Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Գործարար, քաղաքական գործիչ եւ դիւանագէտ Պօղոս Նուպար փաշա նախնական ուսումը ստացած է տունը հրաւիրուած ուսուցիչներու միջոցով, այնուհետեւ ուսանած է Զուիցերիոյ եւ Ֆրանսայի համալսարանները եւ 1879-ին մեկնած է Կոստանդնուպոլիս, ուր ամուսնացած է թրքական արքունիքի յանձնակատար Յովհաննէս Տատեան պէյի աղջկան` Մարիի հետ: Զոյգը ունեցած է հինգ զաւակ` չորս որդի եւ մէկ դուստր:
Օրին մէկը Պօղոս Նուպար փաշա կը նկատէ, որ իր կինը միշտ նոյն հագուստով տունէն դուրս կ՛ելլէ: Երբ զարմանքով կը հարցնէ պատճառը, կինը կը պատասխանէ.
– Փաշա՛, քանի դեռ հազարաւոր գաղթական հայրենակիցներ եւ որբ մանուկներ ունինք, ամօթ է, որ ունենամ երկրորդ շրջազգեստ:
Մարի Նուպարը անշուշտ ամէն ինչ ունէր, բայց կ՛ապրէր իր ժողովուրդին ցաւերով: Մեր օրերուն դժուար է գտնել նման մարդիկ, որոնք դիմացինը կը գերադասեն իրենց սեփական եսէն:
Յիշողութեան Հետ Կապուած
Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ
- Որոշ դեղեր կը վնասեն յիշողութեան:
Ճիշդ. յատկապէս` անթիտեփրեսէօր կոչուած տեսակները, որոնք հոգեկան անկումները դարմանելու կը ծառայեն. ասոնք կրնան տկարացնել յիշողութիւնը, բայց անգամ մը որ դարմանումը դադրեցուի, ամէն բան ընթացքի մէջ կը մտնէ:
- Յիշողութիւնը կը նուազի 20 տարեկանէն սկսեալ:
Ճիշդ. ամերիկեան ուսումնասիրութեան մը համաձայն, յիշողութիւնը նուազելու կը սկսի պատանեկութեան տարիներէն սկսեալ, միւս կողմէ` բառապաշարը եւ պերճախօսութիւնը կը զարգանան 70 տոկոսով:
- Օդանաւով յաճախակի ճամբորդութիւնները կը վնասեն յիշողութեան:
Ճիշդ. կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, օդանաւային ընկերութիւններու անձնակազմերը աւելի ենթակայ են յիշողութեան տկարութեան, քան ուրիշներ, սակայն կը կարծուի, որ ասիկա կրնայ պարզապէս անքնութեան հետեւանք ըլլալ:
- Ձուկ ուտելը կ՛օգնէ յիշողութեան:
Սխալ. այս շատ ընդհանրացած համոզումը գիտականօրէն փաստուած չէ: Միւս կողմէ, սակայն, ինչ որ օգտակար է մեր մարմնին, օգտակար է նաեւ մեր ուղեղին: Հետեւաբար երբեք պէտք չէ դադրիլ ձուկ ուտելէ:
- Առաւօտեան ժամերուն աւելի լաւ կ՛ըմբռնենք եւ կը յիշենք:
Ճիշդ. առտու լաւագոյն ժամանակն է սորվելու, մինչդեռ յետմիջօրէին մեր ուշադրութիւնն ու կեդրոնացումը կը նուազին:
- Սոյայի կաթը կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը:
Սխալ. հրաշք դեղ գոյութիւն չունի ուղեղին համար: Ուղեղը պէտք ունի 13 տեսակ կենսանիւթի, 15 հանքայինի եւ օլիկօ էլեմանի, 8 ասիտ ամինէի եւ 4 ճարպաթթուի: Այլ խօսքով, միայն այլազան եւ հաւասարակշռուած սննդառութիւն մը կրնայ ապահովել ուղեղին կատարեալ գործունէութիւնը:
- Խաչբառ լուծելը կը բարելաւէ յիշողութիւնը:
Սխալ. գիտնականները փաստած են, որ խաչբառ լուծելը կամ ոտանաւորներ գոց սորվիլը ոչ մէկ ձեւով յիշողութիւնը կը զօրացնեն. բայց եւ այնպէս, ընթերցումը ու մտաւորական որոշ աշխատանքներ թոյլ չան տար, որ ուղեղը ծուլանայ:
- Ոգելից ըմպելիները կը վնասեն յիշողութեան:
Ճիշդ. ոգելից ըմպելիներու չարաշահումը տարիներու վրայ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ յիշողութեան վրայ:
- Հանգիստ, խոր քունը անհրաժեշտ է յիշողութիւնը պահպանելու համար:
Ճիշդ. քունի ընթացքին է, որ ուղեղը կը զտէ օրուան դէպքերը: Անկանոն եւ ընդհատուած քունը կ՛արգիլէ, որ յուշերը ամրապնդուին:
- Ընկճախտը մոռացութիւն կը պատճառէ:
Ճիշդ. ծանր ընկճախտը կը վնասէ յիշողութեան: Կարճատեւ, թեթեւ ընկճախտը յիշողութիւնը կը տկարացնէ կարճ ժամանակի վրայ, հետեւաբար անցողիկ կ՛ըլլայ:
- Հաւկիթը կը բարելաւէ յիշողութիւնը:
Ճիշդ. ամերիկացի գիտնականներ կը պնդեն, որ հաւկիթի պարբերաբար օգտագործումը կրնայ կանխել յիշողութեան կորուստի գործընթացը: Գիտնականները այս երեւոյթը կը բացատրեն անով, որ հաւկիթը կը պարունակէ 2 տեսակի անթիօքսիտաններ, որոնք դրական անդրադարձ կ՛ունենան մարդու մտաւոր կարողութիւններուն վրայ:
Հանգստացնող Եւ Թուլցնող
Մարզանք
Այս վարժութիւնը կարելի է կատարել օրուան որեւէ ժամու, բայց նախընտրաբար` երեկոյեան, եթէ կ՛ուզէք հանգստանալ, թուլնալ եւ արագ քունի անցնիլ:
Ոտքերը Դէպի Վեր Դիրք
Զայն իրականացնելու համար հարկաւոր է հնարաւորինս մօտ կռթնիլ պատին` գտնուելով յատակին դրուած մահճակալի կամ գորգի հարթ մակերեսի վրայ, որպէսզի յարմարաւէտ զգաք:
Բարձրացուցէք ձեր ոտքերը եւ տեղադրեցէք փակցուցէք պատին` 90 աստիճան անկիւն կազմելով:
Ուսերն ու կոնքերը նոյն մակարդակին վրայ` թոյլ պահեցէք ձեր ուսերը, իսկ ձեռքերը ազատօրէն դրէք յատակին` ափերը դէպի վերեւ կամ վար:
Եթէ ձեր վիզին բաժինը անհանգիստ է, գլանաձեւ ծալուած անձեռոց կամ բարձ մը զետեղեցէք: Ոմանք փոքրիկ բարձ մը կամ գլան մը կը զետեղեն մէջքի ստորին հատուածին կամ յետոյքին տակ: Գտէ՛ք ձեզի ամենայարմար դիրքը:
Ձեր հայեցողութեամբ, այս դիրքով մնացէք 5-20 վայրկեան:
Վարժութեան աւարտին ծունկերը ծալեցէք դէպի կրծքավանդակ, գլորուեցէք աջ կողմի վրայ եւ քանի մը խոր շունչ քաշելով` պառկեցէք: Ապա քիչ-քիչ ձեռքերն ու ոտքերը հրելով` ոտքի ելէք:
Այս վարժութիւնը կատարելու 6 համոզիչ պատճառներ
1) Կը բարելաւէ մարսողութիւնը:
2) Կը դարմանէ ոտքերու այտուցը:
3) Կը խթանէ արեան շրջանառութիւնը:
4) Կը հանգստացնէ ջղային համակարգը:
5) Կը դարմանէ մէջքի ցաւը:
6) Կը պակսեցնէ ընկճախտը:
Սննդագէտին Կարծիքով
Պատրաստ Թացանները
Ո՞վ կ՛երեւակայէ տապկուած գետնախնձորը առանց քեչափի, սուշին` առանց սոյա սոսին, կաղամբի աղցանը` առանց մայոնեզի, եւ այսպէս շարքը շատ երկար է…
Շուկան շիշերով վաճառուող թացանները մեր օրերուն նոյնքան փնտռուած են, որքան` աղն ու սեւ համեմը: Մեր ուտելիքներուն համ եւ բոյր հաղորդող այս թացաններէն կարելի չէ հրաժարիլ, սակայն, եկէ՛ք, ծանօթանանք անոնցմէ իւրաքանչիւրին ջերմուժի արժէքէն եւ չչարաշահենք անոնց սպառումը: Եւ այսպէս, իւրաքանչիւր մէկ ապուրի դգալը համարժէք է`
- Քեչափ` 23 ջերմուժի
- Պալսամիք քացախ` 13 ջերմուժի
- Մանանեխ (մութարտ` 5 ջերմուժի
- Հանի մասթըրտ` 50 ջերմուժի
- Մայոնեզ` 103 ջերմուժի
- Հաթ սոս` 4 ջերմուժի
- Պարպըքյու սոս` 10 ջերմուժի
- Սոյա սօս` 8 ջերմուժի
- Կարլիք սօս` 80 ջերմուժի
Խոհագիր
Կաղամբով Լազանիա
Իտալական խոհանոցի ամէնէն յայտնի ուտեստներէն մէկն է լազանիան: Այս ուտեստին մէջ կ՛օգտագործուին խմորաշերտեր, որոնք կարելի է փոխարինել կաղամբի տերեւներով, ինչ որ աւելի թեթեւ եւ առողջապահական կը դարձնէ զայն:
Բաղադրութիւն
– Միջակ չափի կաղամբ մը
– 1 բաժակ լոլիկի թացան
– 2 գլուխ սոխ
– 3 պճեղ սխտոր
– 300 կ. կովու յօշած միս
– Կէս փունջ ազատքեղ
– 2 հաւկիթ
– 200 մլ կաթ
– 50 կ հալող պանիր
– Աղ, սեւ պղպեղ, մշկընկոյզ
– Բուսական ձէթ
Պատրաստութիւն
Կաղամբին կոթը կտրել, հանել եւ զայն մխրճել եռացող ջուրով լեցուն կաթսայի մէջ: Փափկած տերեւները անջատել եւ փոխադրել քամոցի մէջ:
Սոխը մանրել եւ բուսական ձէթի մէջ տապկել, աւելցնել յօշած միսը եւ շարունակել տապկել: Լոլիկի թացանը աւելցնել խառնուրդին վրայ, ապա` ճզմուած սխտորն ու մանրուած ազատքեղը: 5 վայրկեան եւս եփել:
Փուռ գացող ափսէի մը յատակը ձէթով ծեփել. կաղամբի շերտերով ծածկել, աւելցնել միսի խառնուրդը եւ գործողութիւնը կրկնել քանի մը անգամ ու աւարտել կաղամբի շերտերով:
Փոս ամանի մը մէջ հաւկիթներն ու կաթը հարել, համեմել աղով, պղպեղով եւ մշկընկոյզով. ստացուած թանձրուկը թափել լազանիային վրայ, երեսը ծածկել տաշուած պանիրով եւ 25-30 վայրկեան եփել 180 ջերմաստիճանով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
***
Արեւն արթնացաւ, արեւը մեզ ի՜նչ,
Նա մեզ չի բերում իր շողերը ջինջ,
Մեր վրայ մռայլ կամարն է հեգնում,
Անսիրտ մեքենան ելնում ու ընկնում:
Գիշերն է իջնում հեզ ու հանդարտիկ,
Գազանն է ննջում, ննջում են մարդիկ,
Անվերջ կարիքն է մեր դուռը բախում,
Սովից մեր յոգնած սիրտը նուաղում:
Անվերջ աշխատիր, տանջուիր անդադար
Ու աշխատանքդ ուրիշի համար,
Բաւական է, վե՛րջ. մենք էլ չենք ուզում
Սիրոյ երգ, անրջանք, վայելք ու յուզում,
Վեր կաց, իմ ընկեր, վեր կաց, մուրճդ ա՛ռ,
Նոր կեանք, նոր վայելք կռենք մեզ համար…
ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ