ատիկա պաշտօնական յայտարարութիւն ըլլար, պիտի մեկնաբանէինք, սակայն ներողութիւն, «հաւաստի աղբիւր»-ին յղումը, մեր իրաւասութիւնը չէ: Եւ որ ամէնէն կարեւորն է` խօսքը այլ երկրի մասին է, ուր կան իշխանութիւններ, որոնք կրնան միանգամայն հանգիստ ու բաց կերպով խօսիլ այդ մասին», ըսած է Զախարովա:

Ան յայտնեց, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ արեւմտեան մօտեցումները ամբողջովին հաւասարակշռուած չեն: «Կը կարծեմ` մեր մօտեցումը շատ յստակ է: Մենք դէմ ենք. կը հասկնանք, որ աշխարհաքաղաքականութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ խաղի տարր` խուսանաւումներ, սակայն մենք դէմ ենք աշխարհաքաղաքական սադրանքներուն, որոնք կը յանգեցնեն կացութեան վտանգաւոր խաթարման: Մենք պատրաստ ենք աջակցելու այն ջանքերուն, որոնք կը յանգեցնեն շօշափելի դրական արդիւնքներու: Եւ մենք բոլորս գիտենք, թէ ո՛րն է դրական արդիւնքը` կացութեան կայունացումը: Եւ ատոր համար մենք միջնորդական դեր կը կատարենք, ամէն ինչ ըրած ենք, որպէսզի կողմերը մշակեն ու կնքեն եռակողմ համաձայնագիրներ, եւ որ ամէնէն կարեւորն է` միտուած ենք անոնց իրականացման:

«Բոլոր հարցերու պատասխանները կան: Ի հարկէ, կրնան ըլլալ աւելի շատ հարցեր, սակայն հիմնական հարցերու պատասխանները կան: Ասիկա պէտք է իրականացուի: Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի վերաբերեալ արեւմտեան մօտեցումներուն, ապա, մեր կարծիքով, անոնք այնքան ալ հաւասարակշռուած չեն թուիր: Եւ, ճիշդ ըսելով, ես նոյնիսկ չեմ ուզեր խօսիլ որոշ արեւմտեան միջնորդներու դերին մասին, որովհետեւ կարելի չէ զանոնք խաղաղութեան միջնորդ կոչել», ըսած է Զախարովա:

Զախարովա պատասխանելով ռուսական «Նիուզ»-ի հարցումին յայտնած է, որ Ղարաբաղի մէջ առաջին եւ երկրորդ պատերազմներու ընթացքին բոլոր միջադէպերը կը պահանջեն մանրակրկիտ եւ համապարփակ վերլուծութիւն, ներառեալ պատերազմական յանցագործութիւններու նշաններու համար:

Ան այսպէս մեկնաբանած է Պաքուի յայտարարութիւնները, թէ որոշ երկիրներ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղեն տեղեկատուութիւն տրամադրելու չորս հազար անհետ կորսուած ազրպէյճանցիներու ճակատագիրին, ինչպէս նաեւ անոնց թաղման վայրերուն մասին:

«Բոլոր նման դէպքերը կը պահանջեն անյապաղ, մանրակրկիտ եւ համապարփակ վերլուծութիւն, ներառեալ զինուորական յանցագործութիւններու նշանները: Մենք կը մեկնինք անկէ, որ կողմերը պէտք է հաւատարիմ մնան Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ կնքուած եռակողմ համաձայնագիրներու բոլոր կէտերուն, ներառեալ` չլուծուած խնդիրներու լուծման առումով: Ատիկա կը վերաբերի նաեւ պատերազմական գերիներու փոխանակման, անհետ կորսուածներու ճակատագիրի բացայայտման եւ շրջանին մէջ մշակութային ու մարդասիրական ժառանգութեան պաշտպանութեան», ըսած է Զախարովա:

Նախորդը

«Ֆրանսան Ուս-Ուսի Հայ Ժողովուրդի Կողքին Է» Կ՛ըսէ Քոլոնա

Յաջորդը

«Փաստ Է, Որ Ազրպէյճանը Ռմբակոծած Է Հայաստանի Տարածքը» Կ՛ըսէ Պորել

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.