Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանսան Ուս-Ուսի Հայ Ժողովուրդի Կողքին Է» Կ՛ըսէ Քոլոնա

October 7, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի զինեալ ներխուժումները եւ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին հարուածներ հասցնելը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան խախտում են: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ յայտարարած է Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա:

Անոր համաձայն, Ֆրանսան ուս-ուսի կանգնած է հայ ժողովուրդի կողքին: «Մեր պատմութիւնները կապուած են այն պահէն, երբ մեր երկիրը տեղահանուածներ ընդունեց 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք: Մենք համերաշխութիւն կը ցուցաբերենք հայ ժողովուրդին հետ եւ պիտի շարունակենք ատիկա ընել, մինչեւ հասնինք տագնապի բանակցուած, խաղաղ լուծման», ըսած է ան:

Քոլոնա նշած է, որ Ֆրանսան աշխուժ ջանքեր կը գործադրէ հայ գերիներու, պատերազմական գերիներու ազատ արձակման համար:

«Ես կրնամ ձեզի տեղեկացնել, որ անոնցմէ 17-ը երէկ Ազրպէյճանի կողմէ ազատ արձակուած են», ընդգծած է Քոլոնա` աւելցնելով, որ Ֆրանսան Եւրոպական Միութեան հետ միասին ներգրաւուած է երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութեան հոլովոյթին մէջ, որ կը շարունակուի:

«Նախագահ Մաքրոն վաղը պիտի շարունակէ զայն իր շարք մը եւրոպացի գործընկերներու հետ, որովհետեւ խաղաղութեան եւ միջազգային իրաւունքին հաւատարիմ է», նշած է նախարարը:

 

 

Նախորդը

Ծովային Սահմանագծումի Թղթածրարը Խոչընդոտներու Դիմաց Կը Գտնուի

Յաջորդը

«Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Շուրջ Արեւմուտքին Մօտեցումները Ամբողջովին Հաւասարակշռուած Չեն» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.