Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի փարա-ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, աղջկանց հաշմանդամներու 50 քկ դասակարգի մրցումներուն, պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Սվեթլանա Մանուկեան, այս մասին յայտնեց Փիւնիկ հաշմանդամներու միութիւնը:
Այսպիսով, Մանուկեան տիրացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին առաջին մետալին:
Այսօր` երեքշաբթի, 27 սեպտեմբերին, մրցասպարէզ դուրս պիտի գայ միջազգային վարպետ, Եւրոպայի փոխախոյեան եւ փարալիմփիք խաղերու մասնակից` Կրեթա Վարդանեան:
Յարութիւն Մխիթարեան «Քորոնա» ժահրի քննութեան դրական արդիւնքին պատճառով չկրցաւ մասնակցիլ Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Եթէ անոր երկրորդ արդիւնքը ժխտական ըլլայ, ան վաղը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ խառն զոյգի մրցումներուն: