Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Ուղղած Է Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Պահպանելու Զինադադարը

Սեպտեմբեր 19, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանչիսկոս պապը կոչ ուղղած է պահպանելու հայ-ազրպէյճանական զինադադարի համաձայնագիրը: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջին բախումներուն մասին հաղորդումները ինծի շատ ցաւ պատճառեցին: Իմ հոգեւոր մտերմութիւնս կը յայտնեմ զոհուածներու հարազատներուն եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ` յարգելու զինադադարի դրութիւնը: Խաղաղութիւնը կարելի է, երբ անոնք մէկ կողմ դնեն իրենց զէնքերը եւ երկխօսութեան մէջ ըլլան», յայտարարած է պապը:

Ան նաեւ ըսած է, որ կը շարունակէ աղօթել ուքրանացի տառապեալ ժողովուրդին եւ «պատերազմէն արիւնով լեցուած որեւէ հողի խաղաղութեան համար»:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը ուրբաթ օր հաղորդած էր, որ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին կարծիքով` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ վերջին օրերուն սրած կացութիւնը լուծուած է Ռուսիոյ շնորհիւ:

Ղազախստանէն վերադառնալու ճամբուն վրայ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով բազմաթիւ տագնապներուն` պապը ըսած է. «Այժմ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ լարուածութիւնը որոշակիօրէն մեղմացած է, որովհետեւ Ռուսիան հանդէս եկած է իբրեւ երաշխաւոր»:

Հռոմի պապը նաեւ համոզում յայտնած է, որ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է եւ պէտք է միշտ պահպանուի իբրեւ փոխըմբռնման եւ խաղաղութեան ճամբայ:

«Երկխօսութեան կարելիութիւնը պէտք է բոլորին տրուի, որովհետեւ միշտ կայ երկխօսութեան միջոցով բան մը փոխելու կարելիութիւն, երկխօսութեան ժամանակ կարելի է այլ տեսակէտ ներկայացնել, այլապէս պիտի փակենք դէպի խաղաղութիւն տանող վերջին դուռը», ըսած է Ֆրանչիսկոս պապը:

Նախորդը

«Ռուսիան Նպատակ Ունի Հայաստանի Հետ Կապերը Զարգացնել Եւ Տնտեսական Խնդիրները Լուծել, Ասոնք Միայն Գեղեցիկ Խօսքեր Չեն» Կ՛ըսէ Օվերչուք

Յաջորդը

Ազրպէյճան Հայաստանին Յանձնեց 32 Զոհուած Զինուորներու Դիակներ

RelatedPosts

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ.  «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր,  Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»
Հայկական

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ. «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր, Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?