21 սեպտեմբերին, կանուխ առաւօտեան, Եռաբլուրի մէջ ոստիկանները բռնի ուժով ձերբակալեցին 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներու ծնողները, որոնք նախորդ գիշերուընէ եկած էին Եռաբլուր, որպէսզի արգիլեն Նիկոլ Փաշինեանը` հասնիլ իրենց որդիներու շիրիմներուն:
Կարմիր գլխարկով ոստիկանները ծնողներու թեւերը ոլորելով, ձեռքերէն ու ոտքերէն քաշքշելով` տարին եւ ուժով նստեցուցին ոստիկանական ինքնաշարժներու մէջ:
Անոնք ճամբայ կը բանային վարչապետ Փաշինեանին եւ անոր խմբակիցներուն, որոնք, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, կու գային յարգանքի տուրք մատուցելու զոհերու յիշատակին: Զինուորական պանթէոնին մէջ կային մեծ թիւով ոստիկանական ուժեր:
Համազգեստաւորները գործի անցան մինչեւ Փաշինեանի ժամանելը` չխնայելով սեւազգեստ մայրերը: Կիները կը տանէին 4-5 ոստիկաններով, ձեռքերէն եւ ոտքերէն քաշելով:
Մինչեւ Նիկոլ Փաշինեանի ժամանելը` ոստիկանները շուրջ 40 անձեր մեկուսացուցին ոստիկանութեան բաժիններուն մէջ: Զանոնք ազատ արձակեցին, երբ պաշտօնեաները արդէն հեռացած էին Եռաբլուրէն:
«Գիշերուանից այստեղ էինք, եկել էինք, որպէսզի թոյլ չտայինք, որ մեր տղաների մահուան մէջ մեղաւորը գար, ոտք դնէր Եռաբլուր», ըսաւ հաւաքուածներէն մէկը:
Զոհուած Հայկազ Մկրտչեանի մայրը` Աննան, որ գիշերը լուսցուց Եռաբլուրի մէջ, մուտքը փակողներէն մէկն էր: Ան ըսաւ, որ իր թեւերը ոլորելով` ձերբակալեցին զինք: «Փակեցինք ճանապարհը, որպէսզի չմտնեն, իրենք վայրենիների նման քաշելով, ձեռքերը ոլորելով` բերեցին ու իջացրեցին, նստացրեցին մեքենայ շատ կոպիտ ձեւով ու տարան», «Ազատութեան» պատմեց Աննա Մկրտչեան:
«Վայրագութիւն», մէկ բառով նկարագրեց Ժորա Մարտիրոսեանին մայրը` Գայեանէն, որ դարձեալ գիշերը անցուցած էր որդիին գերեզմանին մօտ: Ձերբակալելու ընթացքին անոր ձեռքերը վիրաւորուեցան: Ան նաեւ ըսաւ, որ իրեն հարուածներ հասցուցին: «Վայրի ցեղերի նման յարձակուեցին մեզ վրայ` մամաների, պապաների վրայ ու ինչ կերպ էստեղից հեռացրեցին: Մենակ չէին քաշքշում, խփում էին նոյնիսկ», հաստատեց ան:
Հրանուշ Սուքիասեան անհանգստացած է, այդ պատճառով ալ զինք չեն ձերբակալած: Ան իր միակ որդին կորսնցուցած է 44-օրեայ պատերազմին: Քանի մը ամիս մնացած էր, որ 19-ամեայ Արթուր Սուքիասեանը զօրացրուէր: Ջաբրայիլի մէջ զոհուեցաւ ան: Մայրը մինչեւ լուսաբաց որդիին գերեզմանը հսկեց, որպէսզի իշխանականները անոր չմօտենան:
«Ինքը անկախութիւն չի թողել, որ էսօր գար ու նշէր էրեխեքի մօտ, էրեխեքն են անկախութիւնը թողել մեզ, իրանք արժանի չեն, մինչեւ էսօր անթաղ դիակները լցուած են, թող գնայ` էդ հարցով զբաղուի ու ցուցակները հրապարակի, որ ծնողն իմանայ` իրա էրեխեն ո՞ղջ ա, թէ՞ մահացած», ըսաւ Սուքիասեան:
Զօրանուշ Յարութիւնեան իշխանութիւնը եւ անձամբ Փաշինեանը կը մեղադրէ, որ ամէն ինչ կորսնցուցած է: Հադրութի Տող գիւղը կ՛ապրէին: Հադրութը Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ է հիմա: Իշխանական չորս պատգամաւորներու ան արգիլած է մօտենալ որդիին շիրիմին: «Ես չթողեցի, չորս պատգամաւոր իջան, չթողեցի իմ երեխայի մօտ ծաղիկ դնեն, ասացի` պէտք չի դնէք, ու չդրեցին, ծաղիկը ձեռքը, գլուխները կախ չորս պատգամաւոր բարձրացան վերեւ»:
Զոհերու ծնողներուն միջոցառումը խաղաղ էր, ոստիկաններուն գործողութիւնները անհամաչափ էին: Այս մասին ըսաւ անոնց ներկայացուցիչը` Վահան Յովհաննիսեան: Մայրերէն երկուքը, ըստ փաստաբանին, վիրաւորուեցան ոստիկանութեան գործողութիւններէն: Յանցագործութեան մասին հաղորդում պիտի ներկայացնեն աւելի ուշ: «Թէպէտ գիտենք` դրա արդիւնքը ի՛նչ է լինելու, բայց ամէն դէպքում մենք այդ քայլին կը դիմենք», նշեց Յովհաննիսեան:
Ժամեր ետք ոստիկանութիւնը եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի (ՄԻՊ) գրասենեակը արձագանգեցին կատարուածին, երբ ընկերային ցանցերու վրայ աղմուկ բարձրացաւ, մարդիկ քննադատեցին եւ ամօթ նկատեցին ոստիկանութեան ու իշխանութեան քայլերը: Ոստիկանութիւնը եւ ՄԻՊ-ի գրասենեակը նշեցին, որ կ՛ուսումնասիրեն իրաւապահներուն գործողութիւնները: