Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Եւ Պրիւքսել Կ՛ողջունեն Հայ Գերիներու Հայրենիք Վերադարձը

Սեպտեմբեր 10, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով ողջունեց հինգ հայ գերիներու Հայաստան վերադարձը:

«Մենք կ՛ողջունենք հայ ձերբակալուածներու հայրենիք վերադարձի մասին հաղորդումները, ինչ որ դրական զարգացում է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի խաղաղ հոլովոյթին համար: Յոյսով ենք, որ մնացեալ բոլոր ձերբակալուածները շուտով կը վերադառնան տուն, եւ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը կը շարունակեն քայլերու ձեռնարկել վստահութիւն ձեւաւորելու եւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները լուծելու համար», գրեց Փրայս:

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Ողջունելի է այսօր Ազրպէյճանի կողմէ հինգ հայ ձերբակալուածներու ազատ արձակման վերաբերեալ լուրը` 31 օգոստոսին Պրիւքսելի մէջ կայացած ղեկավարներու հանդիպումէն ետք: Կարեւոր մարդասիրական կեցուածք է, եւ յատկանշական է նաեւ, որ յանձնումը տեղի ունեցած է առանց միջնորդներու»:

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Մենք կ՛ողջունենք 31 օգոստոսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած քննարկումներէն ետք Պաքուի մէջ գտնուող եւս հինգ հայ պատերազմական գերիներու փոխանցումը: Փոխանցումը առաջին անգամ տեղի կ՛ունենայ երկկողմանի հիմերով, եւ ասիկա թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի արժանիքն է: Հիմնական առաջնահերթութիւնը բոլոր մարդասիրական խնդիրներու լուծումն է»:

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հինգշաբթի երեկոյեան հաղորդած էր, որ ազրպէյճանական կողմը Հայաստանին վերադարձուցած է հինգ պատերազմական գերիները:

Նախքան այդ, ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Ազրպէյճանի գերագոյն դատարանը «մեղմացուցած է Հայաստանի չորս քաղաքացիներու դատավճիռները եւ զանոնք ազատ արձակած»:

Այսպիսով, Ազրպէյճանէն հայրենադարձուած գերիներուն թիւը բարձրացաւ 155-ի:

 

Նախորդը

Խովայեւ Եւ Պայրամով Քննարկած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը

Յաջորդը

Միրզոյեան Եւ Ռիքըր Շեշտած Են Միացեալ Նահանգներու Դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հոլովոյթին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?