Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միրզոյեան Եւ Ռիքըր Շեշտած Են Միացեալ Նահանգներու Դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հոլովոյթին Մէջ

Սեպտեմբեր 10, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 9 սեպտեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած համանախագահ, կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական  Ֆիլիփ Ռիքըրը: Ողջունելով հիւրը` Արարատ Միրզոյեան յաջողութիւն մաղթած է վերջինիս այս պատասխանատու պաշտօնին մէջ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող շարք մը հարցերու, միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին առնչուող հարցերու լայն շրջանակ մը: Շեշտուած է Միացեալ Նահանգներու` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկրի դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ: Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարարը ընդգծած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հիմնարկի ներուժի եւ փորձի օգտագործման կարեւորութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տեւական եւ համապարփակ լուծման պարունակին մէջ:

Արարատ Միրզոյեան անդրադարձած է 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներուն` այս պարունակին մէջ մատնանշելով հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու անյապաղ հայրենադարձման, ինչպէս նաեւ` ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Եւ Պրիւքսել Կ՛ողջունեն Հայ Գերիներու Հայրենիք Վերադարձը

Յաջորդը

Պաքուն Եւ Թեհրանը Քննարկած Են Իրանի Տարածքով Նախիջեւան Տանող Ճամբու Կառուցումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?