Ազրպէյճանի գերիներու, անհետ կորսուածներու եւ պատանդներու հարցերով պետական յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ շաբաթ օր հայկական կողմին յանձնած են 12-14 սեպտեմբերին սահմանին վրայ զինուորական բախումներուն ընթացքին զոհուած 32 հայ զինուորներու դիակներ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած է այս տեղեկութիւնը:


