Քրեմլին յոյս յայտնած է, որ ՀԱՊԿ-ի խումբը այս շաբաթ պիտի հասնի հայ-ազրպէյճանական սահման, այդ նիւթը պիտի քննարկուի Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին ընթացքին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Մենք յոյսով ենք, որ այս շաբաթ (ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ) Զասի գլխաւորած տեսչական խումբը, այնուամենայնիւ, պիտի հասնի սահման, որպէսզի այնուհետեւ պատրաստէ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն համար իր զեկուցումը: Իսկ վաղը տեղի պիտի ունենայ նախագահ Ալիեւի հետ հանդիպում, ուր, ի հարկէ, ատիկա եւս պիտի ըլլայ օրակարգի առաջին կէտը», ըսած է ան:


