Ռուսիան նպատակ ունի Հայաստանի հետ կապերը զարգացնել եւ գործնականին մէջ լուծել տնտեսական խնդիրները, ասոնք միայն գեղեցիկ խօսքեր չեն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, որ Երեւան եկած է` մասնակցելու Ռուս-հայկական 9-րդ միջշրջանային խորհրդաժողովին:
«Այսպիսի ներկայացուցչական պատուիրակութեամբ մենք այստեղ հասած ենք` ընդգծելու Հայաստանի հետ մեր պատմական մտերմութիւնը եւ մեր ժողովուրդներուն ու տնտեսութիւններուն միջեւ կապերը զարգացնելու եւ ամրապնդելու ցանկութիւնը:
«Խնդիրը Ռուսիոյ եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած տնտեսական խնդիրներու գործնական լուծումն է, անոնք ոչ թէ գեղեցիկ խօսքեր են, ոչ տեսութիւն եւ ոչ խոստումներ, այլ իրական աշխատանք` ի շահ մեր երկիրներու ժողովուրդներուն», նշած է Ռուսիոյ փոխվարչապետը:
Ան աւելցուցած է, որ կողմերը հետեւողականօրէն եւ անընդհատ կ՛աշխատին «բոլոր մակարդակներուն վրայ Ռուսիոյ մարզերուն մէջ եւ Հայաստանի մարզերուն մէջ, գործարար եւ փորձագիտական համայնքներուն մէջ, պետական կառոյցներուն մէջ»:


