Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Աբիսողոմ Աղան Լոնտոնի Մէջ…

Սեպտեմբեր 23, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հետեւեալ տեղեկութիւնները անգլիական մամուլէն է, հետեւաբար Հայաստանի իշխանութինն ու անոր սիրահարները պատճառ չունին անոր մէջ տեսնելու «նախկիններուն» մատը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան զայրոյթ եւ խոր ընդվզում յառաջացուցած է Լոնտոնի մէջ, երբ շաբաթավերջին գացած է Ուեսթմինսթըր տաճար` յարգանք մատուցելու վախճանեալ Էլիզապէթ թագուհիին: Ծանօթ է, որ Անգլիա եւ իր արբանեակները սուգի մէջ են շաբաթէ մը ի վեր, թագուհիին մահուան առիթով, յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 19 սեպտեմբերին: Աշխարհի մեծամեծներն ալ մասնակից եղածեն սուգին:

Խաչատուրեան ինչո՞ւ զայրացուցած է աւանդապահ եւ չափազանց պահպանողական անգլիացիները: Որովհետեւ երբ ան մօտեցած է թագուհիին դագաղին, որուն առջեւէն լուռ ու մունջ կ՛անցնէին պետական մարդիկ եւ պարզ մահկանացուներ, անոր մէկ ընկերակիցը սկսած է լուսանկարել Խաչատուրեանը, կարծէք թէ հարսանիքի մը կամ այլ ուրախ հանդիսութեան մը ներկայ կ՛ըլլար ան: «Տէյլի Մէյլ»-ի խորագիրը կ՛ըսէ բառացիօրէն. Fury as president of Armenia and Putin ally is photographed by entourage while posing in front of Queen՛s coffin in Westminster Hall (որ թարգմանի` կատաղի զայրոյթ, որովհետեւ  Փութինի դաշնակից Հայաստանի նախագահին մէկ ընկերակիցը զինք կը լուսանկարէ թագուհիին դագաղին առջեւ): Այլ թերթեր ալ անդրադարձած են «հերոս»-ին վարմունքին:

Այդքանն ալ բաւ չէ սեպած նախագահը եւ, ըստ անգլիացի լրագրողներու, անընդհատ շաղակրատած է: Մինչդեռ նման պայմաններու մէջ ո՛չ խօսիլը, ո՛չ ալ մանաւանդ լուսանկարուիլը ընդունելի են, պատշաճ չեն: Խաչատուրեան միակն է եղած, որ լուսանկարուած է եւ` շաղակրատած: (Պարոնեան պիտի ըսէր. «Սո՜ւս, Աբիսողոմ աղան կը նկարուի…»):

***

Նպատակ չունինք քննարկելու անգլիացիներուն աւանդութիւնները կամ ազգային սովորութիւնները, յարգանքը այս կամ այն ձեւով մատուցելու կերպերը, ո՛չ ալ իտէալականացնելու այլոց բարքերը: Այլ հարց է նաեւ այն, թէ Հայաստանի իշխանաւորներուն եւ Փութինի դաշնակցութիւնը ի՞նչ ջուրի վրայ է վերջին շրջանին: Սակայն աշխարհի մէջ կայ հիմնական սկզբունք մը, որ լաւագոյնս կը բացատրուի ծանօթ խօսքով մը. «Երբ Հռոմ կը գտնուիս, ըրէ հռոմէացիներուն պէս» (When in Rome, do as Romans do): Այլապէս Հռոմ մի՛ երթար:

Պարզ է, չէ՞. վարչապետ Փաշինեանին կողմէ իրողապէս նշանակուած նախագահը յայտնապէս ծանօթ չէ փրոթոգոլային տարրական սկզբունքներու: Այսինքն վկայեալ եւ փաստացի տգէտ մըն է: Ի դէպ, Ուքրանիոյ տագնապին եւ այլ նկատառումներով անգլիացիք կարգ մը երկիրներու պետական ներկայացուցիչները չեն հրաւիրած այս արարողութեան, սակայն բացայայտ է, որ (յիշեալ թերթին կողմէ «Փութինի դաշնակիցը» յորջորջուող) Խաչատուրեան հրաւիրուած է, եւ մարդիկ կ՛ակնկալէին, որ հիւրը գիտնար սուգի մասնակցութեան տարրական դրոյթները: Խաչատուրեան եւ զինք առաքողները արդեօք մտածա՞ծ էին,  որ նախորդ նախագահը` Արմէն Սարգսեան, «անգլիացիներուն մարդը Երեւանի մէջ», կրնար գոնէ այստեղ օգտակար խորհրդատուութիւն կատարել իրենց, թէ՞ ան, Երեւանէն իր փախուստէն ետք, ամէն կապ խզած է նախկին խնամատարներուն հետ:

***

… «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք Հայաստանի մէջ ամէն բան գլխիվայր շրջուած է. աւանդութիւն, ընտանիք, ազգային եւ մշակութային արժէքներ եւ այլն «ասֆալթին փռուած են» բանիւ եւ գործով:

Եւ ահա կը տեսնենք, որ Հայաստանի սահմանները սկսած են նեղ գալ իշխանաւորներու տգիտութեան դրսեւորումներուն, կը տարածուին դէպի այլ հորիզոններ: Պատճառը այն չէ, որ Ազրպէյճան սկսած է Հայաստանէ՛ն ալ պատառներ խլել, կը պատրաստուի այլ հողամասեր եւս նուէր ընդունելու: Այսինքն սահմաններուն նեղնալը անմիջական պատճառ չէ, այլ տգիտութիւնն ու անատակութիւնը ամէն օր նոր «նուաճումներ» կ՛արձանագրեն այս խմբակին արարքներով: Այս մարդիկը իրենց տգիտութիւնն ու համբակութիւնը լիարժէքօրէն կը ցուցադրեն` հետեւելով «Սահմանք քաջաց, զէնն իւրեանց» պատգամին ու, ըստ իրենց սովորութեան, աղաւաղելով նա՛եւ զայն:

19 սեպտեմբեր 2022

 

Նախորդը

Ոստիկանները Բռնի Ուժով Ձերբակալեցին 44-Օրեայ Պատերազմին Զոհուած Զինուորներու Ծնողները

Յաջորդը

Հայ Է, Բայց Գող Է

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?