– Ձեր Մարմինը Ունի Խելացի Միջոց Մը` Պարզելու, Թէ Որքան Ջուր Պէտք Է Խմէք Ամէն Օր
– Զարմանալի Բաներ, Որոնք Կրնան Բարձրացնել Ձեր Արեան Ճնշումը
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Ձեր Մարմինը Ունի Խելացի Միջոց Մը`
Պարզելու, Թէ Որքան Ջուր Պէտք Է Խմէք Ամէն Օր
Լուրջ հարցում. ամէնօրեայ որքա՞ն ջուր անհրաժեշտ է միջին չափահաս մարդուն: Հաւանաբար լսած էք սովորական պատասխանը. ութ գաւաթ ութ ունկի (ounce= 29.57ml) չափով: Այս մէկը երբեմն կը նշուի որպէս 8 x 8: Բայց ամէնուր տարածուած այս առաջարկութեան ետին «շատ գիտութիւն չկայ»: 2002-ին հետազօտական ակնարկ մը, ըստ էութեան, վստահելի ուսումնասիրութիւններ չէ գտած այս մասին: Որեւէ մէկ «որքա՞ն» հարցումի իսկապէս լուրջ պատասխանը կը սկսի «Այդ մէկը կախում ունի»-ով: Դուք տա՞ք վայրի մէջ կը բնակիք: Յաւելեալ ջանք կը գործադրէ՞ք: Ձեր առողջութիւնը լա՞ւ է: Քանի՞ տարեկան էք: Շատ աղի ուտելիքներ կ՛ուտէ՞ք, թէ՞ պտուղներով ու բանջարեղէններով «ծանրաբեռնուած էք»:
Մեզի իսկապէս ջուր պէտք է ամէն օր, բայց սովորական մարդը զայն կը ստանայ բազմաթիւ աղբիւրներէ` թէյէ կամ սուրճէ, զովացուցիչ ըմպելիքներէ (որոնք յաճախ կը ներառեն շաքար, որ ձեզի բնականաբար պէտք չէ) եւ ուտելիքներէ: «Մենք սովորաբար կը ստանանք հեղուկի մեր պահանջին մօտ 20 տոկոսը ուտելիքներէ եւ մօտ 80 տոկոսը` ըմպելիքներէ», կ՛ըսէ Վիրճինիայի արհեստագիտական համալսարանի մարդկային սնուցման փրոֆեսէօր Պրենտա Մ. Տէյվի: Ջուրի, հանքանիւթերու եւ աղերու առողջ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար առողջապահական մարմինները կը յայտնեն, որ չափահասները պէտք է սպառուած իւրաքանչիւր 1000 քիլոքալորիի դիմաց խմեն մօտ մէկ լիթր հեղուկ: Այս առումով, ութ բաժակէն քիչ մը աւելի է պահանջը այն մարդուն, որ օրական 2000 քիլոքալորիէն աւելի կը սպառէ: Սակայն ամերիկացիներուն մեծամասնութիւնը ջուրի առօրեայ իր պահանջը կը ստանայ տարբեր սննդամթերքներէ եւ խմիչքներէ: Այդ պահանջին մօտ մէկ երրորդը կ՛ապահովէ սովորական ըմպելի ջուրէն ըստ 2013-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ մօտ 16,000 չափահասներու ուսումնասիրութեան:
Ծարաւի բնական մեքանիզմները մեզմէ շատերուն ջուր խմելով չմտահոգուելու պատճառներէն մէկն են: Մեծահասակներու մարմնին մօտ 60 տոկոսը բաղկացած է ջուրէ, որուն մօտ 80 տոկոսը կը տեղակայուի թոքերուն եւ երիկամներուն մէջ: Բոլորիս ծանօթ է այս ծարաւնալու կանոնակարգի զգայական կողմը` չոր կոկորդը եւ հրատապ ծարաւի զգացում մը: Սակայն վերջերս ջղաբանները այլ ուշագրաւ պատկերացումներ գտած են մարմնի եւ ուղեղին մէջ ծարաւի զգացումը վերահսկելու մասին:
Հետազօտողները 1950-ականներէն գիտեն, որ ուղեղի ենթատեսաթումբի` (hypothalamus) ոլոռնի չափ կառուցուածքի օրկանն է ծարաւի զգացումը վերահսկողը: Շուէտացի ֆիզիոլոկ Անտերսընը շարք մը փորձարկումներու ընթացքին, երբ ան աղ ներարկած է այծերու ուղեղին մէջ, ցոյց տուած է, որ SFO կոչուած հատուածը կը վերահսկէ արեան մէջ ջուրի եւ աղերու քանակը եւ կը յառաջացնէ խմելու ցանկութիւն: SFO-ն նոյն դերը կը կատարէ նաեւ մարդոց մօտ: Բայց Անտերսընի գաղափարները չկրցան լիովին բացատրել, թէ ինչպէ՛ս մենք ծարաւը կը զգանք: Օրինակ, երբ մենք կը խմենք ջուրը, գրեթէ ակնթարթօրէն բաւարարուած կը զգանք. այնուամենայնիւ, 10-15 վայրկեան պէտք է, որ հեղուկը անցնի մեր բերանէն, հասնի մարսողական համակարգի ստորին բաժինները, որպէսզի հասնի արիւն: «Ուղեղին մէջ կայ բան մը, որ կը յայտնէ, թէ ձեր արեան պայմանները հաւանաբար տակաւին չեն փոխուած, բայց դուք բաւականաչափ ջուր խմած էք ձեր ծարաւը յագեցնելու համար», կը բացատրէ Փրինսթըն համալսարանի ջղաբան Քրիսթոֆըր Զիմերման:
Մուկերու վրայ շարք մը լայնածաւալ փորձարկումներու ընթացքին Զիմերման եւ իր համախոհները չափեցին ջիղերու գործունէութիւնը SFO-ի մէջ: «Տեսանք, որ անոնց գործունէութիւնը շատ արագ փոխուեցաւ, երբ մուկը ջուր կամ աղի ջուր կը խմէր, եւ երբ կերակուր կ՛ուտէր», ըսաւ ան: Անոնց հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ քանի մը վայրերու ազդանշանները ի վերջոյ կը հասնին SFO-ի բաժինը: «Կը ստանաք ազդանշան արիւնէն, որ կ՛ազդարարէ ներկայ խոնաւեցման վիճակին մասին, ազդանշան` բերանէն, որ ցոյց կու տայ, թէ որքան հեղուկ խմած էք, եւ ազդանշան` աղիքէն, որ կը յայտնէ ձեզի, թէ ի՛նչ սպառեցիք. արդեօ՞ք այդ մէկը ջուր էր, թէ՞ ուրիշ բան: SFO-ի ջիղերը կը համակարգեն այս բոլորը միասին, իսկ յետոյ կը փոխանցեն խմելու կամ դադրեցնելու ցանկութիւնը:
Զիմերմանի աշխատանքին մեծ առաւելութիւնը այն է, որ մեծ մասամբ դուք կրնաք վստահիլ ձեր «ծարաւային համակարգին»` որոշելու, թէ երբ պէտք է խմել, ի տարբերութիւն որոշ կամայական խորհուրդներու հետեւելու:
Բայց կան բացառութիւններ. որովհետեւ այս համակարգի զգայունութիւնը կրնայ նուազիլ տարիքի բերմամբ, տարեց մարդոց համար կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ խմելու յիշեցումներ: 2013-ի ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ միջին հաշուով 70 տարեկանէն բարձր մարդիկ չեն կրնար բաւարար խոնաւացում ստանալ: Որոշակի պայմաններ ունեցող մարդիկ, ինչպէս` երիկամներու քարեր եւ երկարատեւ փորհարութիւն ունեցողները, նոյնպէս յաւելեալ ջուրի պէտք ունին: Առաւել եւս, Տէյվիի եւ այլոց կատարած հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ երիտասարդ եւ տարեց մարդիկ, որոնք կը փորձեն նիհարնալ, աւելի քիչ քալորիներ կը սպառեն, եթէ ուտելէ առաջ խմեն 16 ունկի ջուր:
Ուղեղի միւս մասերը, որոնք կ՛օգտագործուին այս ծրագրման ժամանակ, պէտք է օգնեն խոնաւեցման այս գործընթացին տաք օրերուն եւ մարզանքի ժամանակ: Ծարաւ է, թէ ոչ, Զիմերման կ՛ըսէ, որ ինք ջուր կը խմէ նախքան վազքի երթալը. «Իմ ծարաւի վերահսկող ջիղերը չեն գիտեր, որ ես կը պատրաստուիմ 10 մղոն վազելու»:
Աղբիւր` Scientific American
Զարմանալի Բաներ, Որոնք Կրնան
Բարձրացնել Ձեր Արեան Ճնշումը
Աւելի մեծ պատկերը
Հաւանաբար լսած էք, որ պէտք է հետեւիլ ձեր սպառած աղի քանակին, յատկապէս եթէ մտահոգուած էք ձեր արեան ճնշումով: Այդ մէկը պայմանաւորուած է անով, որ աղը կը ստիպէ ձեր մարմնին պահելու ջուրը` յաւելեալ սթրես յառաջացնելով ձեր սիրտին եւ արեան անօթներուն վրայ: Սակայն աղն ու զայրոյթը միակ բաները չեն, որոնք կրնան բարձրացնել ձեր արեան ճնշումը: Ահա անոնցմէ քանի մը հատը.
- Աւելցուած շաքարը
Ան կրնայ արեան ճնշման համար աւելի վտանգաւոր ըլլալ, քան աղը, յատկապէս երբ վերամշակուած ձեւով է, ինչպէս` ֆրուքթոզի եգիպտացորենի օշարակը (զայն կը գտնենք քեչափի, փաթեթաւորուած անուշեղէններու, թիթեղատուփի մէջ լեցուած պտուղներու եւ այլ տեղեր): Իրենց սննդակարգին մէջ անիկա աւելի շատ աւելցնող մարդիկ կը նկատեն, որ իրենց ճնշումի «վեր»-ի (կծկական) (systolic) եւ «վար»-ի (ծաւալական) (diastolic) թիւերը բարձր կ՛երեւին:
- Մինակ զգալը
Ասիկա կը վերաբերի ո՛չ միայն ձեր ունեցած ընկերներու թիւին, այլ` մարդոց կապուած զգալու: Իսկ սթրեսը կամ ընկճուած ըլլալը լիովին չեն բացատրեր այս ազդեցութիւնը: Այս մէկը նաեւ կը վատթարանայ ժամանակի ընթացքին. 4 տարուան ընթացքին ամենամինակ մարդոց արեան վերին ճնշումը բարձրացած է բնականէն շատ աւելի: Հետազօտողներ կը կարծեն, որ մերժուելու ու հիասթափութեան շարունակական վախը եւ ապահովութեամբ ու անվտանգութեամբ աւելի մտահոգ ըլլալը կրնայ փոխել ձեր մարմնին գործունէութիւնը եւ աշխատելաձեւը:
- Անշունչ քունը
Քունի ժամանակ շունչի հարցեր ունեցող մարդիկ արեան բարձր ճնշում եւ սրտի այլ խնդիրներ ունենալու աւելի մեծ հաւանականութիւն ունին: Երբ ձեր շնչառութիւնը քանի մը անգամ կ՛ընդհատուի քնացած ժամանակ, ձեր ջղային համակարգը կ՛արձակէ քիմիական նիւթեր, որոնք կը բարձրացնեն արեան ճնշումը: Բացի անկէ, նման խանգարումի պարագային կը ստանաք աւելի քիչ թթուածին, եւ այդ մէկը կրնայ վնասել արեան անօթներու պատերուն եւ դժուարացնել ձեր մարմնին համար արեան գերճնշումը կարգաւորելը:
- Փոթասիոմի քիչ սպառումն ու պակասը
Ձեր երիկամներուն անհրաժեշտ է նատրիոմի (Na) եւ փոթասիոմի (K) հաւասարակշռութիւն` արեան մէջ հեղուկի ճշգրիտ քանակութիւնը պահպանելու համար: Այսպիսով, նոյնիսկ եթէ դուք ունենաք սննդակարգ մը, ուր նուազ աղ կ՛օգտագործէք, կրնաք ունենալ արեան գերճնշում, երբ բաւարար քանակութեամբ պտուղներ, բանջարեղէններ, պիստակեղէն, ճարպերով թեթեւ կաթնամթերք կամ ձուկ չսպառէք: Թէեւ կրնաք պանանը համարել փոթասիոմի հիմնական աղբիւր, սակայն պրոքոլին, շոմինը եւ այլ տերեւաւոր բանջարեղէններ աւելի լաւ են փոթասիոմ ստանալու համար, եթէ մտահոգուած էք ձեր ծանրութեամբ:
5. Ցաւը
Յանկարծակի կամ սուր ցաւը կը զօրացնէ ձեր ջղային համակարգը եւ կը բարձրացնէ արեան ճնշումը: Կրնաք տեսնել այս ազդեցութիւնը, երբ ձեր ձեռքը կը դնէք սառած ջուրի մէջ, կամ երբ սեղմէք ձեր այտը կամ եղունգը, կամ երբ ելեկտրական ցնցում ունենաք ձեր մատին միջոցով:
- Բուսական Յաւելումներ
Կը սպառէ՞ք ճինքկօ, ճինսենկ, կարանա (guarana), էֆետրա: Ասոնք եւ ուրիշներ կրնան բարձրացնել ձեր արեան ճնշումը կամ փոխել դեղերու գործելաձեւն ու խախտել անոնց ազդեցութիւնը. այդ դեղերէն են արեան գերճնշումը վերահսկող դեղերը:
- Վահանագեղձի խնդիրներ
Երբ այս գեղձը չ՛արտադրեր բաւարար քանակութեամբ իր իւրայատուկ հորմոնը, ձեր սրտի զարկերը կը դանդաղին, եւ զարկերակները աւելի քիչ կը կծկուին: Հորմոններու ցած մակարդակը կրնայ նաեւ բարձրացնել ձեր LDL-ը` «վատ» քոլեսթերոլը, որ կրնայ կարծրացնել զարկերակները. արիւնը աւելի արագ կը շարժի կարծրացած անօթներուն մէջ` հրելով անոր պատերը եւ բարձրացնելով ճնշումը: Թէեւ շատ սովորական չէ այս մէկը, սակայն վահանագեղձի հորմոններու աւելորդ քանակը կրնայ ձեր սրտի բաբախումի յաճախականութիւնը աւելցնել եւ աւելի զօրաւոր տրոփումներ յառաջացնել. բան մը, որ կը բարձրացնէ ձեր արեան ճնշումը:
- Միզելու պէտք ունենալու զգացումը
Հետազօտութեան մը մէջ կծկական ճնշումի միջինը բարձրացած է միջին տարիքի կիներու մօտ, որոնք բաղնիք չեն գացած առնուազն 3 ժամ: Տարբեր տարիքի տղամարդիկ եւ կիներ զգացին նմանատիպ ազդեցութիւններ: Արեան գերճնշման հաւանականութիւնը կը մեծնայ տարիքի բերումով, եւ պարապ միզապարկը կրնայ օգնել թեթեւցնելու այդ մէկը:
- NSAIDs (Non-Steroidal Anti Inflammatory Drugs)
Բոլոր ոչ սթերոտային հակաբորբոքային դեղերը, ինչպիսիք են ասփիրինը եւ իպիւփրոֆենը, կրնան բարձրացնել ձեր ճնշումը` անկախ անկէ` առո՞ղջ էք, թէ՞ ունիք արեան գերճնշում: Թէեւ այդ բարձրացումի միջինը ընդամէնը քանի մը թիւ է, սակայն անոնք կրնան ազդել որոշ մարդոց վրայ շատ աւելի, քան` ուրիշներու:
- Ձեր բժիշկին դարմանատունը
Դուք կրնաք տարբերութիւն տեսնել, երբ բժիշկին հետ հանդիպման ժամանակ արեան ճնշումի արդիւնքները համեմատէք տան մէջ ձեր ստացած արդիւնքին հետ: Բժշկական մասնագէտներու աւանդական հագուստի անունով կոչուած «ճերմակ վերարկուի ազդեցութիւնը» արեան ճնշման բարձրացումն է` մինչեւ 10 միաւորով բարձր կծկականին (վերի թիւը) եւ 5-ով` ծաւալականին (վարի թիւը): Այս մէկը կրնայ տեղի ունենալ պարզապէս վայրին պատճառով:
- Հակախռնիչները (decongestants)
Սոտոէֆետրինի եւ ֆենիլեֆրինի նման բաղադրիչներ կրնան կծկել ձեր արեան անօթները: Այդ կը նշանակէ, որ արեան նոյն քանակը կը սեղմուի աւելի փոքր տարածութեան մէջ, ինչպէս ամբոխ մը կը հրենք միջանցքի մը մէջ: Այս դեղերը կրնան նաեւ տկարացնել արեան ճնշման դեղատեսակները: Ձեր բժիշկը կամ դեղագործը կրնայ օգնել ձեզի ընտրելու խոռոչային (sinus) խնդիրներու եւ մրսածութեան համար առանց դեղագիրի դեղեր, որոնք աւելի անվտանգ են արեան գերճնշում ունենալու պարագային:
- Ջրազրկումը (Dehydration)
Երբ ձեր մարմնի բջիջները բաւարար ջուր չեն ստանար, ձեր արեան անօթները կը կծկուին: Այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ, որովհետեւ ձեր ուղեղը ազդանշան կ՛ուղարկէ մաղասային գեղձին (pituitary gland), որպէսզի արձակէ քիմիական նիւթ մը, որ կը կծկէ զանոնք: Ինչպէս նաեւ ձեր երիկամները աւելի քիչ մէզ կը շինեն, որպէսզի պահպանէք ձեր ունեցած մարմնի հեղուկը. բան մը, որ նաեւ կը խթանէ փոքրիկ արիւնատար անօթները` ձեր սրտին եւ ուղեղին վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու:
- Հորմոնային հակաբեղմնաւորիչները
Դեղահատերը, ներարկումները եւ հակաբեղմնաւորիչ այլ սարքերը կ՛օգտագործեն հորմոններ, որոնք կը նեղցնեն արեան անօթները: Ուստի, այս պարագային կարելի է, որ ձեր արեան ճնշումը բարձրանայ: Աւելի հաւանական է, որ այդ խնդիր ըլլայ 35 տարեկանէն վեր, յաւելեալ ծանրութիւն ունեցող կամ ծխող կիներուն մօտ: Դուք կրնաք վերահսկել ձեր արեան ճնշումը` ստուգելով զայն իւրաքանչիւր 6-12 ամիսը անգամ մը: Էսթրոժենի աւելի ցած դեղաչափերը կրնան ձեր թիւերը բնական թիւերուն աւելի մօտ պահել:
- Խօսիլը
Այդ տեղի կ՛ունենայ անկախ անկէ` երիտասա՞րդ ես, թէ՞ տարեց, եւ անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կը գտնուիս: Որքան բարձր է ձեր արեան ճնշումը հանգիստի ժամանակ, այնքան կը բարձրանան թիւերը, երբ սկսիք խօսիլ: Իսկ ազդեցութիւնը կը տեւէ քանի մը վայրկեան: Կը թուի, թէ ձեր խօսած նիւթը եւ զգացմունքային բովանդակութիւնը աւելի կարեւոր են, քան` ձեր բերանը շարժելու իրողութիւնը:
- Հակաընկճուածութեան դեղերը
Այն դեղերը, որոնք ուղղուած են ուղեղի քիմիական նիւթերուն, ինչպիսիք են Տոփամինը, նոր-էփինեֆրինը եւ սերոթոնինը, ինչպէս վենլաֆաքսինը (Effexor), մոնոամին օքսիտազի արգելափակողները (MAOIs) եւ եռաօղակային հակաընկճուածութեան դեղերը (TCAs) եւ ֆլիւօքսեթինը (Prozac), կրնան փոխել ոչ միայն ձեր տրամադրութիւնը, այլ նաեւ` արեան ճնշման թիւերը: SSRI-ները կրնան բարձրացնել զայն, եթէ դուք նաեւ լիթիոմ կը սպառէք, կամ` այլ դեղատեսակներ, որոնք կ՛ազդեն սերոթոնինի վրայ:
Աղբիւր` WebMD