– Երբ Ճշմարտութիւնը Կը Գերագնահատուի. Անպարկեշտութեան Առաւելութիւնները
– Արհեստական Քաղցրացնողները Արդեօք Վնասակա՞ր Են Ձեր Սրտին
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Երբ Ճշմարտութիւնը Կը Գերագնահատուի.
Անպարկեշտութեան Առաւելութիւնները
Սուտն Ու Խաբէութիւնը Լուծումը Չեն` Բացի Հետեւեալ Պարագաներէն.
Հիմնական Կէտեր
- Եթէ կ՛ուզէք, որ ուրիշներ ձեզի վստահին, ձեր կողմէ ըսուած որեւէ մէկ սուտ պէտք է դրդուած ըլլայ անոնց օգնելու բարենպաստ մտադրութեամբ, եւ ոչ թէ` վնասելու:
- Ուրիշին հետ ռազմավարութեամբ եւ նրբանկատօրէն խօսիլը ե՛ւ քաղաքավարի է, ե՛ւ ռազմավարական շահաւէտ յարաբերութիւններ ունենալու:
- Կը յանձնարարուի ստել ոեւէ մէկուն, երբ անոր ցաւալի ճշմարտութիւնը ըսելը չի նպաստեր իրեն:
Այս յօդուածը չի քաջալերեր կեղծիքը: Սովորաբար ուրիշը խաբելը վիրաւորական է, ոչ բարոյագիտական եւ, երբեմն, ակնյայտօրէն անօրինական:
Այնուամենայնիւ, այս յօդուածը մտածել կու տայ, թէ արդեօ՞ք առանց լաւ մտածելու ու խորհելու, լաւ է կիսուիլ նիւթ մը, լուր մը կամ իրականութիւն մը, որ կրնայ չափազանց անհանգստացնել ու վախցնել մէկը կամ վիրաւորական ըլլալ անոր համար: Այստեղ է, որ նրբամտութիւնը, դիւանագիտութիւնը եւ, ամենաշատը, կարեկցանքը պէտք է ուղղութիւն տան ձեր վարքագիծին:
Մեծ թիւով յարաբերութիւններ խարխլուած են կամ խզուած` անգիտակցաբար կիսուելով բանով մը, որ դիմացինը իրականութեան մէջ պէտք չունէր գիտնալու, եւ այդ անուղղելի վնասը կրնայ հասնիլ ուղղակի դիմացինին, անոր հետ ունեցած ձեր յարաբերութեան կամ ձեզի` մասնաւորապէս:
Այնուամենայնիւ, բարեփոխման ու որակաւորման կարգով, առիթ տուէք նախ համառօտ ձեւով ակնարկեմ խաբեբայական հաղորդակցութեան բազմաթիւ վնասներէն քանի մը հատին:
Ստելու բացասական կողմերը
- Սուտը, երբ ան սերտօրէն կը վերաբերի բացառապէս ձեր սեփական շահերուն վրայ կեդրոնանալուն, առանց մտահոգուելու, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ուրիշներու վրայ ազդել նման անտարբերութիւն, միանգամընդմիշտ կը սպաննէ յարաբերութիւնը կամ կը խզէ կապը, երբ ան բացայայտուի:
- Սուտը ճնշում կը բանեցնէ ձեր վրայ, որպէսզի յիշէք այն, ինչ նախապէս յօրինած էք: Յաճախ կը մոռնաք, թէ ի՛նչ ըսած էք, եւ յանկարծ հակասական բան կը յայտնէք` խախտելով դիմացինին ձեր հանդէպ ունեցած վստահութիւնը:
- Ճշմարիտ ըլլալը սովորաբար աւելի քիչ սթրես կը պատճառէ, քան` ստելը: Հետազօտութիւնները փաստօրէն ցոյց տուած են, որ ստելը կապուած է աւելի շատ գլխացաւերու եւ, ընդհանրապէս, տարբեր հիւանդութիւններու յառաջացման հետ:
- Պատիժէն խուսափելու համար ստելը կրնայ յանգիլ շատ աւելի ծանր հետեւանքներու, քան` ճշմարտութիւնը ըսելը, եթէ պարզուի, որ սուտը խօսուած է միայն սխալ վարքի մը պատճառով պատասխանատուութեան ենթարկուելէ խուսափելու համար:
- Նոյն ձեւով, սուտ խօսիլը` պաշտպանելու համար ուրիշը, որուն վարքագիծը իսկապէս պատիժ կը պահանջէ, իրականութեան մէջ կրնայ համարուիլ ոչ թէ ընկերային նպատակ հետապնդող արարք, այլ` մէկուն օգուտը ուրիշին վրայ գերադասում. բան մը, որ օգուտ չի բերեր հասարակութեան:
- Ուրիշներու յարգանքը կամ հիացմունքը շահելու համար ձեռքբերումները ուռճացնելը կամ կեղծելը կրնայ անմիջական հաւանութիւն ստանալ, բայց ի վերջոյ նման նարկիզական խարդախութիւնը կրնայ լարել ուրիշները, երբ անոնք գիտնան, որ դուք կը գերադասէք ձեր անձը իրենց նկատմամբ:
- Ստելը կրնայ դառնալ սովորութիւն եւ կախուածութիւն: Երկար ժամանակի վրայ անընդհատ ստելը կրնայ ձեզ հեռացնել ուրիշներէ եւ ձեզ անեղծութենէ զրկել:
Մէկ խօսքով, եթէ կ՛ուզէք, որ ուրիշները վստահին ձեզի, որեւէ սուտ, որ դուք կ՛ըսէք, պէտք է անոնց օգնելու բարենպաստ մտադրութեամբ ըլլայ, եւ ոչ թէ անոնց վնասելու համար: Ու նաեւ, անոնք պէտք է բարոյագիտականապէս «չէզոք» ընկալելի ըլլան:
Սուտին շատ քիչ քննարկուած դրական կողմերը
Հետեւեալ կէտերը բոլորն ալ կը վերաբերին այլոց հանդէպ բարի, քաղաքավարի եւ «հոգեւոր առատաձեռնութեամբ» մարդասիրութեան:
Ինչպէս` «Ըրէ այն, ինչ որ կ՛ուզես, որ ուրիշները քեզի ընեն» խօսքին մէջ, այստեղ նաեւ կը պահանջուի համամարդկային մօտեցում, որովհետեւ նման հարցեր կրնան բարոյապէս ընկալուիլ որպէս ոչ միանշանակ:
«Միտումն է կարեւորը». վարքի մը յարաբերական առաքինութիւնը գնահատած ժամանակ կարեւոր է գնահատել խնդրոյ առարկային մտադրութիւնը: Արդեօ՞ք այդ մէկը բարեգործութիւն է, թէ՞ եսասիրութիւն ու եսակեդրոնութիւն կայ անոր արարքին մէջ, թերեւս` նոյնի՛սկ հոգեկան հիւանդութեան աստիճան: Եթէ պատճառը առաջինն է, մենք կրնանք զայն անուանել «ճերմակ սուտ»:
Եկէք` նշենք քանի մը օրինակներ, որոնք կրնան դասակարգուիլ որպէս «առաքինի սուտ», երբ ստելը կրնայ գովելի եւ բարոյագիտականօրէն արդարացուած ըլլալ.
- Երբ կը հաւատաք, որ մէկու մը ստելը կամ անկէ ճշմարտութիւնը ծածկելը կը պաշտպանէ զայն զգալէ ցաւ մը, որ իրականութեան մէջ չի կրնար ծառայել կամ նպաստել անոր աճին ու հասունութեան. այստեղ նախընտրելի է սրտագին, խուսափողական վերաբերմունք մը ցուցաբերել: Իմ սեփական դարմանատնային աշխատանքէն օրինակ մըն էր կնոջ մը օգնութիւն ցուցաբերելս` յաղթահարելու համար իր կողակիցին բոլորովին անսպասելի մահուան պատճառով վիշտը: Աւելի հեռու անցեալին, ամուսինին հետ անձնական հանդիպման ժամանակ, վերջինս ինծի հետ կիսուած էր իր ամուսնութեան ընթացքին գաղտագողի գործերու իր պատմութիւնները: Թէեւ ես կնոջ հետ խօսած ատեն դժուարութեամբ կրնայի կանխել այդ գիտելիքներուն մուտքը դէպի իմ գիտակցութիւն, սակայն չկրցայ գտնել լաւ պատճառ մը մարդուն անցեալի դաւաճանութիւնները անոր բացայայտելու համար: (Այսինքն երբեմն ճիշդ է այն իրականութիւնը, որ կ՛ըսէ` «Այն, ինչ որ մարդը չի գիտեր, չի կրնար վնասել իրեն»):
- Երբ ժամանակի ճնշման պատճառով դիմացինին համար եղելութիւնը փոխելը դժուար է, եւ ճշմարտութիւնը խօսիլը կրնայ վնասակար ըլլալ իրեն համար, կամ վատ ձեւով կ՛արթնցնէ իր ինքնագիտակցութիւնը: Օրինակ, երբ ձեր ամուսինը, որ արդէն չափազանց ուշացած է խնճոյքի մը, ինքնաշարժին մէջ նստած, ջղայնացած կը հարցնէ, թէ ինչպէս է այսօրուան իր արտաքին տեսքը, եւ դուք նկատած էք, որ ան բաւականին անպատշաճ հագուած է այդ առիթին համար: Հաւանաբար շատ աւելի լաւութիւն ու գթութիւն ըրած կ՛ըլլաք, եթէ ըսէք իրեն, որ անոր արտաքին տեսքը պարզապէս «լաւ է», քան թէ ըսել ճշմարտութիւնը, երբ երեսուն մղոն հեռու էք տունէն ու ետդարձի ճամբան առնելու համար համարեա ուշ է արդէն:
- Բոլորին ծանօթ «Տգեղ իրականութիւն» հասկացողութիւնը գրեթէ միշտ այպանելի ազնուութիւն մըն է, որովհետեւ այդ մէկը համարձակութիւն մըն է, որ գրեթէ նման է ուրիշին վէրքին վրայ բռնարարութեամբ աղ ցանելուն: Յատկապէս եթէ մարդը ունի թերութիւն կամ խոչընդոտ, որուն դիմաց ոչինչ կրնայ ընել (օրինակ` դէմքի ակնյայտ խալը, կամ շփոթեցուցիչ մկաններու ոչ կամային կծկումները, թոթովանքը):
Եթէ այդպէս է, ինչո՞ւ ուշադրութիւն դարձնել անոնց:
Այսպիսով, եթէ չէք կրնար օգնել այդ անհատին` խուսափելու իրավիճակէ մը, որ կրնայ շեշտել անոր թերութիւնը կամ սահմանափակուած ըլլալը, աւելի լաւ է չանդրադառնալ անոնց: Անոնց բան մը յիշեցնելը, որուն մասին իրենք տեղեակ են եւ անյարմար կը զգան կամ կ՛ամչնան անոր պատճառով, պարզապէս ստորութիւն է: Եւ եթէ զանազան պատճառներով իրենք բացայայտօրէն խնդրեն ձեր կարծիքը, թէ ի՞նչն է իրենց արտաքինի կամ ներկայութեան անհաճոյ կողմերը, պէտք է արձագանգէք անոնց կարելի եղածին չափ նրբանկատօրէն, նուազագոյն վիրաւորական ձեւով: Եւ եթէ նոյնիսկ այդ մէկը կարելի չէ, դիմեցէք «ճերմակ սուտի»:
- Դուք կրնաք մէկու մը առաջարկել այն, ինչ որ կը համարէք «կառուցողական քննադատութիւն»: Բայց այստեղ եւս, եթէ անձին եսը բաւականաչափ ուժեղ չէ զայն ընդունելու համար` առանց զգալու մերժուելու կամ ձախողման անհանգստացնող խայթոցը, կը յանձնարարուի չյայտնել ձեր անբարենպաստ գնահատականը, կամ ներկայացնել ձեւով մը, երբ աւելի քիչ հաւանական է, որ բարոյալքուի եւ նսեմացնէ իր գործունէութիւնը:
Այսպիսով, եթէ ձեր նոր աշխատակիցը անսովոր ձեւով դանդաղ կը սորվի իր պաշտօնին հիմնական սկզբունքները, զինք քննադատելու փոխարէն` կրնաք ըսել. «Գիտե՞ս, աննախադէպ ու նոր գործի մը տիրապետելը ժամանակ կը պահանջէ»: Յետաձգեցէք այդ քննադատութիւնը մինչ այս նոր մարտահրաւէրներուն յարմարելու իր բաւարար ժամանակ ունենալը: Զանոնք լաւագոյնս դրդելու համար աւելի արդիւնաւէտ կերպով կիրարկեցէք անոնց առաջադրանքները:
Դուն քեզ խաբել
Կայ բան մը, որուն մասին տակաւին չանդրադարձայ. այդ ինքնախաբէութիւնն է: Ես կը փակեմ յօդուածս` աւելցնելով, որ ուրիշներուն «դրականօրէն» խաբելու ընտրողական չափանիշները չեն համապատասխաներ ինքնախաբէութեան: Որովհետեւ, եթէ կը փափաքիք ապրիլ լիարժէք կեանք եւ ունենալ հարուստ ու գոհացուցիչ յարաբերութիւններ, պէտք է բացայայտէք ձեր իսկական եսը` ձեր խոցելի կէտերուն հետ միասին: Ինչպէս Մարթա Պեք յայտնեց. «Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր կեանքը լաւ ընթանայ, դուք ձեզի միմիայն ճշմարտութիւնը ըսէք, ամբողջական ճշմարտութիւնը եւ ոչ այլ որեւէ բան` ճշմարտութենէ բացի»:
Ընդհակառակը, երբ դուք անպարկեշտ ըլլաք ձեր անձին հանդէպ, դուք ձեզ կը զգաք խաբեբայ մը, կարծէք դիմակաւորած էք ձեւի անձը, եւ որեւէ յաջողութիւն, որ ունեցած էք, կեղծ եղած է: Այսպիսով, դուք հանգիստ պիտի չզգաք:
Նախապէս դուք թերեւս կրնայիք «շրջանցել» նման իրականութիւններ` արգիլելով ձեր գերքննադատող ծնողներուն ազդեցութիւնը, պաշտպանելով ձեր յարաբերութիւնները եւ նուազագոյնի հասցնելով ձեր խոցելի կողմերը: Այդքան երկարատեւ ու լայնածաւալ պաշտպանութիւնը, սակայն, կը հեռացնէ ձեզ այն անձէն, որ իրականութեան մէջ դուք էք: Եւ այդ «խաչագող»-ի (impostor) զգացումը լուրջ վնաս կը հասցնէ ձեր անձնական ամբողջականութեան:
Այսպիսով, անկախ անկէ, թէ ձեր անհատականութեան եւ գործունէութեան մէջ կան փոփոխելի տարրեր, զորս դուք կրնաք եւ կը ցանկաք փոխել` ձեր անձը, ընդունիլ այնպէս, ինչպէս որ է, անհրաժեշտութիւն մըն է անոր համար:
Որպէս ինքնութեան հիմնական խնդիր, նման խաբէութիւն շարունակելով, լաւ վերաբերած չէք ըլլար ձեր անձին հետ: Եթէ այդպէս վարուիք, ձեր էապէս կեղծ յարաբերութիւնները, ինչպէս ձեր, նոյնպէս ալ ուրիշներուն համար քիչ բաւարարուածութիւն կը պատճառեն: Եւ ստելով ու ձեր արժանապատուութիւնը զոհաբերելով ի վերջոյ չէք կրնար ունենալ ներքին խաղաղութիւն մը, որ երկար ժամանակ փնտռած էք:
Այսպիսով, ի վերջոյ կը բացայայտէք, որ ազնուութիւնն ու անկեղծութիւնը կը մնան լաւագոյն քաղաքականութիւնները:
ԼԷՈՆ ՍԵԼՑԸՐ
Աղբիւր` Psychology Today
Արհեստական Քաղցրացնողները
Արդեօք Վնասակա՞ր Են Ձեր Սրտին
Արհեստական քաղցրացնողները բոլորին ծանօթ նիհարնալու միջոց են, սակայն ֆրանսացի հետազօտողներ կ՛ենթադրեն, որ անոնք կրնան նաեւ աւելցնել սրտի կաթուածի վտանգը:
Այս բացայայտումը կը բխի մօտ մէկ տասնամեակի ընթացքին Ֆրանսայի մէջ աւելի քան 103.000 տղամարդոց եւ կիներու սիրտի առողջութեան հետեւելու արդիւնքէն:
«Նկատեցինք, որ արհեստական քաղցրացնողները չափազանց օգտագործումը կապ ունի սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգին հետ», կ՛ըսէ հետազօտութեան հեղինակ, Ֆրանսայի Առողջապահութեան եւ բժշկական հետազօտութիւններու ազգային հիմնարկի եւ Սորպոնի Փարիզի Նորտ համալսարանի սննդային համաճարակաբանութեան հետազօտական խումբի տնօրէն Մաթիլտ Թուվիէ:
NutriNet-Santé խումբի մասնակիցներուն մօտաւորապէս 80 տոկոսը կիներ էին (միջին տարիքը` 42): Ուսումնասիրութիւնը սկսած է 2009 թուականին` սերտելու արհեստական քաղցրացնողները սնունդի եւ առողջութեան միջեւ կապը:
Սկիզբը 10 մասնակիցներէն գրեթէ չորսը յայտնեցին, որ իրենք կանոնաւոր կերպով կ՛օգտագործէին արհեստական քաղցրացնողներ, որոնց կարգին` ասփարթամը, սուքրալոզը եւ ասեսուլֆամը: Անոնք զանոնք կ՛աւելցնէին սնունդի կամ խմիչքի, ինչպէս նաեւ վերամշակուած արտադրանքներու մէջ (ինչպէս` պահածոյ սննդեղէններ):
Անոնք, որոնք կը յայտնէին, որ կ՛օգտագործեն նման քաղցրացնողներ, մեծ մասամբ աւելի երիտասարդներ էին, նուազ գործունէութիւն ունեցող, ծանր կշիռքի տէր, գիրնալու հաւանականութիւն ունեցող, ծխողներ եւ սննդակարգի հետեւողներ: Անոնք նաեւ հակուած էին աւելի շատ կարմիր միսի, կաթնամթերքի, աղի եւ առանց շաքարի ըմպելիքներու: Անոնք աւելի քիչ ալքոլ կը խմէին եւ աւելի քիչ պտուղ ու բանջարեղէն, աւելի քիչ ածխաջրեր ու ճարպեր եւ ընդհանուր առմամբ աւելի քիչ քալորիներ կը սպառէին:
Այնուհետեւ մասնակիցներուն սրտի առողջութեան հետեւած են եւ համեմատած զանոնք` միջին հաշուով ինը տարի:
Այդ ընթացքին յառաջացած է աւելի քան 1500 սրտի խնդիր, որոնց կարգին` կրծքավանդակի ուժեղ կծկումներ, լանջացաւ (angina) եւ/կամ փակուած զարկերակներու լայնցնելու վիրահատութեան անհրաժեշտութիւն:
Քալորիականութեան վերահսկման խորհուրդը, որ կը ներկայացնէ արհեստական քաղցրացնողներու արդիւնաբերութիւնը, չէ արձագանգած մեկնաբանութիւն մը ներկայացնելու խնդրանքին:
Թուվիէ եւ իր խումբը շեշտեցին, որ իրենց աշխատանքը վերջնականապէս չ՛ապացուցեր, որ քաղցրացնողներն ուղղակիօրէն կը վնասեն սիրտի առողջութեան, այլ` միայն այն, որ այդ երկուքին միջեւ կապ մը կայ:
«Այդ պէտք է կասեցնէ մարդիկը` հաստատուն եզրակացութիւններու յանգելէ», կ՛ըսէ Սենթ Լուիսի սնունդի եւ սնուցման խորհրդատու Քոնի Տիքման:
«Ուսումնասիրութիւններու մեծ մասին հետ կապուած մարտահրաւէրը պատճառահետեւանքային արդիւնքներու չգոյութիւնն է: Նոյն պարագան այստեղ է,- ըսաւ Տիքման: Ոչ սննդարար քաղցրացնողներուն նայելով` դժուար է պարզել, թէ որքանո՛վ անոնք պատճառ կը դառնան հիւանդութեան»:
Որպէս օրինակ` ան մէջբերեց մասնակիցներուն սննդակարգի եւ առողջական սովորութիւններուն սեփական նկարագրութիւնը:
«Հեղինակները կը նշեն, որ աւելի շատ ոչ սննդարար քաղցրացնողներ սպառողները ունէին աւելի բարձր BMI [մարմնի ճարպի չափանիշ` հիմնուած հասակի եւ ծանրութեան վրայ], աւելի շատ կը ծխէին, ունէին աւելի քիչ ֆիզիքական գործունէութիւն եւ կ՛ուտէին աւելի շատ նատրիոմ ու կարմիր միս, աւելի քիչ պտուղներ եւ բանջարեղէն», նշած է Տիքման:
Ան նաեւ ընդգծեց «փոխզիջման» գործօնը հաշուի առնելու կարեւորութիւնը, երբ մէկը, օրինակ, պաղ թէյ խմելու համար կ՛օգտագործէ ոչ քալորիականութեամբ քաղցրացնողները, կրնայ այնուհետեւ պատճառաբանել գաւաթ մը պաղպաղակ ուտելը:
Մինչ հեղինակներ կ՛ըսէին, որ վտանգը որոշած ժամանակ հաշուի առած են նման գործօններ. Տիքման վերապահումներ ունէր:
«Կրնա՞նք մենք իսկապէս որոշել, թէ ինչպէ՛ս մէկ փոփոխական տարրը կ՛ազդէ մարմնի առողջութեան վրայ», ան հարցուց: «Պատասխանը` ոչ»:
Այսուհանդերձ, եթէ արհեստական քաղցրացնողները իսկապէս անհանգստութիւն կրնան յառաջացնել սրտին համար, ապա` ինչո՞ւ այդ մէկը:
Հեղինակ Շառլոթ Տեպրա, որ դոկտորականի թեկնածու է Ֆրանսայի Առողջապահութեան եւ բժշկական հետազօտութիւններու ազգային հիմնարկին եւ Սորպոնի Փարիզի Նորտի համալսարանին մէջ, առաջարկած է շարք մը հնարաւորութիւններ:
Մէկը նիւթափոխանակութեան համախտանիշի (metabolic syndrome) խթանումն է, որ կը ներառէ շարք մը պայմաններ, որոնք կը մեծցնեն սրտի կաթուածի վտանգը: Այդ գործօններու կարգին են` արեան գերճնշումը, արեան բարձր շաքարը, գիրութիւնը եւ բարձր քոլեսթրոլը:
«Մէկ այլ հնարաւոր ձեւ մըն է արհեստական քաղցրացնողներու փոխազդեցութիւնը աղիքային քաղցր համի ընկալիչներուն հետ, որ կրնան ազդել ինսուլինի մակարդակին եւ շաքարի ներծծման վրայ», ըսաւ Տեպրա:
Արհեստական քաղցրացնողները կրնան նաեւ փոխել աղիքներու մէջ յայտնաբերուած մանրէներու կազմը, յառաջացնել համակարգային բորբոքում եւ անօթային վնասներ:
«Բայց այս բոլորը վարկածներ են, յատկապէս` փորձարարական հետազօտութիւններէ, որոնք պէտք է հաստատուին», ըսաւ Տեպրա:
Մինչդեռ Տիքման ըսաւ, որ ֆրանսական բացայայտումները չեն փոխեր իր սննդային առաջարկութիւնները:
«Կեդրոնացէք ընդհանուր առողջ սննդակարգի մը վրայ, խորհուրդ տուաւ ան: – Սպառեցէք աւելի շատ բուսական մթերքներ, աւելի նուազ իւղերով կենդանական սնունդ, եւ եթէ դուք կը սիրէք քաղցր բան մը, մտածեցէք չափաբաժիններու, օգտագործման յաճախականութեան մասին եւ փորձեցէք զանազանել ձեր օգտագործած քաղցրացնողներու տեսակները: Ոչ մէկ սննդամթերք կամ բաղադրիչ «վատ մթերք» է: Ահա թէ ինչպէս այս բոլորը կը միաւորուին ձեր օրուան սնունդի ծրագրին մէջ»:
Աղբիւր` drugs.com