Պատժամիջոցներու պատճառով Ռուսիայէն հեռացած շարք մը ամերիկեան ընկերութիւններ չեն հաշտուած ստեղծուած կացութեան հետ եւ ուղիներ կը փնտռեն Ռուսիայէն ապրանքներ գնելու համար:
Թրքական իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին համաձայն, թուրք գործարարները պատմած են, որ ամերիկեան ընկերութիւնները իրենց կ՛առաջարկեն որոշակի միջնորդավճարի դիմաց Ռուսիայէն ապրանքներ գնել եւ Թուրքիոյ արձանագրութեամբ իրենց փոխանցել:
Կը նշուի, որ ամերիկեան ընկերութիւններու պահանջներուն մէջ գլխաւոր տեղը կը գրաւեն քարիւղաքիմիական արտադրանքը, թանկարժէք քարեր ու մետաղներ եւ այլն: