Միջազգային պասքեթպոլի ֆետերասիոնին` ՖԻՊԱ-ին կողմէ հրապարակուած տղոց ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը յայտնուեցաւ 89-րդ դիրքին վրայ:
Նախորդ դասաւորման հետ բաղդատած, հայրենի կազմը երեք դիրքի ոստում մը արձանագրեց, այս մասին յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականը այս տարի Մալթայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան հանդիսացաւ ախոյեան:
Միջազգային դասաւորման մէջ պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուին Միացեալ Նահանգներ: Սպանիա կը հանդիսանայ երկրորդ, իսկ Աւստրալիա` երրորդ: