Վրաստանի ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Վրաստանի մէջ 93 տարեկան հասակին մահացաւ անցեալի անուանի ծանրաբարձ Ռաֆայէլ Չմշկեան:
Կազմակերպութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանիքին, բարեկամներուն եւ մարզական հանրութեան:
Ռաֆայէլ Չմշկեան 1952-ին Հելսինքիի ողիմպիական խաղերու ախոյեան է` 60 քկ դասակարգին մէջ:
Ան նախկին Խորհրդային Միութեան, աշխարհի կրկնակի, Եւրոպայի 6-ակի ախոյեան է, ինչպէս նաեւ` աշխարհի 11-ակի մրցանշակիր: