Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հիւրի կարգավիճակով պիտի մասնակցին Շենկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին: Այս մասին «Դիմատետր»-ի իր էջին վրայ գրած է Ուզպեքիստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Շերզոտ Ասատով:
Վեհաժողովին իբրեւ Շենկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան դէտ երկիրներու ղեկավարներ պիտի մասնակցին նաեւ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին եւ Մոնկոլիոյ նախագահ Ուխնաակին Խուրելսուխը:
«Յաջորդ շաբաթ Սամարքանտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Շենկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստը: Այս ձեռնարկը պիտի ըլլայ 2019 թուականէն ի վեր Շենկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան ղեկավարներու առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումը», գրած է Ասատով: