Հայ եկեղեցին Խաչվերացէն երկու շաբաթ ետք, սեպտեմբեր 25-էն մինչեւ հոկտեմբեր 1 հանդիպող կիրակի օրը կը տօնէ Վարագայ Սուրբ խաչի տօնը, իսկ անոր նախորդող շաբաթ օրը Սուրբ Գէորգ զօրավարի տօնն է:
***
Սուրբ Գէորգ կապադովկիացի էր: Ան մեծցած էր քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ եւ զինուորագրուելով հռոմէական բանակին հասած էր զօրավարի աստիճանին:
Դիոկղետիանոս կայսր քրիստոնեաները հալածելու հրովարտակ արձակելէ առաջ խորհրդակցութեան հրաւիրեց իր մեծամեծները, որոնց շարքին նաեւ` Գէորգը, անոնց հաւանութիւնը ստանալու համար: Բոլորը հաւանութիւն տուին` բացի Գէորգէն: Գէորգ խստիւ քննադատեց կայսեր առաջարկը: Բոլորն ալ կռահեցին որ Գէորգ քրիստոնեայ է:
Դիոկղետիանոս կայսր անլուր չարչարանքներու ենթարկել տուաւ Գէորգը: Ի վերջոյ Գէորգ հաւանութիւն տուաւ այցելելու կուռքերուն: Սակայն ան մեհեանները մէկ առ մէկ կործանեց:
Դիոկղետիանոս կայսր Գէորգը գլխատել տուաւ հաւանաբար 303-ին, Նիկոմիդիոյ մէջ:
Սուրբ Գէորգի տօնին կը նախորդէ հնգօրեայ պահք: Տօնը հանդիսաւոր կերպով կը նշուի յատկապէս սուրբի անուան նուիրուած սրբատեղիներուն, վանքերուն եւ եկեղեցիներուն մէջ: Ուխտաւորները ուրբաթ գիշեր ճամբայ կ՛ելլեն, արեւածագը սուրբ վայրին մէջ դիմաւորելու ցանկութեամբ:
Տօնախմբութիւնը, երգով, պարով, նուագով ու մրցոյթներով կը շարունակուի մինչեւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ մատաղի օրհնութիւն. օճախները կը վառեն եւ կը պատրաստուի հաւով հարիսան կամ կալի կորկոտը:
Սուրբ Գէորգ նկատուած է իբրեւ վիշապասպան եւ դիւահալած սուրբ:
Աւանդութեան մը համաձայն Շապին Գարահիսարի մէջ Անդրանիկի մկրտութեան ժամանակ մարդ մը եկեղեցի մտած է եւ քահանայի ձեռքէն վերցնելով մանուկը ընկղմած է սուրբ ջուրին մէջ, ապա վերադարձուցած քահանային, իսկ ինքը անհետացած է: Ապշահար ներկաները նորածինի մէջքին խաչ տեսած են եւ հասկցած, որ Սուրբ Գէորգ դրոշմած է զայն: Թշնամիի հարուածները չեն կրցած զգետնել հայրենիքի տէր ու պաշտպան քաջը, քանի որ Սուրբ Գէորգի խաչը անխոցելի դարձուցած էր զայն:
***
Հռիփսիմեանց կոյսերը Դիոկղետիանոս կայսեր հալածանքներէն փախչելով հասան Հայաստան եւ Վարագայ լերան վրայ ապաստան գտան:
Հռիփսիմէ իր կուրծքէն կախած Տիրոջ Խաչափայտի սրբազան մասունքը յանձնեց լերան վրայ աղօթող ճգնաւորներուն եւ խնդրեց որ ապահովութեան համար քարայրի մը մէջ պահեն: Սուրբ մասունքը այդպէս պահուած մնաց քանի մը դար:
Թոդիկ ճգնաւոր իր աշակերտ Յովէլի հետ 653-ին աղօթեց Վարագայ լերան վրայ եւ Աստուծմէ խնդրեց որ ողորմութիւն ընէ եւ ցոյց տայ Սուրբ Խաչին տեղը: Յանկարծ լուսեղէն տասներկու սիւներ երեւցան լերան շուրջ, իսկ անոնց շուրջ փայլեցաւ լուսաւոր խաչի նշանը, եւ ի յայտ եկաւ Տիրոջ Խաչափայտը, որ իրենց հետ Հայաստան բերած էին սիրասուն կոյսերը: Տասներկու օր շարունակ լուսեղէն սիւները տեսանելի էին նաեւ հեռաւոր վայրերէն:
Ներսէս Գ. Շինող կաթողիկոս, հրաշքը տեսնելէն ետք, այդ վայրին մէջ, Վանայ լիճին եւ Վան քաղաքին հարաւարեւելեան կողմը, Վարագ լերան արեւմտեան լանջին կառուցեց Սուրբ Նշան եկեղեցին, հաստատեց Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը եւ գրեց «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ քո Քրիստոս» շարականը, որ կ՛երգուի տօնին օրը:
Սրբազան մասունքը Վարագայ վանքին մէջ կը մնար, բայց հետագային Վանի առաջնորդանիստ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ մէջ զետեղուեցաւ. Խաչվերացի եւ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօներուն քաղաքամէջի ժողովուրդը հոն կը համախմբուէր: