Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ողջոյնի խօսք յղած է երէկ Երեւանի մէջ սկսած Ռուս-հայկական 9-րդ միջշրջանային խորհրդաժողովի մասնակիցներուն:
«Այս տարի մեր երկիրները կը նշեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան համաձայնագիրի ստորագրման 25-ամեակը: Կարեւոր է, որ անցած ժամանակահատուածին մէջ Ռուսիան եւ Հայաստանը մեծ փորձառութիւն կուտակած են ամէնէն տարբեր ոլորտներուն մէջ կառուցողական համագործակցութեան առումով, իսկ երկկողմանի կապերը բերուած են դաշնակցային բարձր մակարդակի», կը նշուի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է Քրեմլինի կայքին մէջ:
Փութին միջշրջանային համագործակցութիւնը կոչած է ռուս-հայկական յարաբերութիւններու կարեւոր բաղադրիչ:
Անոր համաձայն, երկու երկիրները աշխուժօրէն կը գործակցին տնտեսական, ընկերային, գիտական, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ յաջողութեամբ կը գործադրեն միացեալ մեծ նախագիծեր եւ նախաձեռնութիւններ:
Փութին նշած է, որ միջշրջանային խորհրդաժողովի օրակարգը, ինչպէս միշտ, շատ յագեցած է:
«Պետական իշխանութիւններու, գործարարական, ակադեմական եւ փորձագիտական շրջանակներու, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները պէտք է միտքեր փոխանակեն արդիական, էական հարցերու շուրջ, նախանշեն համագործակցութեան նոր ծրագիրներ, ներառեալ առեւտուրի, ներդրումներու, կրթութեան, զբօսաշրջութեան եւ թուային ճարտարագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ», աւելցուցած է ան: